Գրեց՝ Մէթր Ալեքսանդր Արմէն Գույումճեան

Վերստին դառ­նալ շի­նարար ժո­ղո­վուրդ. ահա­ւասիկ այն հսկա­յական մար­տահրա­ւէրը, որ կը սպա­սէ հա­յերուն։ Բայց զայն դի­մագ­րա­ւել ու­զե­լը, ար­դէն իսկ կը նշա­նակէ բաժ­նել այն հաս­տա­տու­մը, թէ մենք այ­լեւս այն ժո­ղովուրդը չենք՝ որ էինք, մեր նախ­նի­ներուն վե­րագ­րուող այդ որա­կը կոր­սուած ըլ­լա­լով մեր պատ­մութեան տուեալ մէկ պա­հուն։

Շի­նարար հա­յերը չէին կաս­կա­ծեր ո՛չ իրենց ընտրած ուղ­ղու­թենէն եւ ո՛չ ալ ճա­կա­տա­գ­րէն եւ զի­րենք հա­մակող յաւակ­նու­թիւ­նը իրենց գո­յու­թեան պայ­մանն էր, պա­տաս­խա­նա­տըւու­թեան զգա­ցու­մը՝ իրենց յա­ջողու­թեան բա­նալին։ Անոնք կա­ռուցեցին քա­ղաք­ներ եւ թա­գա­ւո­րու­թիւններ, Տիգ­րա­նի կայս­րու­թիւնը, բեր­դեր ու միջ­նա­բեր­դեր, եկե­ղեցի­ներ ու տա­ճար­ներ, այս բո­լորը վկա­յու­թիւններն են ան­ցեալի մե­ծու­թեան մը՝ որ խա­րիսխ նե­տած է հին եւ միջ­նա­դարեան պատ­մութեան մէջ եւ աւան­դուած՝ մարդկու­թեան։ Նաեւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իւ­րա­յատ­կութիւն մը՝ յա­տուկ լե­զուով մը եւ այ­բուբե­նով մը, հե­թանո­սական ապա քրիս­տո­նէական հա­ւատք մը, որ երբ մարմնա­ւորուած է եւ լիար­ժէք ապ­րուած, ներշնչած է լա­ւագոյ­նը։

Ո՞ր պա­հուն դադ­րե­ցանք շի­նարար­ ըլ­լա­լէ։ Այդ հար­ցին պա­տաս­խա­նելը կ՚իյ­նայ պատ­մա­բան­նե­րուն, բայց ըն­դունինք, որ Օս­մա­նեան, Պարսկա­կան եւ Ռու­սա­կան կայսրու­թիւննե­րուն տակ վեց դա­րէ աւե­լի են­թա­կայու­թիւնն է աղ­բիւրը մեր ազ­գա­յին հա­մախմբուածու­թեան քայ­քա­յու­մին։ Եթէ կ՚ու­զենք վե­րատի­րանալ այդ որա­կին,– որ մեր ինքնու­թեան բնո­րոշի­չը պէտք է ըլ­լայ,– պէտք է փարինք հա­ւաքա­կան յա­ւակ­նութեան մը. ամե­նագե­ղեցի­կ եւ ամե­նահ­րա­տապ յաւակնութիւնը պի­տի ըլ­լար դառ­նալ ինք­նիշ­խան հայ­կա­կան Պե­տու­թեան մը շի­նարար­նե­րը, որ­պէսզի այ­լեւս չեն­թարկուինք Պատ­մութե­նէն դուրս մղուելու վտանգին։

