Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, զորս վարած են ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներ Մարքօ Ռուպիօն ու Արարատ Միրզոյեանը, հրապարակուած է ՀՀ-ԱՄՆ միացեալ յայտարարութիւնը՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրին վերաբերեալ։
Փաստաթուղթը պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ Երեւանը ԱՄՆ-ու կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող յատուկ ընկերութեան երկարաժամկէտ բացառիկ իրաւունքներ պիտի տրամադրէ երթուղիին նկատմամբ, որ Սիւնիքի մարզէն անցնելով պիտի կապէ Ազերպայճանը Նախիջեւանի հետ։ Համաձայնագրին հիմքը 2025 Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններն են։
Ռուպիոյի եւ Միրզոյեանի բանակցութիւններէն ետք հրապարակուած TRIPP-ի «իրականացման շրջանակ»-ին համաձայն՝ հայ-ամերիկեան միացեալ ընկերութիւնը պիտի կառուցէ երկաթուղի, ինքնաշարժի մայրուղի, ուժանիւթի մատակարարման գիծեր եւ այլ ենթակառոյցներ տարանցիկ միջանցքի երկայնքին, ինչպէս նաեւ առնուազն 49 տարի պիտի կառավարէ զանոնք եւ պիտի գանձէ անոնցմէ ստացուող եկամուտները։
«Հայաստան մտադիր է ԱՄՆ-ին առաջարկել TRIPP զարգացման ընկերութեան 74 առ հարիւր բաժնեմասը եւ իրեն պահել 26 առ հարիւրը», — նշուած է ութ էջնոց փաստաթուղթին մէջ։ «Կը սպասուի, որ այս համաձայնութիւնը երկարաձգուի 50 տարի եւս՝ Հայաստանի կառավարութեան յաւելեալ բաժնեմաս տրամադրելով, որմէ ետք անոր մասնաբաժինը պիտի հասնի 49 առ հարիւրի»։
Փաստաթուղթը կ՚ընդգծէ, որ Հայաստան պիտի ունենայ լիակատար «իրաւասութիւն սահմանային վերահսկողութեան եւ մաքսային գործառոյթներու նկատմամբ՝ TRIPP-ով իրականացուող առեւտուրի եւ տարանցման շրջանակէն ներս»։
«Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը սահմանային եւ մաքսային գործողութիւններու նկատմամբ բացարձակ են եւ անքննելի»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Նման հաւաստումներ տուած է նաեւ Ռուպիօ, երբ Միրզոյեանը Պետական քարտուղարութեան (Արտաքին նախարարութիւն) մէջ ընդունելէ անմիջապէս ետք կարճ մեկնաբանութիւն տուած է լրագրողներուն։
“Մէկ կողմէ [TRIPP-ը] կը բանայ Հայաստանը գործարարութեան առջեւ եւ թոյլ կու տայ անոր տնտեսապէս բարգաւաճիլ, բայց այդ մէկը կը կատարուի այնպէս, որ որեւէ կերպ չի խախտեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը”,– ըսած է Ռուպիօ։ “Հոս ինքնիշխանութեան խնդիր չկայ, ծրագիրը լիովին կը յարգէ զայն”։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ TRIPP զարգացման ընկերութիւնը մասնաւոր գործարկուներ (operators) պիտի վարձէ, որոնք պիտի մատուցեն «յաճախորդներու հետ առերես ծառայութիւններ», ի շարս որոնց՝ «փաստաթուղթերու նախնական հաւաքագրման ստուգում», ինչպէս նաեւ պիտի գանձեն տարանցման վճարներ բեռներու եւ ուղեւորներու համար։ Միեւնոյն ժամանակ հայ պաշտօնեաները պարտաւոր են «ֆիզիքական ներկայութիւն պահպանելու Հայաստանի բոլոր սահմանային եւ մաքսային հաստատութիւններուն մէջ», ընդունիլ «մաքսային վերջնական որոշումներ եւ ձեւակերպումներ» եւ իրականացնել «գաղթի վերահսկողութիւն»։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ «փաստաթուղթերու ելեկտրոնային ներկայացման եւ մշակման» մասին եւ կոչ կ՚ուղղուի կիրարկելու «տարբերակուած գործընթացներ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու համար, ներառեալ՝ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ»։
