Սուրբծննդեան տօնը Արցախի հայաթափման եւ քրիստոնեայ աշխարհի անտարբերութեան դիմաց

Գրեց՝ Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան

Քրիստո­նէական ըն­կա­լու­մով՝ Ս. Ծնունդը յոյ­սի, սի­րոյ, խա­ղաղու­թեան եւ մարդկու­թեան հան­դէպ Աս­տուծոյ անընդմի­ջելի մեր­ձա­կայու­թեան տօնն է։ Աւե­տարա­նի այս պատ­գա­մը, սա­կայն, բազ­միցս կտրուկ կը հա­կադ­րուի պատ­մա­կան եղե­լու­թիւննե­րուն, պե­տու­թիւննե­րու որ­դեգրած քա­ղաքա­կան իրա­կանու­թեան ու ան­կէ թե­լադ­րուած դի­ւանա­գիտա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն։ Այս հա­կասու­թիւնը յատ­կա­պէս ակնյայտ կը դառ­նայ այն պա­րագա­յին, երբ քրիս­տո­նէական կրօ­նին ու մշա­կոյ­թին պատ­կա­նող ազ­գեր ուղղա­կի կը դառ­նան բռնու­թեան, տե­ղահա­նու­թեան, իրա­ւազրկու­թեան, ընդհուպ մին­չեւ իսկ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ, երբ միաժա­մանակ դի­տումնա­ւոր կը լքուին նոյն հա­ւատ­քը դա­ւանող՝ այսպէս կո­չուած քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու եւ պե­տու­թիւննե­րու կող­մէ։ Այս փաս­տը առա­ւել եւս հիաս­թա­փու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ, երբ անոնք ու­նին բո­լոր հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը օժան­դա­կելու իրենց հա­ւատա­կից քոյ­րե­րուն ու եղ­բայրնե­րուն՝ առ­նուազն կան­խարգի­լելու անոնց սպառ­նա­ցող օր­հա­սական վտան­գը։

Ար­ցա­խի հան­րա­պետու­թեան շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձութիւննե­րը լուրջ հար­ցադրու­մի կ’են­թարկեն հա­մատես աւե­տարան­նե­րուն հա­ղոր­դած սուրբծննդեան ու­ղերձը։ Ժո­ղովուրդ մը, որ մահ­մե­տական­նե­րով գե­րակշռուած աշ­խարհագ­րա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ դա­րեր շա­րու­նակ բարձր պա­հած է քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քին ջա­հը, կա­ռու­ցած է վան­քեր ու եկե­ղեցի­ներ, մշա­կած եւ զար­գա­ցու­ցած է քրիս­տո­նէական մշա­կոյ­թի մա­սին վկա­յող եզա­կի ար­ժէքներ, կար­ճա­տեւ ժա­մանա­կամի­ջոցի մը ըն­թացքին զրկուեցաւ իր հա­զարա­մեակ­նե­րու օր­րա­նէն՝ դառ­նա­լով վտա­րան­դի եւ հայ­րե­նազուրկ։ Քա­ղաքա­կան եւ ռազ­մա­կան պար­տութիւ­նը յան­գե­ցուց ոչ միայն տա­րած­քա­յին կո­րուստի, այ­լեւ Ար­ցա­խի պե­տական այ­րե­րու բան­տարկու­թեան, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ոչնչաց­ման եւ ամ­բողջ բնակ­չութեան պար­տա­դիր ար­տա­գաղ­թին։ Այն փաս­տը, որ այս իրա­վիճա­կը մե­ծաւ մա­սամբ հեշ­տութեամբ ըն­դունուեցաւ աշ­խարհի քրիս­տո­նեայ հա­մարուող պե­տու­թիւննե­րու կող­մէ, կը յա­ռաջաց­նէ աս­տուածա­բանա­կան լուրջ հարց մը. ի՞նչ հա­ւաս­տիու­թիւն ու­նի այ­սօր Աւե­տարա­նի սուրբծննդեան պատ­գա­մը, երբ զայն կրող­նե­րը կը պահ­պա­նեն դա­ւաճան լռու­թիւն մը, այ­լա­պէս հան­դէս կու գան ըն­դա­մէնը դա­տարկ լո­զունգնե­րով կամ կը նա­հան­ջեն վճռո­րոշ պա­հերուն, երբ իրենց հա­ւատա­կից քոյ­րերն ու եղ­բայրնե­րը Քրիս­տո­սի սի­րոյն կը նա­հատա­կուին, կը կորսնցնեն քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քի վկա­յու­թիւննե­րով կնքուած ամ­բողջ տա­րածաշրջան մը՝ տե­ղի տա­լով մահ­մե­տակա­նու­թեան հե­ղեղին։

