Ազերպայճանի շինծու նոր ամբաստանութիւնը՝ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ազերպայճան նոր ամբաստանութեամբ կը մեղադրէ Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։

Ան այժմ կ՚ամբաստանուի նաեւ արտասահմանի մէջ ազերպայճանցի դիւանագէտներու դէմ «Նեմեսիս-2» ահաբեկչական գործողութեան նախաձեռնելու մեղադրանքով։

Նշենք, թէ վերջին դատական նիստին Ռուբէն Վարդանեան յայտարարած է, թէ կը հրաժարի ազերպայճանցի պաշտպանէն եւ անոր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ միայն պայմանագրով իր փաստաբան Ապրահամ Պըրմըն։

Խեղկատակ դատավարութեան յաջորդ նիստը տեղի կ՚ունենայ Փետրուար 17-ին։