Տարեսկիզբի բարի մաղթանքները չեն ծածկեր լուրջ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները, որոնք օրակարգի վրայ էին 2025-ին՝ Ուքրաինայի, Պաղեստինի պատերազմները, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի վրայ յարձակումները, Անդրկովկասի մէջ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները եւ ընդհանրապէս միջազգային օրէնքի ոտնակոխումը, գաղթականութեան դէմ քարոզչական արշաւները, տնտեսական տագնապները, կլիմայական փոփոխութիւնները, անապահովութեան զգացումը, անկաշկանդ անարգական խօսքի տարածումը ընկերային ցանցերու վրայ, թեքնաբանութեան ներթափանցումը ամէնօրեայ կեանք… բնապահութեան տագնապները։ Եւ զարմանալիօրէն արհեստական բանականութեան (ԱԲ) թեման, մէկ օրէն միւսը դարձաւ հիմնահարց, քաղաքական ու տնտեսական լայն շրջանակներու մտահոգութեան առարկան, ո՛չ այնքան ոլորտի ընկերութիւններու նուաճած աստղաբաշխական արժէքներուն, ո՛չ ալ այդ ընկերութիւններուն ներդրած հսկայական դրամագլուխներուն պատճառով, այլ այն անորոշութիւններուն, որոնք կ՚ուրուագծուին գիտութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ, այնքան որ ԱԲ-ի՝ նոր աշխարհակարգ մը պարտադրելու կարողութիւնները մեծ ու անսահման պիտի ըլլան։ Հետեւաբար այս բոլոր երեւոյթները բնականաբար ապագան կը դարձնեն անկանխատեսելի։
Եւ երբ այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ անկանխատեսելի քաղաքականութիւնները աշխարհի ներկայի քաղաքական ղեկավարութեան, սկսելով ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփէն, որ խաղաղութեան օրակարգի անուան տակ Վենեզուելայի դէմ պատերազմ կը սանձազերձէ, անսակարկ կը պաշտպանէ իսրայէլեան յարձակումները իր դրացի երկիրներուն վրայ, սակայն միւս կողմէն՝ Ուքրաինայի ու Անդրկովկասի մէջ կը գործէ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ, անկանխատեսելիութեան, անապահովութեան սահմանները կը մեծնան ու կը ծաւալին։ Այս առթիւ կ՚արժէ վերյիշել ԱՄՆ-ու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի՝ իր պաշտօնի աւարտին կարեւոր հաստատումը ի տես Թրամփի յաջողութեան. «Այսօր Ամերիկայի մէջ կը ձեւաւորուի ծայրայեղ հարստութեան, ուժի եւ ազդեցութեան տիրող փոքրամասնութեան մը իշխանութիւնը (oligarchie), որ իսկապէս կը սպառնայ մեր ամբողջ ժողովրդավարութեան, մեր հիմնական իրաւունքներուն, ազատութիւններուն եւ բոլորին յառաջ երթալու արդար հնարաւորութեան»։
Այո՛, մտահոգիչ են աշխարհի ներկայ քաղաքական զարգացումները, մա՛նաւանդ քաղաքական ղեկավարութեան ենթակայութիւնը թեքնաբանութեան լոպիներու, որոնց պարտադրած օրակարգերը կ՚անտեսեն միջազգային օրէնքն ու արեւմտեան ժողովրդավար ընկերութիւններու, մարդկային իրաւունքներու հիմնական սկզբունքները։
Հայաստանն ու հայութիւնը անկախութենէն ի վեր ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակներ ու պատերազմներ ապրեցան. Հայաստան ինքնիշխանութեան քօղին տակ աւելի ու աւելի կախեալ դարձաւ Ռուսաստանէն տնտեսապէս, ռազմականապէս, միաժանամակ պարպուելով իր գլխաւոր հարստութենէն՝ բնակչութենէն։ 2020-ի պարտութիւնը եւ 2023-ի Արցախի կորուստը պարտադրեցին ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական բազմազանութեան օրակարգը։ Ներկայիս Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնն ու բնակչութիւնը շատ աւելի ինքնավստահ են ու ապահով քան պատերազմի վաղորդայնին։ Կայ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիր։ Սակայն, դեռ ոչինչ վերջնական է։ Տակաւին շատ են առկախ խնդիրները՝ խաղաղութեան բուն պայմանագրի ստորագրութիւն, սահմանազատում, ճամբաներու կառուցում, հաղորդակցութեան գիծերու ապաշրջափակում, Պաքուի հայ գերիներու ազատագրում… Եւ վճռական պիտի ըլլան 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ պիտի շարունակուի՞ ներկայի ռազմավարութիւնը, թէ՞ պիտի կատարուի վերադարձ Ռուսաստանի քաղաքականութեան ենթարկման։
Զարմանալին այն է որ արտաքին սպառնալիքները, բնաւ չեն առաջնորդած ներքին ճակատի վրայ աւելի զգօնութեան եւ հաշտարար մթնոլորտի ստեղծման։ Նոյնիսկ եկեղեցին, որ համախմբող դեր ունեցած է աւանդաբար, վերջին երկու տարիներուն դարձաւ կողմ, լքելով աւանդաբար իրեն վերապահուած վերազգային դիրքորոշումը։
Հայաստան շատ յանդուգն քայլերու դիմեց հաւատալով խաղաղութեան կարեւորութեան, իբր գլխաւոր երաշխիք իր գոյատեւման։
Ժ.Չ. ■