Գու­ցէ կա­րելի է առար­կել, թէ հար­ցը ամե­նեւին չու­նի կրօ­նական բնոյթ, այլ տե­ղի ու­նե­ցած ամ­բողջ ող­բերգու­թիւնը կը կրէ բիրտ քա­ղաքա­կանու­թեան մը օրա­կար­գը։ Սա­կայն, միեւ­նոյնն է, խո­րապատ­կե­րը ու­նի նաեւ կրօ­նական կնիք՝ նկա­տի ու­նե­նալով այն փաս­տը, որ տա­րածաշրջա­նը անուանա­փոխուելով այ­սօր նուաճող պե­տու­թիւնը զայն կը կո­չէ Qarabağ iqtisadi rayonu, որ կ՚ընդգրկէ Ağcabədi, Ağdam, Ağdərə, Bərdə, Füzuli, Xocalı, Xocavənd, Şuşa və Tərtər inzibati rayonları, həmçinin Xankəndi şəhəri քա­ղաք­ներն ու շրջան­նե­րը։ Տա­րակոյ­սէ վեր է, որ այս ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նը հետզհե­տէ պի­տի վե­րաբ­նա­կեցուի թուրք-ազե­րի կամ ընդհան­րա­պէս մահ­մե­տական ազ­գաբնակ­չութեամբ, որ կը նշա­նաւո­րուի մա­հիկով եւ ոչ թէ խա­չի խորհրդան­շա­նով։ Ար­դեօք սոյ­նը կո­րուստ մը չէ՞ քրիս­տո­նեայ աշ­խարհին հա­մար։ Սա­կայն ի՜նչ փոյթ, վա­ղուց ար­դէն վկա­յուած իրո­ղու­թիւն է, որ պե­տու­թիւններ կ’առաջ­նորդուին իրենց գե­րագոյն շա­հերէն եւ ոչ թէ հա­ւատ­քի այն զգա­ցողու­թե­նէն, զոր կը թե­լադ­րէ Աւե­տարա­նը։ Սուրբծննդեան տօ­նը, որ կը միաւո­րէ ամ­բողջ քրիս­տո­նեայ աշ­խարհը Բեթ­ղե­հէմի մսու­րի խոր­հուրդին շուրջ, տեղ մը կը դառ­նայ ան­հասկնա­լի, միան­գա­մայն ձե­ւական եւ նոյ­նիսկ անըն­դունե­լի, երբ նոյն հա­ւատա­կից ազ­գե­րու եւ պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ կը պակ­սին սէրն ու միու­թիւնը, իսկ վճռո­րոշ պա­հերուն՝ նաեւ զօ­րակ­ցութիւ­նը։

Այ­սօր ի՞նչ սրտով պի­տի տօ­նէ ար­ցախցի հա­յը Քրիս­տո­սի սուրբծննդեան տօ­նը, երբ ան դար­ձած է փաս­տօ­րէն հայ­րե­նազուրկ եւ վտա­րան­դի իր պա­պենա­կան հո­ղերէն, հե­ռու՝ իր պատ­մա­կան սրբա­վայ­րե­րէն, ան­ցեալին կա­թողի­կոսու­թիւն դար­ձած Գան­ձա­սարէն, Դա­դիվան­քէն, Ամա­րասէն, Շու­շիի Ս. Ամե­նափրկիչ Ղա­զան­չե­ցոց տա­ճարէն ու հա­յոց այն բազ­մա­թիւ սրբա­վայ­րե­րէն, որոնց ապա­գան անո­րոշ է եւ են­թա­կայ հետզհե­տէ թշնա­միին բար­բա­րոս ձեռ­քե­րով իրա­գոր­ծուող ոչնչա­ցու­մին։ Նշուած սրբա­վայ­րե­րը դա­րեր շա­րու­նակ եղած են ոչ միայն մշա­կու­թա­յին կամ կրօ­նական կեդ­րոններ, այ­լեւ հա­ւաքա­կան յի­շողու­թեան եւ հո­գեւոր ինքնու­թեան կրող­ներ։ 

