Հայաստանի եւ Թուրքիոյ երեսփոխաններուն հանդիպումը Վիեննայի մէջ, 2025 Փետրուար 20-ին
Ինչպէս հաղորդած էինք (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Փետրուար 22-ի թիւը), Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները Փետրուար 20-ին հանդիպում ունեցած էին Վիեննայի մէջ։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան, որ հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր, մերժած է մասնակցիլ սոյն հանդիպումին։ Ան «Ազատութիւն» լրասփիւռին ըսած է. “Չեմ կրնար ըսել թէ որո՛ւ նախաձեռնութիւնն էր հանդիպումը։ Տեղեկացուեցայ հանդիպման մասին եւ մերժեցի։ Իմ պաշտօնական ելոյթներուն մէջ (Փետրուար 19-ին եւ 20-ին) արտայայտած եմ իմ տեսակէտները երկու յարձակողական, ցեղասպան երկիրներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի մասին, ընդհանրապէս օգտագործելով ԵԱՀԿ-ի բոլոր հնարաւոր հարթակները”։
Նշենք, թէ Գալստեանի Փետրուար 19-ի ելոյթը ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին առջեւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Արցախի ութ նախկին ղեկավարներու եւ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած այլ հայ գերիներու շինծու դատավարութիւններուն։ Ան կոչ ըրած է վեհաժողովին՝ դէտեր ուղարկելու Պաքու՝ հսկելու դատավարութիւնները, զորս ան որակած է արդարութեան ծաղրուծանակ։
Հայկական պատուիրակութեան միւս անդամները, որոնք կը ներկայացնէին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, իրենց ելոյթներուն մէջ չեն անդրադարձած այս հարցին։ Փոխարէնը, անոնք խօսած են Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրին հասնելու Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն մասին։
Գալստեան ցաւ յայտնած է Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հարցին շուրջ անոնց լռութեան համար։ “Սա ամբողջութեամբ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութեան մաս կը կազմէ”,– ընդգծած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։