ԱՄՆ յարձակեցաւ Վենեզուելայի վրայ 

Երկրին նախագահը՝ Մատուրօն եւ կինը ձերբակալուեցան ու Նիւ Եորք տեղափոխուեցան

Միացեալ Նա­հանգնե­րու նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամփ, որ դեռ քա­նի մը ամիս առաջ կը յա­ւակ­նէր Նո­պէլեան խա­ղաղու­թեան մրցա­նակին, Շա­բաթ, Յու­նուար 3-ի առա­ւօտեան պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարեց, որ ամե­րիկեան յա­տուկ ջո­կատա­յին­նե­րը յա­ջողու­թեամբ իրա­կանա­ցու­ցած են «Բա­ցար­ձակ վճռա­կանու­թիւն»(Operation Absolute Resolve) գոր­ծո­ղու­թիւնը եւ ձեր­բա­կալուած են Վե­նեզուելա­յի նա­խագահ Նի­քոլաս Մա­տու­րօն եւ անոր կի­նը՝ Սի­լիա Ֆլո­րեսը։

Ըստ Փեն­թա­կոնի աղ­բիւրնե­րուն՝ գոր­ծո­ղու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է Քա­րաքա­սի մէջ, ուր ամե­րիկեան «Delta Force» ընտրեալ ու­ժե­րը, օդու­ժի հա­րուած­նե­րու աջակ­ցութեամբ, մուտք գոր­ծած են նա­խագա­հական նստա­վայր։ Մա­տու­րօն եւ Ֆլո­րեսը նախ տե­ղափո­խուած են «USS Iwo Jima» ռազ­մա­նաւը, իսկ այնտե­ղէն օդա­յին ճամ­բով՝ Նիւ Եորք։

ԱՄՆ Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Փեմ Պոն­տի հաս­տա­տեց, որ զոյ­գին դէմ Նիւ Եոր­քի դա­տարա­նին մէջ մե­ղադ­րանքներ առա­ջադ­րուած են «թմրա-ահա­բեկ­չութեան» (narco-terrorisme), քո­քայի­նի ապօ­րինի շրջա­նառու­թեան եւ զէն­քի ապօ­րինի տի­րապետ­ման յօ­դուած­նե­րով։

Նա­խագահ Թրամփ, Ֆլո­րիտա­յի իր «Mar-a-Lago» կե­ցավայ­րէն կա­տարած յայ­տա­րարու­թեան մէջ, նշեց, որ Միացեալ Նա­հանգներ ժա­մանա­կաւո­րապէս պի­տի ստանձնէ Վե­նեզուելա­յի կա­ռավա­րու­մը՝ մին­չեւ իշ­խա­նու­թեան «խո­հեմ» փո­խան­ցումը։

Վե­նեզուելա­յի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կա­տարուածը որա­կեցին «առե­ւան­գում» եւ «կայ­սե­րապաշ­տա­կան յար­ձա­կում»՝ պա­հան­ջե­լով Մա­տու­րո­յի ան­յա­պաղ ազատ ար­ձա­կու­մը։ ՄԱԿ-ի ընդհա­նուր քար­տուղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րեշ մտա­հոգու­թիւն յայտնեց՝ զգու­շացնե­լով «վտան­գա­ւոր նա­խադէ­պի» մա­սին։

Յար­ձակման պաշ­տօ­նական պատ­ճա­ռը (կամ պատ­րուակը)՝ «թմրա-ահա­բեկ­չութիւ­նը» եւ «Արեւ­նե­րու Քար­թե­լը»

Միացեալ Նա­հանգնե­րու իշ­խա­նու­թիւննե­րը, գլխա­ւորու­թեամբ նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամ­փի, այս ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւնը հիմ­նա­ւորած են ոչ թէ քա­ղաքա­կան, այլ՝ քրէական եւ ազ­գա­յին անվտան­գութեան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով։

Ինչպէս վե­րը ըսինք, հիմ­նա­կան մե­ղադ­րանքը՝ «թմրա-ահա­բեկ­չութիւն»-ն է։ Որ­պէս իրա­ւական հիմք օգ­տա­գոր­ծուած է 2020-ին ԱՄՆ-ու Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­մէ Մա­տու­րո­յի դէմ ներ­կա­յացուած մե­ղադ­րանքը։ Ըստ Ուա­շինկթը­նի՝ Մա­տու­րօն կը ղե­կավա­րէ «Արեւ­նե­րու Քար­թել»-ը (Cartel de los Soles), որ «պե­տական մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծութեան խմբա­ւորում» մըն է։ Ան կը մե­ղադ­րուի գո­լոմ­պիական FARC ապստամբ խմբա­ւոր­ման հետ հա­մագոր­ծակցե­լու եւ տա­րինե­րէ ի վեր Միացեալ Նա­հանգնե­րը քո­քայի­նով «ողո­ղելու» յան­ցանքով, որ­պէս զէնք օգ­տա­գոր­ծե­լով թմրա­նիւ­թը ամե­րիկեան հա­սարա­կու­թեան դէմ։