Եթէ իրաւ է տա­ռապան­քը, ապա անոր ամե­նածանր դրսե­ւորումնե­րէն մէկն ալ ոչ թէ տունն ու տե­ղը, սե­փական այ­գին կորսնցնելն է, այլ զրկուիլը սգա­լու իրա­ւունքէն՝ ստի­պողա­բար լքել իր ըն­տա­նիքի սի­րելի ան­դամնե­րուն եւ հա­րազատ­նե­րուն գե­րեզ­մաննե­րը, այ­ցե­լել չկա­րենալ ար­ցունք թա­փելու անոնց շի­րիմ­նե­րուն վրայ, թէ­կուզ վա­ռելու մոմ մը կամ խունկ ծխե­լու անոնց հո­գիի խա­ղաղու­թեան եւ լու­սա­ւորու­թեան հա­մար։ Եւ սոյ­նը տա­կաւին առա­ւել եւս ծանր է, երբ ար­ցախցի հա­յը ակա­մայ դար­ձած է անձնա­տուր՝ դա­տապար­տուած ըլ­լա­լով առ այժմ ընե­լու ոչինչ, այլ յանձնուելու ու­նայնու­թեան, իրա­վիճակ, որ թե­րեւս հո­գեկան շատ աւե­լի խոր տան­ջանք է, քան սե­փական ու­նե­ցուած­քին կո­րուստը։ 

Վե­րոն­շեալ սրբա­վայ­րե­րէն ստի­պողա­կան բա­ժանու­մը հո­գիին վրայ չսպիացող վէրք մըն է։ Քան­զի հայ մար­դու ըն­կա­լած քրիս­տո­նէու­թեան մէջ հա­ւատ­քը ան­բա­ժանե­լիօրէն կա­պուած է պաշ­տա­մունքա­յին որո­շակի վայ­րե­րու հետ, ուր կը միահիւ­սուին աւան­դութիւննե­րը, հո­գեւոր-եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւննե­րը, պաշ­տա­մունքը, սուրբ պա­տարա­գը, պատ­մութիւնն ու յի­շողու­թիւնը։ Հե­տեւա­բար, հո­գեւոր-մշա­կու­թա­յին այս ժա­ռան­գութեան սպառ­նա­լիքին տակ գտնուելու, պղծուելու եւ ոչնչաց­ման են­թարկուելու վե­րաբե­րեալ իրա­զեկուածու­թիւնը ոչ միայն մշա­կու­թա­յին, այ­լեւ ինքնին կը ներ­կա­յաց­նէ աս­տուածա­բանա­կան խնդիր։ Ար­դա­րեւ, աս­տուածար­դա­րացում (théodicée) մը, որ կը վե­րաբե­րի աս­տուածա­բանա­կան այն փոր­ձին՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար բա­րի եւ ամե­նակա­րող Աս­տուծոյ նկատ­մամբ հա­ւատ­քը՝ աշ­խարհի մէջ տի­րող տա­ռապան­քին, չա­րիքին եւ անար­դա­րու­թեան հան­դէպ։ Ին­չո՞ւ ար­դա­րը կը տա­ռապի այս աշ­խարհի մէջ, երբ Աս­տուած արա­րիչն է բա­րիին՝ ողոր­մած է ու ար­դար։ Սուրբգրա­յին աւան­դոյթը կը հրա­ժարի պարզ պա­տաս­խաններ առա­ջար­կե­լէ այս հիմ­նա­րար հար­ցումին եւ չի լու­ծեր առ­կայ խնդի­րը։ Աս­տուածա­շունչ մա­տեանը, բնա­կանա­բար, ար­դա­րին տա­ռապան­քը չի ներ­կա­յաց­ներ իբ­րեւ Աս­տուծոյ ողոր­մա­ծու­թեան հա­կափաս­տարկ, այլ կը մատ­նանշէ աշ­խարհ մը, ուր գե­րազան­ցա­պէս առ­կայ են ու կը գոր­ծեն ազա­տու­թիւնը, մեղ­քը եւ բռնու­թիւնը, եւ ուր Տի­րոջ խոս­տա­ցած ար­դա­րադա­տու­թիւնը լիովին ակնյայտ կը դառ­նայ միայն իր վախ­ճա­նաբա­նական իրա­կանա­ցու­մին մէջ։ Սոյ­նը, ան­շուշտ, կը հան­դի­սանայ միաժա­մանակ հա­ւատ­քին ուղղուած լուրջ մար­տահրա­ւէր մը, թէ ինչպէ՞ս կա­րելի է ըն­կա­լել Աս­տուծոյ մեր­ձա­կայու­թիւնը, երբ Անոր ան­մի­ջական ներ­կա­յու­թեան տե­սանե­լի նշան­նե­րը ոչնչա­ցած կամ ստոյգ ոչնչա­ցուե­լու սպառ­նա­լիքի տակ կը գտնուին։ 

