Ֆրանսայի Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան հետ գործակցութեան ծիրէն ներս եւ անոր նիւթական աջակցութեամբ ֆրանսերէնի թարգմանուած եւ ձայնագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի (ՀՑԹ) ձայնային ուղեցոյցներուն (audioguides) համար պատրաստուած գրութիւնները:
Այսուհետեւ Թանգարանի ֆրանսախօս այցելուները ձայնային ուղեցոյցներու միջոցաւ առիթը պիտի ունենան ինքնուրոյն ծանօթանալու թանգարանային ցուցադրութեան: Նկատի առնելով, որ անոնց թիւը շատ մեծ է, ֆրանսերէն ձայնային ուղեցոյցներու գործարկումը խիստ անհրաժեշտ էր եւ կարեւոր:
Նշենք, թէ Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան հետ գործակցութիւնը սկսած է 2020 թուականին, որուն ծիրէն ներս լոյս տեսած էր «Խոշտանգուած Հայաստան. Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին ֆրանսերէն հրատարակութիւնը:
Այս անգամ, դարձեալ Շրջանի նիւթական աջակցութեամբ հրատարակուած է ֆրանսահայ պատմաբան, ՀՑԹ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռեմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի ղեկավարութեան՝ աջակցութեան եւ գործակցութեան համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։