Փետրուար 21-ին, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Հրաչեայ Աճառեան լեզուի հիմնարկին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է «Մայրենիի օր»-ուան առցանց համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցած է «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան։
Արդարեւ, 2005-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական տօներու ցանկին մէջ արձանագրած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հռչակած «Մայրենիի օր»-ը իբրեւ պաշտօնական տօն, իսկ 2013-էն ի վեր նմանօրինակ համագումարներ եւ տօնախմբութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Առցանց համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած են հայրենի եւ Սփիւռքի լեզուաբաններ, կրթական մշակներ եւ Հայոց լեզուի հարցերով զբաղող մասնագէտներ։ Շահան սրբազան համագումարին սկիզբը յանուն Արամ Ա. հայրապետին ողջունած է համագումարի կայացումը եւ անդրադարձած, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սփիւռքի մէջ, յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, տարածման եւ զարգացման գծով իր կատարած աշխատանքներով՝ հայ դպրոցներու ճամբով ու գրահրատարակչական մեծ վաստակով, միշտ ալ նպաստած է եւ կը շարունակէ նպաստել Հայոց լեզուի աշխուժացման։
Անցնող տարիներուն, Կաթողիկոսութիւնը համահայկական նմանօրինակ ծրագրերու իրականացման գծով ո՛չ միայն իր գործնական մասնակցութիւնը բերած է, այլեւ նախաձեռնած է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով մը, որ կը քննարկէ ներկայ պայմաններու մէջ արեւմտահայերէնը ուսումնասիրելու եւ սփիւռքահայ կեանքէն ներս զարգացնելու միջոցները։ Յիշեցնենք, թէ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն նաեւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը եւ Հայագիտական կեդրոնը, որոնք նոյն գծով մեծապէս կը սատարեն մայրենիի պահպանման եւ տարածման։
Սրբազան հայրը յիշեցուցած է, որ այս տարի Արամ Ա.ի տնօրինումով հռչակուած «Սփիւռքի տարի»-ին վերակազմակերպչական աշխատանքներու շրջագծին մէջ նկատի առնուած է բնականաբար արեւմտահայերէնի եւ Հայոց լեզուի ներկայ իրավիճակը, որ համապատասխան տնօրինումներ կատարելու հրամայականին առջեւ կը դնէ մեր բոլորը։
Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին առաջարկած է, որ լեզուաբաններ եւ քերականագէտներ պարտականութիւն ստանձնեն դիւրացնելու եւ հրապուրիչ դարձնելու համար Հայոց լեզուի ուսուցումը։