Այստեղ կրկին հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կեն­սունա­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ հա­ւատ­քը, ի՞նչն է սուրբծննդեան պատ­գա­մը, երբ քրիս­տոեայ պե­տու­թիւններ կը ձա­խողին, կը բա­ցակա­յի ար­դա­րու­թիւնը, իսկ անոնց ու­ժա­յին-քա­ղաքա­կան շա­հերը դուրս կը մղեն մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի բո­լոր սկզբունքնե­րը։ 

Այս հար­ցը բնա­կանա­բար տե­սական հե­տաքննու­թիւն մը չէ, այլ գո­յաբա­նական փոր­ձա­ռու­թիւն։ Ան կը յա­ռաջա­նայ այն պա­րագա­յին, երբ մար­դիկ փա­տօրէն կը գի­տակ­ցին, թէ Քրիս­տո­սի անու­նը չի պաշտպա­ներ զի­րենք եւ քրիս­տո­նէական պատ­կա­նելիու­թիւնը ար­դա­րու­թիւնը չ’երաշ­խա­ւորեր։ Ար­դա­րեւ, այս լա­րուա­ծու­թիւնը յատ­կա­պէս զգա­լի կը դառ­նայ սուրբծննդեան տօ­նին, որով­հե­տեւ ան կը բա­ցայայ­տէ մարդկու­թեան նկատ­մամբ Աս­տուծոյ փրկա­րար մեր­ձա­կայու­թիւնը՝ աւե­տելով. «Բար­ձունքնե­րուն մէջ Աս­տուծոյ փա՜ռք, խա­ղաղու­թի՜ւն երկրի վրայ եւ մար­դոց մի­ջեւ հա­ճու­թիւն» (Ղուկ. Բ, 14)։ Ար­դեօ՞ք սոյ­նը ան­կա­տար խոս­տում մըն է, թէ յա­ւիտե­նապէս սպա­սողա­կան վի­ճակ։ Սա­կայն Մար­դե­ղու­թեան խոր­հուրդին աւե­տած այս պատ­գա­մը աշ­խարհի սկիզ­բէն ի վեր ուղղա­կի կը հա­կադ­րուի տի­րող բռնու­թեան, ձա­խողու­թեան եւ անար­դա­րու­թեան իրա­կանու­թեան հետ, որ առա­ւել եւս տե­սանե­լի կը դարձնէ աս­տուածա­յին տնօ­րինու­մին եւ մարդկա­յին արարքնե­րուն մի­ջեւ առ­կայ անջրպե­տը։ 

