Պատմական սրում Միջին Արեւելքի մէջ

Capture d’écran 2026-03-01 à 01.54.42

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծեցին Իրանի դէմ

Գերագոյն առաջնորդ Խամենէի սպանուած է

Միջին Արե­ւել­քը այս շա­բաթա­վեր­ջին թա­ւալգլոր ին­կաւ ան­նա­խադէպ տա­րողու­թեամբ ճգնա­ժամի մը մէջ: Շա­բաթ, Փետ­րուար 28-ի կա­նուխ ժա­մերուն, ԱՄՆ-ն ու Իս­րա­յէլը միացեալ լայ­նա­ծաւալ ռազ­մա­կան յար­ձա­կում մը շղթա­յազեր­ծե­ցին Իրա­նի Իս­լա­մական Հան­րա­պետու­թեան դէմ՝ ծայր տա­լով ող­բերգա­կան սրու­մի մը տա­րածաշրջա­նին մէջ: Գոր­ծո­ղու­թիւնը, զոր Փեն­թա­կոնը անուանած է «Մե­ծագործ ցա­սում» (Epic Fury), իսկ իս­րա­յէլեան բա­նակը՝ «Մռնչա­ցող առիւծ» (Roaring Lion), ահ­ռե­լի կրա­կային ուժ կեդ­րո­նացու­ցած է: Աւե­լի քան 200 իս­րա­յէլեան կոր­ծա­նիչ­ներ, աջակ­ցութիւն ստա­նալով ամե­րիկեան ռազ­մա­նաւե­րէն, որոնք «Թո­մահոք» հրթիռ­ներ եւ «ՀԱՅ­ՄԱՐՍ» հա­մակար­գեր կ՚ար­ձա­կէին, հա­րուա­ծեցին աւե­լի քան 500 թի­րախ­ներ երկրի ամ­բողջ տա­րած­քին (ռազ­մա­կան են­թա­կառոյցներ, հա­կաօդա­յին պաշտպա­նու­թեան խա­րիսխներ, հիւ­լէական ծրա­գիրի հաս­տա­տու­թիւններ, ինչպէս նաեւ կա­ռավա­րական կեն­սա­կան հա­մալիր­ներ): Յատ­կանշա­կան է, որ ԱՄՆ եւ Իս­րա­յէլ որոշ ժա­մանա­կով ձեռք ան­ցուցած են Իրա­նի պե­տական հե­ռատե­սիլը, որ հե­ռար­ձա­կած է Թրամ­փի ու Նե­թանիահուի ու­ղերձնե­րը։

Խա­մենէիի սպա­նու­թիւնն ու Իրա­նի ղե­կավա­րու­թեան կո­րուստնե­րը 

Այս յար­ձա­կու­մին քա­ղաքա­կան նպա­տակը ստանձնուած է ամէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կով. Ամե­րիկա­յի նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամփն ու Իս­րա­յէլի վար­չա­պետ Պե­նիամին Նե­թանիահուն յայ­տա­րարե­ցին, որ կ՚ու­զեն վե­րաց­նել իրա­նեան հիւ­լէական սպառ­նա­լիքը եւ քա­ջալե­րել վար­չա­կար­գի փո­փոխու­թիւնը։ Այս ծի­րէն ներս ար­ձա­նագ­րուեցաւ պատ­մա­կան շրջա­դարձ մը. ամե­րիկեան եւ իս­րա­յէլեան իշ­խա­նու­թիւննե­րը հաս­տա­տեցին, որ Գե­րագոյն հո­գեւոր առաջ­նորդ Այա­թոլ­լահ Ալի Խա­մենէին սպա­նուած է իր գե­րապա­հովուած հա­մալի­րի քանդման ըն­թացքին: Խա­մենէիի աղ­ջի­կը, փե­սան, թո­ռը եւ անոր կինն ալ սպա­նուած են։ Կ՚ըսուի, թէ երկրին նախ­կին նա­խագա­հը՝ Մահ­մուտ Ահ­մա­տինե­ժատ եւս զո­հերու շար­քին է։

Տա­նըլտ Թրամփ յայ­տա­րարած է, որ մէկ ան­գա­մէն 48 հրա­մանա­տար սպա­նած են, նե­րառեալ՝ Սպա­յակոյ­տի պե­տը։ «Գոր­ծե­րը շատ լաւ կ՚ըն­թա­նան»,– ըսած է ան։

Այս ծանր կո­րուստնե­րուն լոյ­սին տակ, Խա­մենէիի մա­հուան առ­թիւ Իրա­նի մէջ եռօ­րեայ սուգ հռչա­կուած է: Խա­մենէիի որ­պէս առ­ժա­մեայ փո­խանորդ արա­գօրէն նշա­նակուած է Սահ­մա­նադ­րութեան պահ­պա­նու­թեան խոր­հուրդի ան­դամ Ալի Ռե­զա Արա­ֆին։ Երկրին Արտաքին գործոց նախարար Արաղչի յայտարարած է, որ նոր գերագոյն առաջնորդ կրնայ ընտրուիլ 1-2 օրուան ընթացքին։