Գոր­ծո­ղու­թեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը 

Փեն­թա­կոնի եւ զա­նազան աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն՝ «Բա­ցար­ձակ վճռա­կանու­թիւն» գոր­ծո­ղու­թիւնը սկսած է վե­նեզուելա­կան հա­կաօդա­յին պաշտպա­նու­թեան հա­մակար­գե­րու, ռազ­մա­կան օդա­կայան­նե­րու եւ հա­ղոր­դակցու­թեան հան­գոյցնե­րու ճշգրիտ ռմբա­կոծ­մամբ՝ կա­թուա­ծահար ընե­լու հա­մար բա­նակին դի­մադ­րութիւ­նը։ Այ­նուհե­տեւ, օդա­յին հա­րուած­նե­րուն զու­գա­հեռ, ամե­րիկեան յա­տուկ նշա­նակու­թեան ու­ժեր (են­թադրա­բար Navy SEALs կամ Delta Force), ուղղա­թիռ­նե­րով իջած են Քա­րաքա­սի նա­խագա­հական պա­լատին մէջ (Miraflores)։

Կը հա­ղոր­դուի, որ վե­նեզուելա­կան նա­խագա­հական պա­հակա­գունդին եւ ամե­րիկեան ու­ժե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած են բա­խումներ։ Կան զո­հեր վե­նեզուելա­կան կող­մէն, մինչ ամե­րիկեան կող­մը, ըստ նախ­նա­կան տուեալ­նե­րու, կո­րուստ չէ ու­նե­ցած։

Թրամփ յայ­տա­րարած է, որ այս քայ­լով ԱՄՆ վերջ դրաւ «ապօ­րինի բռնա­պետու­թեան մը, որ կը թու­նա­ւորէր ամե­րիկա­ցի երի­տասարդնե­րը»։ Ան աւել­ցուցած է նաեւ որ ԱՄՆ-ն պի­տի կա­ռավա­րէ Վե­նեզուելան։ 

Յի­շեց­նենք, որ Վե­նեզուելան աշ­խարհի ամէ­նէն հա­րուստ եր­կիրն է քա­րիւ­ղի պա­շար­նե­րու առու­մով։

* * *

«Ազա­տու­թեան ժա­մը հա­սաւ»,– յայ­տա­րարած է Վե­նեզուելա­յի ընդդի­մու­թեան ծա­նօթ պա­րագ­լուխ Մա­րիա Գո­րինա Մա­չատօ, որ ար­ժա­նացած էր Նո­պէլեան խա­ղաղու­թեան 2025-ի մրցա­նակին, Թրամ­փը զրկե­լով իր երա­զան­քէն։

* * *

Կ՚ար­ժէ յի­շել, թէ առանց դոյզն բար­դոյթի, ամօթ­խա­ծու­թեան զգա­ցու­մի, Թրամփ հա­մաշ­խարհայ­նօ­րէն յայ­տա­րարեց թէ գոր­ծո­ղու­թեան հե­տեւած է պաս­տա­ռին առ­ջեւ, բազկաթոռին մէջ թաղուած, «ֆիլ­մա­շարի մը հե­տեւե­լու պէս»։ 

Մենք եւս կը կար­ծէինք, թէ նման զար­գա­ցումներ ֆիլ­մե­րու յա­տուկ են, մոռ­նա­լով սա­կայն նա­խադէ­պերը, զորս ամե­րիկա­ցինե­րը ան­ցեալին ար­դէն մե­զի «պար­գե­ւած են», ի մի­ջի այ­լոց, քա­րիւ­ղով հա­րուստ այլ եր­կիրնե­րու մէջ։

* * *

Գո­լոմ­պիան կը պատ­րաստուի Վե­նեզուելա­յէն գաղ­թա­կան­նե­րու հա­ւանա­կան հոս­քին, յայ­տա­րարած է երկրի առաջ­նորդ Կուսթա­ւօ Փեթ­րօն։

