Փետրուար 23-ին, Ուաշինկթընի մէջ ՀՅԴ երիտասարդները հայ գաղութին հետ միասին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Ազերպայճանի դեսպանատան առջեւ՝ դատապարտելու համար Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի զանգուածային ջարդերուն 37-րդ տարելիցը։
Գաղութի անդամները հաւաքուած են՝ պահանջելու միջազգային հանրութենէն քայլերու ձեռնարկել Ազերպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու համար՝ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումներուն, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու ազատ արձակման կապակցութեամբ։
Ցոյցի մասնակիցները բազմաթիւ պաստառներ պարզած են՝ «Կանգնեցուցէ՛ք ազերպայճանցիներու դաժանութիւնը», «Յիշեցէ՛ք Սումկայիթը, պահանջեցէ՛ք արդարութիւն», «200 հայ պատանդ կը խոշտանգուի» եւ շարք մը այլ գրութիւններով։
Բողոքի ցոյցը աւարտած է զոհերու յիշատակին եւ հայ գերիներու ազատ արձակման համար բարձրացուած աղօթքով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։