« Courrier International » շաբաթաթերթը Փետրուար 13-ի իր թիւով կը հաղորդէր, թէ Պաքուի Ռուսական տունը փակուած է՝ Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ լարումի ենթախորքին վրայ։
Ազերպայճանական իշխանութիւնները կը մեղադրեն Ռուսաստանը իր դիրքորոշման համար՝ Դեկտեմբեր 25-ին պատահած օդանաւային աղէտէն ետք, երբ հրթիռ մը հարուածեց «Ազերպայճան Էյռլայնզ»-ի օդանաւ մը։ Պաքուի Ռուսական տան փակումը խորհրդանիշ մըն է երկու դրացիներու յարաբերութիւններու վատթարացման։
Եւ քանի որ խօսքը խորհրդանիշի մասին է, նշենք որ ազերպայճանական APA լրատու գործակալութիւնը՝ Չորեքշաբթի, Փետրուար 12-ին հրապարակեց իրավիճակը կատարելապէս խորհրդանշող լուսանկար մը. ան ցոյց կու տար Ռուսական տունը՝ առանց իր ցուցատախտակին եւ ուր անոր ապակեայ ճակատը կ՚երեւէր դատարկ ներքին բաժինով մը։ Վարչականօրէն ռուսական դաշնակցային «Ռոսսոտրուտնիչեսթվօ»-ի կողմէ ղեկավարուող այս կառոյցին պաշտօնական առաքելութիւնն է արտասահմանի մէջ տարածել ռուս մշակոյթը եւ լեզուն. անոր ազերպայճանական մասնաճիւղը Պաքուի մէջ կը գործէր 1997-էն ի վեր։
«Այս կազմակերպութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ Ազերպայճանի օրէնսդրութիւնը», – կը գրէր APA-ն (Հետաքրքրական է, որ ատոր անդրադարձեր են 28 տարի ետք)։ Սակայն, BBC-ի ռուսալեզու ծառայութիւնը կը նշէ, թէ իշխանութիւններուն հաւատարիմ ազերպայճանական լրասփիւռները ռուսական այս կազմակերպութիւնը կը մեղադրեն միջամտութեան մէջ, մինչ միեւնոյն ժամանակ ԱՄՆ-ու ՄԶԳ-ն (USAID) եւս ստիպուած եղած է հեռանալ երկրէն։
Փետրուար 12-ին, ազերպայճանական APA լրատու գործակալութիւնը այս փակումը կը հաղորդէր վերոնշեալ խորագրին ներքոյ եւ հետեւեալ տողերով.
«Պաքուի Ռուսական Տունը հրապարակեց յայտարարութիւն մը այս կապակցութեամբ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ “Ազերպայճանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան պահանջին ի պատասխան՝ «Ռոսսոտրուտնիչեսթվօ»-ի ներկայացուցչական գրասենեակը՝ Պաքուի Ռուսական տունը, կը կատարէ քայլեր՝ իր գործունէութիւնը դադրեցնելու համար”։
Նշենք, որ այսօր Ռուսական տան ռուսերէն ցուցատախտակը վերցուեցաւ Պաքուի այն շէնքէն, ուր կը գործէր գրասենեակը։
Աւելցնենք, որ Ազերպայճան նամակ մը յղած է Ռուսաստանի՝ Ռուսական տան գործունէութեան դադրեցման վերաբերեալ։ Ռուսական կողմը տեղեակ պահուելէ ետք, որ Ռուսական տեղեկատւութեան եւ մշակոյթի կեդրոնը՝ Ռուսական տունը, որ կը հանդիսանայ «Ռոսսոտրուտնիչեսթվօ»-ի ներկայացուցչութիւնը Ազերպայճանի մէջ, չունի իրաւաբանական անձի կարգավիճակ եւ կոպտօրէն կը խախտէ ազերպայճանական օրէնսդրութիւնը, Փետրուար 3-ին ռուսական կողմին ուղարկուեցաւ նամակ մը՝ վերջ դնելու համար անոր գործունէութեան»։
***
Ռուսական մշակոյթի այս տուները, որոնք ներկայ են շատ երկիրներու մէջ, ծանօթ են ոչ միայն ռուսական մշակոյթը տարածելու իրենց առաքելութեամբ, այլեւ կը գործեն իբրեւ ռուսամէտ քարոզչութեան կեդրոններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։