Ար­ձա­գանգներ Ֆրան­սա­յէն

Վե­նեզուելա­յի մէջ ԱՄՆ-ու ռազ­մա­կան մի­ջամ­տութեան եւ նա­խագահ Մա­տու­րո­յի ձեր­բա­կալու­թեան լու­րը Ֆրան­սա­յի մէջ յա­ռաջա­ցուց եր­կա­կի ար­ձա­գանգ՝ Փա­րիզի զգու­շութեան կո­չը եւ քա­ղաքա­կան որոշ շրջա­նակ­նե­րու բուռն դա­տապար­տումը։

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը (Քէ տ՚Օր­սէ) ան­մի­ջապէս ար­ձա­գան­գեց ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան՝ հան­դէս գա­լով անվտան­գութեան հրա­տապ կո­չով։ Նկա­տի ու­նե­նալով իրա­վիճա­կին խիստ ան­կա­յուն եւ պայ­թիւնավ­տանգ բնոյ­թը՝ նա­խարա­րու­թիւնը «Վեր­ջին վայրկեան» ընդգծու­մով յա­տուկ զգու­շա­ցում հրա­պարա­կեց Քա­րաքա­սի մէջ գտնուող իր քա­ղաքա­ցինե­րուն հա­մար։ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նատու­նը խստիւ յոր­դո­րեց ֆրան­սա­ցինե­րուն մնալ իրենց տու­նե­րուն մէջ եւ հե­ռու մնալ պաշ­տօ­նական շէն­քե­րէն ու հա­ւաք­նե­րէն։

Միւս կող­մէ, Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան դաշ­տին մէջ, յատ­կա­պէս ձա­խակող­մեան ու­ժե­րը, խստիւ դա­տապար­տե­ցին նա­խագահ Թրամ­փի հրա­հան­գով իրա­կանա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւնը՝ զայն որա­կելով մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի կո­պիտ խախ­տում։

Ըն­կերվա­րական կու­սակցու­թեան (PS) առա­ջին քար­տուղար Օլի­վիէ Ֆօռ յայ­տա­րարեց, որ «ու­ժը չի կրնար փո­խարի­նել իրա­ւունքը»։ Ան նա­խազ­գուշա­ցուց, որ այս քայ­լը կրնայ «կա­նաչ լոյս» վա­ռել աշ­խարհի բո­լոր ինքնա­կալ­նե­րուն (autocrates) հա­մար եւ կոչ ուղղեց Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն՝ «ամե­նայն խստու­թեամբ» դա­տապար­տե­լու այս յար­ձա­կու­մը։

Ֆրան­սա­յի Հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան (PCF) ղե­կավար Ֆա­պիէն Ռու­սէլ իր կար­գին կա­տարուածը որա­կեց «բա­ցար­ձակ խայ­տա­ռակու­թիւն»՝ պնդե­լով, որ պա­տերազ­մին հիմ­նա­կան շար­ժա­ռիթը քա­րիւղն է։ Ան պա­հան­ջեց, որ Ֆրան­սան ան­յա­պաղ դի­մէ ՄԱԿ-ի Անվտան­գութեան խոր­հուրդին՝ կան­խե­լու հա­մար Լա­տինա­կան Ամե­րիկա­յի մէջ խա­ղաղու­թեան սպառ­նա­ցող վտան­գը։

Նա­խագահ Մաք­րո­նի ու­շա­ցած եւ Ձա­խին կող­մէ «ամօթ» որա­կուած հա­կազ­դե­ցու­թիւնը

Նման դէպ­քի մը հա­մար, նա­խագահ Մաք­րո­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը հա­սաւ բա­ւական ուշ՝ գրե­թէ մէկ օր ետք։

Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը Շա­բաթ, Յու­նուար 3-ի ուշ ժա­մերուն «ի գի­տու­թիւն» ըն­դունեց «Մա­տու­րո­յի բռնա­պետու­թեան» աւար­տը, որ­ով «Վե­նեզուելա­յի ժո­ղովուրդը», ըստ իրեն, կրնայ միայն «հրճուիլ»։ Կե­ցուածք մը, զոր «ամօթ» որա­կեցին ձա­խակող­մեան­նե­րը, որոնք Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը կը մե­ղադ­րեն Միացեալ Նա­հանգնե­րու նկատ­մամբ հա­ճոյա­կատա­րու­թիւն ցու­ցա­բերե­լու յան­ցանքով։

