Դեկտեմբեր 20-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնի նախաշեմին, շուրջ մէկ տարի տեւած հիմնական նորոգութենէ ետք, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութիւնը։

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ եւ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Գիւլգիւլեանի առաջնորդութեամբ իրականացած է երկար սպասուած բացումը. հիմնովին նորոգուած Մայր եկեղեցին իր դռները բացած է հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ։
Եկեղեցին, որ կառուցուած էր 1957-ին, իր գոյութեան ընթացքին երբեք չէր ենթարկուած նման ծաւալուն եւ ընդգրկուն հիմնական նորոգութեան։

Վերաբացումի հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուհամմետ Շիա Սուտանին, պետական անձնաւորութիւններ, քաղաքական գործիչներ, քրիստոնէական եկեղեցիներու պետեր եւ Իրաքի մէջ ծառայող հոգեւորականներ։ Իրենց ներկայութեամբ արարողութիւնը պատուած են նաեւ Իրաքի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններ։