Այ­նուհան­դերձ, Նոր կտա­կարա­նը չի խու­սա­փիր պա­տաս­խա­նելէ այս հար­ցին։ Ընդհա­կառա­կն՝ զայն ուղղա­կի կը դնէ քրիս­տո­նէական պատ­մութեան սկիզ­բը։ Սուրբ Ծնունդը յաղ­թողնե­րուն տօ­նը չէ, այլ՝ հիաս­թա­փած­նե­րուն, տե­ղահա­նուած­նե­րուն եւ ան­զօրնե­րուն։ Սուրբծննդեան աւե­տիսը առա­ջին հեր­թին աղ­քատնե­րուն կ’ուղղուի եւ զա­նոնք մխի­թարե­լու կու գայ։ Քա­ղաքէն դուրս, մար­դոց հիւ­րընկա­լու­թե­նէն մեր­ժուած՝ գո­մի վե­րածուած այր մը, իր կի­սամու­թին մէջ կը դի­մաւո­րէ լոյ­սին Արա­րիչը։ Աղ­քա­տիկ մայր մը, որ խան­ձա­րու­րով կը փաթ­թէ իր նո­րածի­նը եւ զայն կը դնէ յար­դէ խշտի­քի՝ մսու­րի մը տրտում խո­նար­հութեան մէջ։ Մար­դուն հան­դէպ խան­դա­ղատան­քը խեղ­ճութիւնն է, որ կը նուիրա­գոր­ծուի, եւ ոչ թէ իշ­խողնե­րուն ու բռնա­ւոր­նե­րուն փառ­քը, հա­րուստին պա­լատն ու ապա­րան­քը, ոս­կին ու ար­ծա­թը։ Յի­սու­սի ծնունդը որե­ւէ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան պաշտպա­նու­թեան տակ չի կա­տարուիր, այլ՝ աշ­խարհի պատ­մութեան ան­շուք մէկ ծայ­րա­մասին մէջ։ Ար­դէն սուրբծննդեան նա­խըն­թաց պա­րագա­ները եւս զուրկ են բա­րեբաս­տիկ ըլ­լա­լու բո­լոր կա­րելիու­թիւննե­րէն, որով­հե­տեւ հռո­մէացի­ներէ պար­տադրուած մար­դա­համա­րին բե­րու­մով Յի­սու­սի ծնող­քը հե­ռու են իրենց բնա­կավայր Նա­զարէթ գիւ­ղա­ւանէն, ուր կա­րելի ըլ­լար թէ­կուզ ըն­տա­նեկան օճա­խին մէջ լսել նո­րածին ման­կան առա­ջին ճի­չը։ Բայց ադ­պէս չե­ղաւ, ո՛չ հա­րազատ­նե­րէ, ո՛չ ման­կա­բար­ձի մը կամ դուռ-դրա­ցինե­րու օժան­դա­կող ներ­կա­յու­թե­նէ, այլ անա­սուննե­րով շրջա­պատուած՝ տե­սակ մը օտա­րու­թեան եւ լքուած պայ­մաննե­րու մէջ կ’իրա­կանա­նայ Աս­տուածորդւոյն ծնունդը։ Աղ­քատներն են Յի­սուս ման­կան առա­ջին այ­ցե­լու­նե­րը՝ բաց եր­կինքի տակ իրենց հօ­տերուն պահ­պա­նու­թիւնը ընող հո­վիւ­ներ, որոնք կու գան գուրգու­րանքով խո­նար­հե­լու Փրկիչ մա­նու­կին առ­ջեւ։ Ապա, այս խեղ­ճե­րէն ետք, իմաս­տուններն ու մե­ծերն են, որ պի­տի գան՝ Արե­ւել­քի մո­գերը՝ տա­լու իրենց սրտա­բուխ նուէր­նե­րը եւ ծնրադ­րե­լու աս­տուածա­յին մարմնա­ցած սի­րոյն առ­ջեւ։ 