«Վե­նեզուելա­յի ժո­ղովուրդը այ­սօր ձեր­բա­զատած է Նի­քոլաս Մա­տու­րո­յի բռնա­պետու­թե­նէն եւ ատ­ով կրնայ միայն հրճուիլ։ Իշ­խա­նու­թիւնը բռնագ­րա­ւելով եւ հիմ­նա­կան ազա­տու­թիւննե­րը ոտ­նա­հարե­լով՝ Նի­քոլաս Մա­տու­րօ ծանր հա­րուած հաս­ցուց իր իսկ ժո­ղովուրդի ար­ժա­նապատ­ւութեան»,– գրած է պե­տու­թեան ղե­կավա­րը X-ի վրայ, առանց իր պատ­գա­մին մէջ ակ­նարկե­լու ամե­րիկեան այն յար­ձա­կումնե­րուն, որոնք յան­գե­ցու­ցին Վե­նեզուելա­յի նա­խագա­հին ձեր­բա­կալ­ման, նա՛եւ՝ զո­հերու, դեռ ամէն ինչ ստոյգ չըլ­լա­լով հան­դերձ։

Աշ­խարհի ար­ձա­գան­գը

«Միացեալ Նա­հանգնե­րը զի­նուած յար­ձակման արարք մը գոր­ծեց Վե­նեզուելա­յի դէմ։ Սա խո­րապէս մտա­հոգիչ է եւ պէտք է դա­տապար­տուի»,– յայ­տա­րարեց Ռու­սաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը։

Իրա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը եւս խստիւ դա­տապար­տեց Քա­րաքա­սի վրայ հա­րուած­նե­րը՝ յայ­տա­րարե­լով, որ «ԱՄՆ-ու յար­ձա­կու­մը Վե­նեզուելա­յի վրայ ՄԱԿ-ի կա­նոնադ­րութեան հիմ­նա­կան սկզբունքնե­րու ակնյայտ խախ­տում է»։

Թուրքիան եւս աջակ­ցութիւն յայտնեց Վե­նեզուելա­յին։ «Ցե­ղաս­պան ԱՄՆ-ն, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ մար­դասպան Իս­րա­յէլի հետ կը շա­րու­նա­կէ իր կայ­սե­րապաշ­տա­կան աւա­զակու­թիւնը՝ յար­ձա­կելով Վե­նեզուելա­յի վրայ։ Մենք կանգնած ենք Վե­նեզուելա­յի ժո­ղովուրդին եւ նա­խագահ Մա­տու­րո­յի կող­քին։ Այս աւա­զակու­թիւնը պէտք չէ ան­պա­տիժ մնայ»,– ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ գրած է Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւոր խորհրդա­կան Ճե­միլ Էր­թեմ։

Հռո­մի պա­պը Կի­րակի, Յու­նուար 4-ին յայ­տա­րարեց, թէ «Վե­նեզուելան պէտք է մնայ ան­կախ եր­կիր»։

ՄԱԿ-ի Անվտան­գութեան խոր­հուրդը Վե­նեզուելա­յի հար­ցով ար­տա­կարգ նիստ պի­տի գու­մա­րէր Եր­կուշաբ­թի, Յու­նուար 5-ին։ 

ԱՄՆ-ու յա­ջորդ թի­րախը Կրէօն­լա՞նտն է

Ար­դեօք Սպի­տակ տու­նը աշ­խար­հը կը պատ­րաստէ ԱՄՆ-ու 51-րդ նա­հան­գի ծնունդի՞ն։ Ար­դա­րեւ, Սպի­տակ տան աշ­խա­տակազ­մի ղե­կավա­րի տե­ղակալ Սթի­վէն Միլ­լե­րի կի­նը՝ Քեյ­թի Միլ­լեր հրա­պարա­կած է նկար մը, ուր Կրէօն­լանտի քար­տէ­սը կը ներ­կա­յացուի ամ­բողջու­թեամբ ամե­րիկ­եան դրօ­շի գոյ­նե­րով։

Քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­նե­րու կար­ծի­քով՝ սա յստակ նա­խան­շան մըն է, որ նա­խագահ Թրամփ կը պատ­րաստուի կրկին օրա­կարգ բե­րելու կղզին գնելու իր հին ծրա­գիրը։ Եթէ Վե­նեզուելա­յի պա­րագա­յին գոր­ծի դրուեցաւ ռազ­մա­կան ու­ժը, ապա Կրէօն­լանտի պա­րագա­յին՝ այս քար­տէ­սը կրնայ ըլ­լալ նա­խեր­գանքը «դա­րու գոր­ծարքին», զոր Թրամփ շա­տո՜նց կ՚երա­զէ իրա­կանացնել։

Նշենք, թէ այս կղզին կը պատ­կա­նի Դա­նիոյ թա­գաւո­րու­թեան։ Կրէօն­լանտը ու­նի քա­րիւ­ղի, բնա­կան կա­զի եւ մա­նաւանդ՝ հա­զուա­գիւտ հո­ղերու ու ռազ­մա­վարա­կան հան­քա­նիւ­թե­րու հսկա­յական պա­շարներ։ ■