Դժբախ­տա­բար, այս յա­ւակ­նութիւ­նը չեն բաժ­ներ անոնք, որոնց հա­մար ինքնիշ­խա­նու­թե­նէ հրա­ժարի­լը ոչ միայն ան­խուսա­փելի է, այ­լեւ ցան­կա­լի՝ այն պա­հէն երբ ան կը գո­հաց­նէ սեփական շա­հեր։ Անոնց հա­մար, Հա­յաս­տա­նը դա­տապար­տուած է մնա­լու սոսկ նա­հան­գը Կայսրու­թեան մը, եւ հա­յերը չու­նին այլ ճա­կատա­գիր՝ քան ծա­ռայել անոր։ Անոնց հա­սարա­կաց յայ­տա­րարը հա­ւատար­մութիւնն է Ռուսաստանի, ցու­ցադրուած առանց բար­դոյթի՝ Ռո­բերտ Քո­չարեանէն մին­չեւ Սերժ Սարգսեանի, ՀՅԴ-էն մին­չեւ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի կողմէ, առանց մոռ­նա­լու Կա­թողի­կոսը (չշփո­թել Հայ եկե­ղեց­ւոյ հետ)։ Ըստ այս մօտեցումին՝ Հա­յաս­տա­ն չի կրնար ու­նե­նալ այլ կո­չում՝ քան միանալ Ռուսաստանի եւ Պելառուսի Միու­թեան,– ծպտուած՝ թուրք-ազերպայ­ճա­նական վտան­գին դէմ պաշտպա­նիչ վա­հանի տես­քով,– ինչ որ կը նշանակէ անոր (Հայաստանի) ինքնու­թիւնը իջեց­նե­լ ազ­գագրա­կան մա­կար­դա­կի։

Պատ­մութեան դա­սերը քիչ կը հե­տաքրքրեն զի­րենք, քա­նի որ անոնք կը վե­րանա­յին եւ վե­րստին կը գ­րեն զայն, ան­տե­սելով բազ­մա­թիւ լքումնե­րը, դա­ւաճա­նու­թիւններն ու թշնա­միին հետ գաղտնի դա­շինքնե­րը, որոնց գի­նը վճա­րեցին հա­յերը՝ արժանանալով ման­րադրամի վերաբերումի եւ զո­հաբե­րուե­լով ռուս-թուրք-ազերպայ­ճա­նական շա­հերու զո­հասե­ղանին վրայ։

Հա­յաս­տա­նի գա­ղու­թա­ցու­մը այ­լընտրանք չու­նե­նալով իրենց աչ­քին, անոր ժո­ղովուրդին կը պար­տադրուի ըն­դունիլ գի­նը՝ ժո­ղովրդագ­րա­կան նոր արիւ­նա­հոսու­թիւն մը եւ վե­րած­նող տնտե­սու­թեան բռնագ­րա­ւու­մը՝ յանձնուելու հա­մար «բա­րեկամ տէ­րու­թեան» հսկո­ղու­թեան։ Բա­նակի ար­դիակա­նացու­մը պի­տի յե­տաձ­գուի, քա­նի որ Կայսրու­թիւնը պի­տի ապա­հովէ իր հպա­տակ­նե­րուն պաշտպա­նու­թիւնը՝ անոնց հնա­զան­դութեան դիմաց։ Ինչ կը վե­րաբե­րի պե­տու­թիւնը քայ­քա­յող եւ անոր ինքնիշ­խա­նու­թիւնը կոր­ծա­նող հա­մակար­գա­յին փտա­ծու­թեան, ան պի­տի ծաղ­կի ա՛լ աւե­լի, քա­նի որ այդ իրավիճակը ցանկացողներն իսկ են ատոր մեծ շա­հառու­նե­րը։

Ու­րեմն, ինչպէ՞ս Հա­յաս­տա­նի այս գե­րեզ­մա­նափոր­նե­րը կը յու­սան մե­զի ծա­խել վաղորդայն չու­նե­ցող այս ապագան եւ մե­զի կլլել տալ եր­ջա­նիկ վա­սալա­կանու­թեան դե­ղահա­տը, քօ­ղար­կե­լու համար իրենց քա­ղաքա­կան ծրագ­րին մա­հաբեր սնան­կութիւ­նը. ամե­նաբուռն զրպար­տութիւննե­րով եւ հա­մակար­գուած չարախօսութեամբ թիրախ առնելով հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րը, զա­նոնք ամբաստանե­լով ամէն տե­սակի «դա­ւաճա­նու­թեան» մեղադրանքով։

Եւ ըն­դունինք, որ անոնք ու­նին իրա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը այս ոլոր­տին մէջ։ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան մե­ղադ­րուած էր դա­ւաճա­նու­թեամբ, որով­հե­տեւ պա­տերազ­մին յաղ­թանակ տանե­լէ ետք առա­ջար­կած էր Ազերպայ­ճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիր մը, որ Ղա­րաբա­ղին կը վե­րապա­հէր իրա­ւական եւ քա­ղաքա­կան շրջա­նակ մը՝ գո­յու­թեան եւ ապա­գայի շատ աւե­լի նա­խան­ձե­լի պայ­մաննե­րով, քան ինչ որ ու­նե­ցաւ ի վեր­ջոյ։ Հրանդ Տինք ար­ժա­նացած էր նոյն ան­պա­տւու­թեան, մե­ղադ­րուելով թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծա­կալ ըլ­լա­լու յանցանքով, որով­հե­տեւ դէմ ար­տա­յայ­տուած էր Ֆրան­սա­յի մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէակա­նաց­նող օրէն­քի քուէար­կութեան, մինչ ին­ք Թուրքիոյ մէջ բան­տարկու­թեան վտան­գին ենթակայ էր քրէական օրէնսգիր­քի 301 յօ­դուա­ծին հի­մքով՝ 1915-ի հա­յոց բնաջնջու­մը յի­շատա­կած ըլ­լա­լուն հա­մար։

Այժմ կարգը Նի­կոլ Փա­շինեանինն է ամբաստանուելու Ար­ցա­խը լքած ըլ­լա­լու յանցանքով նոյն այն ձայ­նե­րուն կող­մէ, որոնք կար­ծես մոռ­ցած են, թէ Հա­յաս­տա­նը կռուեցաւ 2020-ին զայն պաշտպա­նելու հա­մար, զո­հաբե­րեց իր զա­ւակ­նե­րէն քա­նի մը հա­զարին կեան­քը ի վեր­ջոյ պար­տութեամբ աւարտած այս պա­տերազ­մին մէջ։ Ի յայտ ե­կաւ առ­նուազն ար­հեստա­գիտա­կան առու­մով դա­սազրկու­մը հայ­կա­կան բա­նակին, որ ան­կա­րող էր պաշտպա­նելու Ար­ցա­խը, բայց նաեւ ծայ­րա­յեղօ­րէն տկա­րացած էր եւ որուն՝ սե­փական սահ­մաննե­րը պաշտպա­նելու կարողութիւնն իսկ խստօրէն հարցական էր։

Ուա­շինկթը­նի 2025 Օգոս­տոս 8-ի հա­մաձայ­նագրե­րու ստո­րագ­րութիւ­նը առիթ մը եղաւ որոշ մեկ­նա­բան­նե­րու եւ ընդհան­րա­պէս փոր­ձա­գէտ­նե­րու, որ­ լծուին,– ներառեալ՝ այս սիւ­նակնե­րուն մէջ (խօսքը «Արմենիուզ»-ի մասին է – «ՆՅ»),– հա­կառա­կոր­դին (իմա՝ Փաշինեանի – «ՆՅ») «նա­ցիակա­նաց­ման»։ Փո­խանա­կելով խստա­պահան­ջութիւնն ու փաս­տա­ցի իրա­կանու­թիւննե­րը անա­ւարտ դա­տողու­թիւննե­րու եւ պեր­ճա­խօս բա­նաձե­ւումնե­րու հետ, Ուա­շինկթը­նի հա­մաձայ­նագրե­րը՝ հա­զիւ յայ­տա­րարուած եւ դեռ չհրա­պարա­կուած, ան­մի­ջապէս վե­րանուանուեցան «Միւ­նի­խի նոր հա­մաձայ­նագրեր», եւ Նի­կոլ Փա­շինեան, նոյ­նա­ցուե­լով Մառեշալ Փե­թէնի ան­ձին հետ, են­թարկուեցաւ ան­բե­կանե­լի դա­տավ­ճի­ռի՝ «իրա­պաշ­տութեան ճամ­բով դա­ւաճա­նու­թեան» հա­մար, ծած­կա­նու­նով ստորագրած քաջարի հեղինակի մը գրի­չին տակ։