Պատ­մա­կան իրա­դար­ձութեան այս խո­րապատ­կե­րին վրայ՝ ուղղա­կի ապ­շե­ցու­ցիչ է կրօ­նական վեր­նա­խաւին լռու­թիւնը։ Քա­հանա­ները, օրէն­քի ու­սուցիչ­նե­րը, դպիր­ներն ու փա­րիսե­ցինե­րը, որոնք քաջ գի­տէին մար­գա­րէու­թիւննե­րը խոս­տա­ցուած մե­սիային մա­սին, միեւ­նոյնն է, կը պահ­պա­նեն քար լռու­թիւն մը։ Նոյնքան զար­մա­նալի է քա­ղաքա­կան հե­ղինա­կու­թիւննե­րու ցու­ցա­բերած ար­հա­մար­հոտ վար­քա­գիծը, մար­դիկ, որոնց հա­մար մարդկա­յին կեան­քը հե­տաքրքրա­կան է միայն այն պա­րագա­ներուն, երբ զայն կա­րելի է ծա­ռայեց­նել իրենց իշ­խա­նու­թեան կա­յու­նացման եւ քա­ղաքա­կան առա­ւելու­թիւննե­րուն։ Ահա­ւասիկ այս պայ­մաննե­րուն մէջ կը ծնի Յի­սուս։ Ոչ թէ որ­պէս գոր­ծող հա­մակար­գի մը ուղղիչ, այլ որ­պէս հա­կադ­րութեան խորհրդա­նիշ աշ­խարհի մը դէմ, ուր ճշմար­տութիւ­նը կը բա­ցակա­յի, յոյ­սը կը դալ­կա­նայ, իսկ հա­ւատ­քը կը բռնաճնշուի։

Սուրբծննդեան պատ­մութիւ­նը ռո­ման­թիկ իտէալա­կան­ցում մը չէ։ Հա­զիւ ծնած՝ երե­խան ար­դէն սպառ­նա­լիքի տակ է։ Հե­րով­դէս Մեծ,– Յու­դա­յի թա­գաւո­րը,– ան­պաշտպան մա­նու­կի մը ան­ձին մէջ նոյ­նիսկ վտանգ կը տես­նէ իր իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ։ Հին կտա­կարա­նի մար­գա­րէու­թիւննե­րէն նո­րածին Յի­սու­սին տրուած «Թա­գաւոր հրէից» պա­տուա­նունն իսկ բա­ւական է, որ ան իր իշ­խա­նու­թիւնը կորսնցնե­լու հի­ւան­դա­գին մո­լուցքէն մղուած դի­մէ քա­ղաքա­կան սար­սա­փելի ոճի­րի՝ կո­տորել տա­լով Բեթ­ղե­հէմի մէջ մին­չեւ եր­կու տա­րեկան բո­լոր մա­նուկնե­րը։ Ար­դա­րեւ, սուրբծննդեան պատ­մութիւ­նը կը սկսի ոչ թէ գրկա­բաց ըն­դունե­լու­թեամբ, այլ փա­խուստով։ Ոչ թէ նո­րածի­նին պար­գե­ւած ու­րա­խու­թեամբ, այլ վա­խով կը հա­մակուի սուրբ ըն­տա­նիքը։ Եգիպ­տոս՝ աք­սո­րի եւ պանդխտու­թեան վայ­րը, կը դառ­նայ մարմնա­ցած Աս­տուածորդւոյն առա­ջին ապաս­տա­նարա­նը։ 

Ահա­ւասիկ ճիշդ այս է սուրբծննդեան յա­ւիտե­նական ու­ղերձը։ Հա­ւատ­քը հիմ­նուած չէ քրիս­տո­նէական քա­ղաքա­կանու­թեան յա­ջողու­թեան, կրօ­նական հաս­տա­տու­թիւննե­րու բա­րոյա­կան ամ­բողջա­կանու­թեան եւ հզօր­նե­րու ար­դա­րադա­տու­թեան վրայ։ Ան հիմ­նուած է աս­տուածա­յին մարմնա­ցած Սի­րոյն վրայ, որ գի­տակ­ցա­բար կը մտնէ մեր պատ­մութե­նէն եւ ժա­մանա­կի սահ­մաննե­րէն ներս, ուր կը բա­ցակա­յի ար­դա­րու­թիւնը եւ երաշ­խա­ւորուած չէ ճշմար­տութեան պաշտպա­նու­թիւնը։

