ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Ուրուկուայցի բեմադիրներուն յանձնուած է Երեւանի մէջ շահած իրենց մրցանակը

Ուրուկուայցի բեմադիրներ Վալենթինա Քուակլիոթթիի եւ Կասթոն Մարթինեզի «Արմատները աւազի մէջ» ժապաւէնը Երեւանի՝ «Կին» 21-րդ միջազգային փառատօնին արժանացած էր «լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին։

Փետրուար 12-ին, նշեալ արուեստագէտները հրաւիրուած են Ուրուակուայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն, ուր դեսպանուհի Մարիամ Գէորգեան եւ Երեւանի փառատօնի դատակազմի անդամ «Սինեմաթեք Արմենիա»-ի հիմնադիր Ժագ Պօղոսեան անոնց յանձնած են մրցանակը։