2026-ը լաւ չսկսաւ։ Վե­նեզուելա­յի նախագա­հին եւ իր կ­նոջ առե­ւան­գումը երկրա­գունտի ամէնէն հզօր պե­տու­թեան, ազատ աշ­խարհի ու ժո­ղովրդա­վար պե­տու­թիւննե­րու մե­ծագոյն ներ­կա­յացու­ցչին կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի ամէնէն տար­րա­կան սկզբունքի ոտ­նա­կոխու­մով, Նոր տա­րուան մե­ծագոյն ու անսպասելի նուէրն էր աշխարհի ամ­բո­խավար ու բռնա­տիրա­կան պե­տու­թիւննե­րուն, ար­դա­րաց­նե­լու իրենց արարքներն ու մեղ­քե­րը։ 

Ամե­րիկեան յար­ձա­կու­մը «ան­տա­ռի օրէնք»-ը, զօ­րաւո­րի իրա­ւունքը կը դարձնէ մի­ջազ­գա­յին չա­փանիշ։

Իսկ Ս. Ծննդեան տօ­ներուն առ­թիւ, իբ­րեւ քրիս­տո­նէական ար­ժէքնե­րը դա­ւանող եր­կիր, կրօ­նական ու հո­գեւոր ար­ժէքնե­րը ժխտող անոր արար­քը յու­սա­խաբ կը դարձնէ եւ կ՚ապա­ցու­ցէ կրօ­նակա­նին, բա­րոյա­կանին եւ քա­ղաքա­կանին ան­հա­մատե­ղելիու­թիւնը։ Բնա­կանա­բար հարց կը յա­ռաջա­նայ թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ զո­հը։ Եւ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ճա­կատա­գիրը այն եր­կիրնե­րուն, որոնք ար­դէն տա­րինե­րէ ի վեր զոհ են յար­ձա­կումնե­րու եւ որոնց ինքնա­պաշտպա­նու­թեան մի­ջոց­նե­րը ան­բա­ւարար են։ 

Հա­յու­թեան հա­մար ալ հար­ցա­դրում­նե­րու նոր էջ մը կը բա­ցուի։ Որ­քանո՞վ կա­րելի է ապաւինիլ ԱՄ­Ն-ու խոս­տումնե­րուն։ Ան­ցեալ դա­րուն ու­նե­ցանք Հա­յաս­տա­նը տնօ­րինե­լու Ուիլ­սընեան հո­վանա­ւորու­թեան խոս­տումը, որ չի­րակա­նացաւ։ Ներ­կա­յիս ու­նինք Թրամ­փի ճա­նապար­հի ծրա­գիրը։ Որ­քա­նո՞վ ԱՄՆ-ն պի­տի յար­գէ իր յանձնա­ռու­թիւնը՝ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագրի ստո­րագ­րութեան նե­ցուկ հան­դի­սանա­լու, եթէ քա­րիւ­ղի եւ տնտե­սական ու ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծօններ յա­ռաջա­նան եւ աւե­լի շա­հագրգռեն Թրամ­փի վար­չա­կար­գը։ ԱՄ­Ն-ու քա­ղաքա­կանու­թիւնը ցոյց կու տայ որ ան կը շար­ժի «պե­տու­թիւննե­րը մշտա­կան դաշ­նա­կից­ներ չու­նին, այլ՝ մշտա­կան շա­հեր» սկզբունքով։ 

