Վարչապետ Փաշինեանի՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ փարիզեան հանդիպումի գլխաւոր ուղերձը եղաւ Հայաստանի կառավարութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան նոր ռազմավարութեան գաղափարախօսական շրջադարձը։ Զուիցերիոյ ու ԱՄՆ-ու հայ համայնքներու հետ հանդիպումին ալ ան նոյն ուղերձը յղած էր ու խիստ քննադատութեան արժանացած։ Առանց ընկրկելու, Վարչապետը նորէն պնդեց «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան շրջադարձի էական նշանակութեան վրայ։
Սակայն Փարիզի մէջ վարչապետի բանաձեւումը ունէր շատ աւելի գրգռիչ բնոյթ։ Ան, 3-րդ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու գաղափարախօսութիւնները նոյնացուց ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան հետ. «Եկել եմ մի եզրակացութեան, որ Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան հիմնադրման առաջին օրից, մենք չենք նկատել, որ ՀՀ-ում կար ընդամէնը մէկ կուսակցութիւն, դա ՀՅԴ-ն էր, իրականում եղել է մէկ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւն»։ Ճիշդ է, որ ներկայ կառավարութեան քաղաքականութեան հակառակող կուսակցութիւններուն գլխաւորը կը մնայ ՀՅԴ-ն, որ հրաժարելով իր ընկերվարական գաղափարախօսական արժէքներէն, կառչած մնացած է միայն ազգայնական գաղափարախօսութեան։ Գաղափարախօսութիւն մը, որուն Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները եւ Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան քիչ թէ շատ բոլոր կուսակցութիւնները դաւանած են, նոյնիսկ հայաստանեան սովետամէտ ու ռուսամէտ կուսակցութիւնները։ Միւս կուսակցութիւններուն համար անկասկած վիրաւորական է վարչապետին կողմէ նման նոյնականացում, յատկապէս աւանդական կուսակցութիւններուն համար, որոնք Սփիւռքի մէջ երկար տարիներ իրարու չեն հանդուրժած, յա՛տկապէս Սովետական Հայաստանի նկատմամբ մէկզմէկու դիրքորոշման պատճառաւ։
Յատկանշական է վարչապետին խօսքին մէջ ինքնաքննադատութիւնը, երբ նոյնիսկ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը կը նոյնացնէ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան հետ. «Եղել է ՀՀՇ – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, եղել է “Քաղաքացիական պայմանագիր” (ՔՊ) կուսակցութիւն – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, այսինքն՝ ՀՀ-ում, ըստ էութեան, գործող բոլոր կուսակցութիւնները գործել են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ներքոյ։ ՀՀՇ-ին թուացել է, որ իրենք աւելի լաւ դաշնակցական են, քան՝ իսկական դաշնակցականները։ ՔՊ-ին թուացել է, որ մենք աւելի լաւ դաշնակցական ենք, քան՝ իսկական դաշնակցականները»։
Զինք քննադատողներն ու վարկաբեկողները եւ «Իրական Հայաստան»-ի ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի գաղափարախօսութեան թերահաւատները վարչապետը քաղաքական գրոհի կ՚ենթարկէ Սփիւռքի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն ու քաղաքներուն մէջ, ամրապնդելու համար Հայաստանի պետականամէտ ռազմավարութիւնը, զայն հիմնաւորելու խաղաղութեան վրայ, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլայ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծել ու Հայաստանի անվտանգութիւնը կախեալ պիտի մնայ որեւէ օտար գերտէրութեան մը հովանաւորութենէն։
Հարց է թէ որքանո՞վ ճշմարտացի է նման գաղափարախօսութիւն, որ փաստօրէն Արցախէն հրաժարելու, Ցեղասպանութեան դատէն հրաժարելու, Հայաստանի 29.800 քառակուսի քմ.ով բաւականանալու քաղաքականութիւն է։ Բնականաբար արցախահայութիւնը, սփիւռքահայութիւնը ստիպուած չեն հետեւելու Հայաստանի կառավարութեան գաղափարախօսական ուղեգծին։ Վերջապէս արցախահայութիւնը եւ սփիւռքահայութիւնը ունին իրենց գոյապայքարի ուղին, որ ներկայ պայմաններուն մէջ չի համապատասխաներ Հայաստանի կառավարութեան անվտանգային ռազմավարութեան։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։