CCAF−ի ընտրութիւններուն դասերը

NH-logo

CCAF-ի Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ընտրու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ։ Ար­դիւնքը խղճա­լի է, յատ­կա­պէս մաս­նակցու­թեան հա­մեմա­տու­թիւնը՝ 0,32 %, որ կը ներ­կա­յաց­նէ 1587 քուէ՝ 500.000-ի վրայ, եթէ ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի թի­ւը այդքան հա­մարենք։

Այսքան ճղճիմ մաս­նակցու­թեան պատ­ճառնե­րուն մէկ մասը խոր­քա­յին է եւ հետեւանք՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու ան­կազմա­կեր­պու­թեան, ան­տարբե­րու­թեան եւ խո­րապէս մտա­ծուած ծրա­գրե­րու բա­ցակա­յու­թեան։ CCAF-ը, ըլ­լա­լով ներ­կա­յացուցչա­կան մար­մին մը, չէ ու­նե­ցած ան­կախ գրա­սենեակ, ո՛չ դրա­մագ­լուխ, ո՛չ տա­րեկան պիւտճէ, ո՛չ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն, ո՛չ մշա­կու­թա­յին եւ ո՛չ ալ կրթա­կան ծրա­գիր… Ո՛չ ալ կա­տարած է քա­րոզ­չութիւն, որ­պէսզի CCAF-ի մաս չկազ­մող հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րը քա­ջալե­րուին ան­դա­մագ­րուելու եւ անոր ներ­կա­յացուցչա­կանու­թեան աս­տի­ճանը զօրանայ։

Ար­դիւնքի նսե­մու­թիւնը կ՚առնչուի նաեւ CCAF-ի կա­նոնադ­րութեան բա­րեփո­խու­մին։ Այդ բա­րեփո­խու­մը կա­տարուեցաւ առանց հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րուն հետ խորհրդակ­ցե­լու եւ առանց հան­րա­յին քննար­կումի։ Մա­նաւանդ երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ այս ընտրու­թիւննե­րը կը վե­րաբե­րէին Ան­հատնե­րուն, պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ տեղի ունեցաւ ո՛չ մէկ շփում հայ հա­սարա­կու­թեան հետ, ո՛չ մէկ հար­ցա­խոյզ կատարուեցաւ՝ անոր կար­ծիքն ու ցան­կութիւննե­րը նկա­տի առ­նե­լու հա­մար։

Ինչ կը վերաբերի ար­դիւնքնե­րուն՝ սկիզ­բէն իսկ յստակ էր, որ « Unis pour l’Arménie » ցան­կը պի­տի շա­հէր, քա­նի որ անոր պա­րագ­լուխնե­րը ստանձնած են CCAF-ի հա­մանա­խագա­հու­թիւնը եւ ցան­կը կ՚ընդգրկէր Ֆրան­սա­յի եր­կու մե­ծագոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խագահ­նե­րը։ Զար­մա­ն­ալին այն է, սա­կայն, որ անոնք 1587-էն միայն 989 ձայն ապա­հո­վե­ցին։ Սա եւս կա­րեւոր ու ցա­ւալի ցու­ցիչ մըն է. ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի մե­ծագոյն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ան­դամնե­րը անտարբեր գտնուած են իրենց ղե­կավար­նե­րուն կազ­մա­կեր­պած ընտ­րու­թիւննե­րուն, մաս­նակցու­թեան կոչերուն եւ ներ­կա­յացու­ցած ծրա­գրին նկատ­մամբ։

Հա­մանա­խագահ­նե­րը գոհ են ար­դիւնքնե­րէն. անոնք մե­ծամաս­նութիւն ստա­ցած են, ինչ որ կ՚ամ­րապնդէ իրենց դիր­քը CCAF-ի Ազ­գա­յին խոր­հուրդին մէջ։ Անոնք ար­դէն կը տի­րապե­տէին Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ժողովին, իսկ հի­մա անոր աւել­ցաւ Ան­հատնե­րու ժողովը։

Այս ընտրու­թիւննե­րուն գլխա­ւոր նո­րու­թիւնն էր, ցան­կե­րուն՝ ապա­գային իրենց կի­րար­կե­լիք ծրա­գրե­րը առա­ջադ­րելը, բան մը, որ նա­խապէս գո­յու­թիւն չու­նէր։ Իսկ թէ անոնց բո­վան­դա­կու­թիւնը որ­քա՞ն հա­մոզիչ է, որ­քա՞ն գործնա­կան եւ որ­քա՞ն իրա­գոր­ծե­լի՝ ապա­գան ցոյց պիտի տայ։

Ինչ կը վերաբերի «Հա­մախմբել, կա­ռու­ցել, փո­խան­ցել» խմբա­կին, թէեւ ան փոք­րա­մաս­նութիւն կազ­մեց, սա­կայն յոյ­սը մեծ է, որ այս առա­ջին ժո­ղովրդա­վարա­կան քայ­լը ապա­գային դուռ պի­տի բա­նայ աւե­լի մեծ յա­ռաջ­դի­մու­թեան։ Ինչպէս ցան­կին հրապարակած հա­ղոր­դագրու­թիւնը կը նշէ. «Մե­զի վստա­հուած լիազօ­րու­թե­նէն քա­ջալե­րուած՝ CCAF-ի Ազ­գա­յին խոր­հուրդէն ներս մտա­դիր ենք բարձրաց­նե­լ վե­րանո­րոգու­մի ձայ­նը, որ սկսանք վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն։ Այս ծի­րին մէջ, մաս­նա­ւոր ու­շադրու­թիւն պի­տի դարձնենք ար­դիական կա­ռավար­ման հաս­տա­տու­մին, որ հիմ­նուած ըլ­լայ թա­փան­ցի­կու­թեան եւ մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու մէջ ըն­դունուած բա­րեվար­քութեան վրայ»։

Այս ընտրու­թիւննե­րուն տկա­րու­թիւննե­րու շար­քին պէտք է աւելցնել նաեւ միայն եր­կու ցան­կի մաս­նակցու­թիւնը։ 500.000 հա­շուող հա­մայնք մը վստա­հաբար ու­նի տար­բեր շա­հեր հետապնդող, քա­ղաքա­կան թե­քումներու եւ գու­նա­ւորումներու տէր խմբակ­ներ, ինչ որ սա­կայն, չար­տա­ցոլուեցաւ այս ընտրու­թեան ըն­թացքին։

Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ ընտրու­թիւն­նե­րուն շնոր­հա­ւորե­լի նո­րու­թիւննե­րէն էր Ընտրա­կան յանձ­նա­խումբի ստեղ­ծումն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ուղ­ղու­թեամբ յատ­կանշա­կան քայլ մը կը հա­մարուի։ 

Ժ.Չ. ■