2020-ի պա­տերազ­մին, Հա­յաս­տան մարդկա­յին ու հո­ղային մեծ կո­րուստով զգաց իր ռազ­մա­վարա­կան դաշ­նա­կից Ռու­սաստա­նի կողմէ, իր շա­հերուն համար զո­հաբե­րման հե­տեւան­քը։ Այլ դաշ­նա­կից­ներ որո­նելու ճա­նապար­հին յայտնուեցան արեւմտեան եր­կիրներ եւ ԱՄՆ-ն, որոնց մէջ վերջինս կեդ­րո­նական կշիռ ու­նե­ցողնե­րէն է։ Ուա­շինկթընի մէջ Օգոս­տոս 8-ին խա­ղաղու­թեան դաշ­նագրի նա­խաս­տո­րագ­րութիւ­նը եւ Թրամ­փի ու­ղիի կա­ռուցման շուրջ յու­շա­գիր, կա­րեւոր ու յու­սադրիչ ձեռ­քբե­րումներ եղան։ Այ­սուհան­դերձ, Մա­տու­րո­յի առե­ւան­գումը լուրջ հար­ցադրումնե­րու եւ կաս­կա­ծի դուռ կը բա­նայ։ Որով­հե­տեւ իրա­կանու­թիւնը ցոյց կու տայ նաեւ որ ԱՄՆ-ն չի խնա­յեր նոյ­նիսկ ՕԹԱՆ-ի իր դաշ­նա­կից­նե­րուն ու դարձեալ կը խօսուի Կրէօն­լանտի տի­րապե­տելու մա­սին։ 

Հայ­կա­կան Սուրբ Ծննդեան նա­խօր­եակին տեղի ունեցած մի­ջազ­գա­յին այս զարգացումները մո­ռացու­թեան կը մատ­նեն պահ մը վե­րանա­լու, քա­ղաքա­կան տաղ­տուկէն ան­ջա­տուե­լու, կեդ­րո­նանա­լու առիթը մարդկու­թեան կեան­քին ամէնէն հրա­շալի պա­հերէն մէ­կուն՝ ծնունդի խոր­հուրդին վրայ։ Եւ դժբախ­տա­բար ամե­րիկեան յար­ձա­կու­մը ցոյց կու տայ այլ գայ­թակղե­ցու­ցիչ երե­ւոյթ մը՝ մարդկա­յին կեան­քին անար­ժէք դառ­նա­լը։ Նա­խագահ Մա­տու­րո­յի ձեր­բա­կալու­թիւնը աննկատ ձգեց յար­ձա­կու­մին զոհ գա­ցած մնա­ցեալ սո­վորա­կան մահ­կա­նացունե­րը՝ թիկ­նա­պահ­նե­րը, նախագա­հական պա­լատին մէջ գոր­ծող անձնա­կազ­մը, սպա­սաւոր­նե­րը… Այո՛, մարդկա­յին կեան­քը դար­ձած է անար­ժէք, յաչս նո՛յ­նիսկ քրիս­տո­նէու­թիւն դա­ւանող պե­տու­թեան մը, նո՛յնիսկ Ծնունդի շրջա­նին, որ մինչդեռ այն պա­հերէն է ան­ջա­տու­մի առիթ ստեղ­ծող, առօ­րեան իմաս­տա­ւորող խորհուրդ է։

Մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան նման զար­գա­ցումնե­րը Հա­յաս­տա­նը կը դնեն գո­յու­թե­նական լուրջ մար­տահրա­ւէրի առ­ջեւ, որ Ս. Ծննդեան առ­թիւ ալ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ ի յայտ եկաւ Վե­հափա­ռը հանգստեան կո­չելու տասը եպիս­կո­պոսի եւ վար­չա­պետի յայ­տա­րարած ճա­նապար­հա­յին քար­տէ­սով։ Մի­ջազ­գա­յին ծայ­ր աստի­ճան վտանգա­ւոր այս զար­գա­ցումնե­րը, Իրա­նի վրայ ԱՄՆ-Իս­րա­յէլ յար­ձա­կու­մի սպառ­նա­լիք­նե­րը իրա­պէս Հա­յաս­տա­նը կը դնեն նոյնպէս ծայ­ր աստի­ճան վտան­գա­ւոր դրու­թեան մը մէջ, որուն ի տես՝ պե­տակա­նամէտ ու ազ­գանպաստ ղեկավարներու իշ­խա­նու­թիւնը էական պայ­ման է պե­տու­թեան գո­յատեւման հա­մար։ Այս առու­մով 2026-ի ընտրու­թիւն­նե­րը կը կրեն էական նշա­նակու­թիւն եւ պե­տու­թիւն-եկե­ղեցի առ­ճա­կատու­մը պէտք է դի­տել այս են­թա­հողին վրայ։

Ժ.Չ. ■