Առանց թե­րագ­նա­հատե­լու մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րածաշրջա­նային իրա­վիճակի անկայունու­թիւ­նը, կրնա՞նք իսկապէս ան­տե­սել պա­տերազ­մի շիջման իրա­կանու­թիւնը այս հա­մաձայ­նագրե­րու ստո­րագ­րութե­նէն ի վեր, եւ գո­նէ մաս­ամբ՝ թո­նի փո­փոխու­թիւնը, որ կը զգացնէ, թէ խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթաց մը ընթացքի մէջ է, նոյ­նիսկ եթէ տակաւին շատ ընե­լիք կայ, սկսե­լով փո­խադարձ վստա­հու­թեան վե­րականգնու­մէն։

Փո­խանակ հա­մակար­գուած կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու հայ­կա­կան իրա­ւա­սու­թեան տակ գտնուող «Թրամ­փի ճամ­բան» իբ­րեւ ար­տա­տարած­քա­յին մի­ջանցք մը,– որ չէ,– եւ խորհրդա­նիշը յաղ­թա­կան հա­մաթրքա­կանու­թեան՝ այն պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ թէ ան Նա­խիջե­ւանը պի­տի կա­պէ Ազերպայ­ճա­նի մնա­ցեալ մա­սին, այդքա՞ն դժուար է այս քննա­դատող միտ­քե­րուն հա­մար նշել, որ յա­ջողու­թեան պա­րագա­յին, 

Ուա­շինկթը­նի հա­մաձայ­նագրե­րը Հա­յաս­տա­նը պի­տի մղեն յառաջ՝ փո­խելով անոր աշ­խարհա­քաղա­քական կար­գա­վիճա­կը, զայն տա­րա­ծաշրջա­նային փա­կու­ղիէն դուրս բե­րելով եւ դարձնե­լով մի­ջազ­գա­յին տա­րան­ցիկ եր­կիր, ինչ որ պի­տի ամ­րապնդէ անոր ներկայացուցած աշ­խարհա­քաղա­քական շա­հագրգռու­թիւնը եւ հե­տեւա­բար՝ անոր անվտան­գութիւ­նը։

Այդքա՞ն նե­ղացու­ցիչ է ըն­դունիլ, որ Հա­յաս­տա­նը այսպէսով տեղ եւ դեր պի­տի նուաճէ մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրին մէջ, այսպէս կո­չուած «մի­ջին մի­ջանցքի» սրտին վրայ, պիտի դառնայ այ­լընտրան­քա­յին ճամ­բայ՝ որ կը կա­պէ Չի­նաս­տա­նը, Կեդ­րո­նական Ասիան եւ Եւ­րո­պան՝ անցնե­լով հա­րաւ-կով­կա­սեան եր­կիրնե­րէն, եւ ուրկէ Երե­ւանը մին­չեւ հի­մա դուրս մղուած էր Պա­քու-Թիֆ­լիս-Պա­թում միակ առանցքին պատ­ճա­ռով։ Եւ յի­շեց­նել, որ այս ճամ­բան պի­տի ամ­բողջաց­նէ Հնդկաս­տա­նէն եւ Իրա­նէն եկող ու­ղին, որ ար­դէն կ՚անցնի Հա­յաս­տա­նէն եւ զայն պիտի դարձնէ խաչ­մե­րուկ-պե­տու­թիւն։

Իսկ ի՞նչ կ՚առա­ջար­կեն ատոր փո­խարէն. ոչի՛նչ։ Ապա­գայի ի՞նչ ծրա­գիր կը թե­լադ­րեն Հա­յաս­տա­նի հա­մար. ո՛չ մէ­կ, եթէ ոչ՝ 2020 Նո­յեմ­բեր 9-ի զի­նադա­դարի միակ վե­րապ­րող դրոյ­թին կի­րարկու­մը, որ ատե­նօք կը ներ­կա­յացուէր իբ­րեւ ՀՀ վար­չա­պետին անձնա­տւու­թեան արար­ք, բայց որ այժմ կը վա­յելէ իրենց հա­ւանու­թիւնը, պար­զա­պէս որով­հե­տեւ ան Ռուսաստանին պի­տի ըն­ծա­յէր իրա­ւարա­րի դե­րը Սիւ­նի­քի մէջ՝ վե­րահսկե­լով արե­ւելք-արեւ­մուտք եւ հիւ­սիս-հա­րաւ փո­խանա­կումնե­րը, ծան­ր, եթէ ոչ վերջնա­կան հարուած հասցնելով Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան։