Իրանի նախագահ Փեզեշքեանն ալ իր կարգին յայտարարած է, որ պիտի շարունակեն գերագոյն առաջնորդին հետքերով յառաջանալ։ 

Հա­կահա­րուած եւ մի­ջազ­գա­յին ար­ձա­գանգներ 

Դէմ-յան­դի­ման այս զան­գուածա­յին յար­ձա­կու­մին՝ Իրա­նի հա­կահա­րուա­ծը եղաւ ան­մի­ջական եւ տա­րածուեցաւ ամ­բողջ Մի­ջին Արե­ւել­քի վրայ: Իրա­նեան զի­նեալ ու­ժե­րը շղթա­յազեր­ծե­ցին հրթիռ­նե­րու եւ անօ­դաչու սար­քե­րու լայ­նա­ծաւալ ալիք­ներ՝ թի­րախա­ւորե­լով ոչ միայն իս­րա­յէլեան տա­րած­քը (յատ­կա­պէս Թել Ավի­վի շրջա­նը), այ­լեւ ամե­րիկեան շա­հերն ու դաշ­նա­կից­նե­րը (Արա­բական Միացեալ Էմի­րու­թիւններ, Պահ­րէյն, Քուէյթ, Քա­թար, Յոր­դա­նան, Իրաք եւ Սաու­տա­կան Արա­բիա):

Մարդկա­յին առ­ժա­մեայ հա­շուեկ­շի­ռը ար­դէն իսկ ող­բերգա­կան է: Իրա­նեան Կար­միր մա­հիկը կը յայտնէ առ­նուազն 201 զո­հի եւ շուրջ 750 վի­րաւո­րի մա­սին: Եր­կի­րը յատ­կա­պէս ցնցուած է Մի­նապի մէջ աղ­ջիկնե­րու նա­խակրթա­րանի մը հա­րուա­ծէն, ուր տե­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը սգան առ­նուազն 85-էն աւե­լի քան 100 մա­նուկ աշա­կեր­տուհի­ներու կո­րուստը: Իս­րա­յէլի մէջ կան նաեւ զո­հեր ու հա­րիւ­րա­ւոր վի­րաւոր­ներ։ Ապու Տա­պիի եւ Սու­րիոյ Սուէյ­տա քա­ղաքին մէջ եւս ար­ձա­նագ­րուած են զո­հեր:

Աւելցնենք, որ մինչ ամերիկեան կողմը յայտարարած է, թէ կորսնցուցած է 3 զինուոր ու հինգ ուրիշներ ալ վիրաւորուած են, Իրան կը պնդէ, թէ բազմահարիւր ամերիկացի զինուորներ սպանուած են կամ վիրաւորուած։

Թուրքիոյ ար­ձա­գան­գը

Էր­տո­ղան, Իրա­նի գերա­գոյն առաջնորդին մա­հուան լու­րին հաս­տա­տու­մէն ետք, յայ­տա­րարած է. «Խա­մենէիի մա­հէն ցաւ զգա­ցի։ Ցա­ւակ­ցութիւններս կը յայտնեմ իրան­ցի ժո­ղովուրդին»։ Ու­շագրաւ է, որ խա­ղաղու­թիւնը վե­րահաս­տա­տելու ջան­քե­րուն նե­ցուկ կանգնե­լու Թուրքիոյ պատ­րաստա­կամու­թե­նէն, բո­լոր հար­ցե­րը երկխօ­սու­թեամբ լու­ծե­լու կո­չերէն եւ նման քայ­լե­րու՝ ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նը, նոյ­նիսկ աշ­խարհը բռնկեց­նե­լու վտան­գով լի ըլ­լա­լու մա­սին զգու­շա­ցումնե­րէն բացի, Էր­տո­ղան դոյզն բառ մ՚իսկ չէ ար­տա­յայ­տած Իս­րա­յէլ-ԱՄՆ ռազ­մա­կան այս գոր­ծո­ղու­թիւնը դա­տապար­տող։

ՄԱԿ-ի դիր­քո­րոշու­մը

ՄԱԿ-ի Ընդհա­նուր քար­տուղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէշ խստօ­րէն դա­տապար­տեց թէ՛ ամե­րիկեան-իս­րա­յէլեան հա­րուած­նե­րը եւ թէ՛ իրա­նեան հա­կահա­րուա­ծը՝ ահա­զան­գե­լով մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի աղա­ղակող խախ­տումի մը մա­սին, որ աշ­խարհը կը մղէ «ան­դունդի եզ­րին»:

Մինչ Ապա­հովու­թեան խոր­հուրդի հրա­տապ նիստ մը գու­մա­րուած է, տա­րածաշրջա­նը ֆի­զիքա­պէս կտրուած է աշ­խարհէն. Մի­ջին Արե­ւել­քի օդա­յին տա­րածքնե­րու գրե­թէ ամ­բողջու­թիւնը փա­կուած է՝ ան­նա­խադէպ քաոս պատ­ճա­ռելով հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­ցիական օդագ­նա­ցու­թեան եւ անել կա­ցու­թեան մատ­նե­լով հա­զարա­ւոր ճամ­բորդներ: