Մինչ Հայաստան սկսած է ջանքեր գործադրել իր տարածքը պատրաստելու տարածաշրջանային ապաշրջափակման եւ TRIPP ծրագրի իրագործման համար, լուրջ խնդիրներ ծագած են երկաթուղային ցանցի կառավարիչին՝ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան հետ, որուն քոյր ձեռնարկութիւնը՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ն կը տնօրինէ հայկական երկաթուղիները։ Եւ անցեալին կնքուած պայմանագիրը կը նախատեսէ այդ գործարքը շարունակել մինչեւ 2038 թուական։

Արդարեւ, «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը գտնուի սնանկութեան եզրին։ Անոր պարտքը գերազանցած է 50 միլիառ տոլարը (4 թրիլիոն ռուբլի), ինչ որ ստիպած է կրճատել աշխատակազմը եւ վաճառքի հանել Մոսկուայի կեդրոնատեղին։ Ռուս վերլուծաբաններ եւ նախկին պաշտօնեաներ կը նշեն, որ բացի պատերազմական վիճակէն, ընկերութիւնը կը տառապի ահաւոր եղծանումէ (corruption), ուր գողութիւնները կը հասնին միլիառներու։

Փաշինեանի առաջարկը Մոսկուային 

Նկատի ունենալով այս վիճակը՝ վարչապետ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Վլատիմիր Փութինին յայտնած է, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է արագ վերականգնել ենթակառոյցները։ Վարչապետը շեշտած է, որ եթէ ռուսական կողմը ի վիճակի չէ այդ ընելու, Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է ետ առնելու երկաթուղիի կառավարման իրաւունքը։

Պայմանագրի լուծարման կարելիութիւնը 

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմը կրնայ վաղաժամ լուծարքի ենթարկել պայմանագիրը։ Թէեւ կան որոշ ֆինանսական պարտաւորութիւններ, սակայն փաստաթուղթը ճկուն է եւ թոյլ կու տայ փոխադարձ համաձայնութեամբ վերանայիլ կէտերը։ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-էն հաստատած են, որ գոյքը կը պատկանի Հայաստանին եւ կառավարութեան որոշումով կարելի՛ է վերադարձնել անոր կառավարումը։

***

Խնդի­րը միայն դրա­մական չէ, այ­լեւ՝ թեք­նիք։ «Ռու­սա­կան եր­կա­թու­ղի­ներ» ըն­կե­րու­թիւնը ծանր հա­րուած ստա­ցաւ, երբ արեւմտեան պատ­իժնե­րուն պատ­ճա­ռով գեր­մա­նական «Siemens» ըն­կե­րու­թիւնը դադ­րե­ցուց հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։ Սա կը նշա­նակէ, որ ռու­սա­կան կող­մը այ­լեւս չի կրնար հայ­թայթել ար­դիական գնացքնե­րու անհրա­ժեշտ պա­հես­տա­մասե­րը։ Հե­տեւա­բար, Հա­յաս­տա­նի մէջ խոս­տա­ցուած ներդրումնե­րը ոչ միայն ֆի­նան­սա­պէս անկարելի են, այ­լեւ ֆի­զիքա­պէս՝ անի­րագոր­ծե­լի, քա­նի որ Մոս­կո­ւան ինքն իսկ սար­քա­ւորումնե­րու լուրջ պա­կաս ունի։

Սա եւս խորհրդածութեան տեղիք կու տայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան ստիպուած է այլընտրանքներ փնտռելու։