Եւ վերջապէս, չենք կրնար եզ­րա­փակել շի­նարար ժո­ղովուրդին եւ ապա­գայի հան­դէպ հա­ւատ­քին մա­սին այս խորհրդա­ծու­թիւնը առանց յի­շատա­կելու, նոյ­նիսկ հա­մառօ­տակի, Կա­թողի­կոսին ան­ձը։ Իրա­պէս այնքա՜ն բան կայ գրե­լիք եւ այնքա՜ն մութ գլուխներ արծարծելիք, որ հոս մեր հա­մեստ կար­ծի­քը բա­ւարար պիտի չըլլար։

Ոչինչ աւե­լի լաւ է նման պա­րագա­ներու, քան վե­րադառ­նալ ակունքին եւ Յի­սու­սի խօս­քին՝ ուղղուած իր առա­քեալ­նե­րէն լա­ւագոյ­նին Մատ­թէոսի աւե­տարա­նին մէջ. «Դուն վէմ ես եւ այդ վէմին վրայ պի­տի շինեմ իմ Եկե­ղեցին» (16,18)։ Ի՞նչ կա­րելի է լրջօ­րէն յու­սալ կա­ռու­ցել Գա­րեգին Բ.-ի հետ, այն պա­հուն երբ անոր հա­շուեկ­շի­ռը պէտք է կա­տարուի։ Հայ­րապետութիւ­նը եւ Եկե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րը ոտ­նա­հարող անոր ան­վա­յել արարքնե­րը դժբախ­տա­բար թեթեւա­գոյն հանգամանքներն են զինք մե­ղադ­րե­լու հա­մար։ Առանց թուար­կե­լու անոր զան­ցումնե­րը, որոնք սնու­ցած են անոր ժո­ղովրդա­կանու­թեան ան­կումը, սար­սա­փի եւ իր ան­ձին հպա­տակու­թեան վրայ հիմնուած վար­չա­կար­գը, զոր ան հաս­տա­տած է Մայր Աթո­ռէն ներս, խո­րապէս սա­սանելով հաս­տա­տու­թիւնը, որ կը գոր­ծէ քրիս­տո­նէական ամէն բա­րոյա­կանի հակոտնեայ։ Եւ եթէ անոր հա­ւատքն ու հո­գեւո­րակա­նու­թիւնը օրի­նաչա­փօրէն հար­ցա­կանի տակ կը դրուին, Ռուսաստանի հան­դէպ անոր հա­ւատար­մութիւ­նը սա­կայն կաս­կած չի վերցներ, ճիշդ այնպէս ինչպէս անոր աջա­կից­նե­րու­նը, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ…

Այն իրո­ղու­թիւնը, թէ Հայ եկե­ղեց­ւոյ պե­տը Ռուսաստանի մեղ­սակցու­թեան պատճառով պար­տութեամբ աւարտած Ղա­րաբա­ղի պա­տե­րազ­մէն ետք, 2022-ին ըն­դունած է Պա­տուոյ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րուիլ Վլա­տիմիր Փու­թի­նի կող­մէ, ցաւօք կը հաս­տա­տէ, թէ ան աւե­լի կը վախ­նայ իր տի­րոջ զայ­րոյթէն, քան Աս­տուծոյ դա­տաս­տա­նէն։ Մեր շի­նարար նախ­նի­ները պի­տի ընէին ճիշդ հա­կառա­կը։

Ա. Ա. Գ.

Թարգմանուած՝ ֆրանսերէնէ, «Արմենիուզ»-ի կայքէջէն