ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփ յայտարարած է, թէ իրենց համար Կրէօնլանտը ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն ունի, անհրաժեշտ է եւ ունի ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն։
Ան աւելցուցած է, թէ ներկայ պահուն այդ տարածքը ծածկուած է ռուսական եւ չինական նաւերով եւ թէ Եւրոպական Միութիւնն ալ կարիքն ունի, որ ԱՄՆ-ն ունենայ զայն։ “Եւ անոնք (ԵՄ-ը) գիտակից են այդ մէկուն”,– եզրակացուցած է Սպիտակ տան «վարձակալ»-ը։

Դանիոյ վարչապետը կոչ ըրած է Թրամփին դադրեցնելու Կրէօնլանտը գրաւելու սպառնալիքները
Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսէն ըսած է, որ «բացարձակապէս անիմաստ է խօսիլ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կրէօնլանտը գրաւելու անհրաժեշտութեան մասին»,– աւելցնելով. “ԱՄՆ իրաւունք չունի բռնակցելու Դանիոյ թագաւորութեան երեք երկիրներէն որեւէ մէկը”։ Ան Թրամփէն պահանջած է դադրեցնել Կրէօնլանտը գրաւելու սպառնալիքները։
Ֆրետերիքսէն յայտարարութիւնը տարածած է Թրամփի օգնականներէն մէկուն՝ Սթիվըն Միլլըրի կնոջ՝ Քէյթի Միլլըրի հրապարակումէն ետք, որուն անդրադարձած էինք։ Հրապարակման մէջ Կրէօնլանտի քարտէսը ներկուած էր ամերիկեան դրօշի գոյներով, իսկ լուսանկարին կից գրուած էր՝ «ՇՈՒՏՈՎ»։
***
Միւս կողմէ, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին յաւակնած Տանըլտ Թրամփ մինչ մէկ կողմէն կը յարձակի կամ «աչք կը տնկէ» աջ ու ձախ, միւս կողմէն ալ,– իրեն յատուկ «հեռատեսութեամբ»,– չի մոռնար ապահովել իր ապագայ որսերուն պաշարը։
Այսպէս, Վենեզուելայի եւ Կրէօնլանտի «թղթածրարները» արգելք չեն եղած, որ ան «մոռնայ» Իրանը։
Ակնարկելով այդ երկրին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող ցոյցերուն եւ անոնց ընթացքին պատահած բախումներու զոհերուն, որպէս «ծանօթ մարդասէր» յայտարարած է. “Եթէ անոնք [Իրանը] սկսին մարդիկ սպանել, ինչպէս անցեալին, ԱՄՆ անոնց շատ ուժգին հարուած պիտի հասցնէ։ Շատ ուշադիր կը հետեւինք”…։