Սուրբ Ծնունդը չի պատ­գա­մեր, որ այս աշ­խարհը ար­դար է կամ թէ ան­կէ վե­րացած են տա­ռապանքն ու անար­դա­րու­թիւնը։ Սա­կայն կ’աւե­տէ, որ Աս­տուած զայն չի լքեր։ Ս. Ծնունդով կը բա­ցայայ­տուի մարդկու­թեան հան­դէպ Աս­տուծոյ ան­վե­րապահ սէ­րը, որ են­թա­կայ չէ պայ­մաննե­րու, եւ հա­ւատար­մութիւնը, որ կը յա­րատե­ւէ նոյ­նիսկ մարդկա­յին կեան­քի ու պատ­մութեան ձա­խողու­թիւննե­րուն մէջ։ 

Ս. Ծնունդով սկիզբ առած Փրկա­գոր­ծութեան խոր­հուրդը կը կա­յանայ ոչ թէ մեր վա­րած աշ­խարհա­կար­գի ար­դա­րացու­մին, այլ խա­չին խոր­հուրդով կնքուած մարդկու­թեան փրկու­թեան մէջ։ Այս փրկու­թիւնը քա­ղաքա­կան յաղ­թա­նակ չի պա­հան­ջեր մեզ­մէ, այլ հա­ւատք եւ հա­մակ ինքնա­նուի­րում՝ վստա­հելու մեր ան­ձը աս­տուածա­յին հա­ւատար­մութեան, նույնիսկ հոն, ուր խոր­տա­կուած է մարդկա­յին յոյ­սը։

Ի վեր­ջոյ, հա­ւատ­քէն ի՞նչ կը մնայ… Ամե­նեւին ոչ այն պատ­րանքը, թէ քրիս­տո­նէական գերհզօր պե­տու­թիւննե­րը ամ­բողջա­պէս վստա­հելի են։ Ոչ ալ այն ակնկա­լիքը, թէ հա­ւատ­քը մեզ կը պաշտպա­նէ տա­ռապան­քէն։ Այլ՝ այն վստա­հու­թիւնը, որ Աս­տուած ներ­կայ է այնտեղ, ուր մար­դիկ զրկուած են իրենց իրա­ւունքէն, հա­լածուած, տե­ղահա­նուած եւ լռու­թեան մատ­նուած են։ Սուրբծննդեան պատ­գա­մը յաղ­թա­նակի մը հռչա­կու­մը չէ, այլ, բա­ռին բուն իմաս­տով, աւե­տիս մը, աս­տուածա­յին խո­րախոր­հուրդ խոս­տում մըն է։ Եւ թե­րեւս ճիշդ այս է պատ­ճա­ռը, որ հա­ւատ­քը կը գո­յատե­ւէ այնտեղ, ուր մնա­ցած ամէն ինչ խոր­տա­կուած է։ 

Քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քի հո­րիզո­նին վրայ պատ­մութիւ­նը պար­զա­պէս կո­րուստնե­րու յա­ջոր­դա­կանու­թիւն չէ, այլ անա­ւարտ գոր­ծընթաց, որ միշտ բաց է փո­փոխու­թիւննե­րու եւ նոր սկիզբնե­րու հա­մար։ Ոչինչ անշրջե­լիօրէն կը մատ­նուի մո­ռացու­թեան, քա­նի որ Աս­տուծոյ ներ­գործու­թիւնը չի սահ­մա­նափա­կուիր միայն պա­հի մը մէջ, այլ կը գե­րազան­ցէ ժա­մանա­կի վե­րաբե­րեալ մեր բո­լոր ըն­կա­լումնե­րը։ Այն, ինչ կո­րած կը թուի ներ­կա­յիս, տա­կաւին են­թա­կայ է վե­րափո­խուե­լու հնա­րաւո­րու­թեան, քա­նի որ Աս­տուծոյ հա­ւատար­մութիւ­նը կա­պուած չէ մարդկա­յին ու­ժի տրա­մաբա­նու­թեան կամ պատ­մա­կան որո­շումնե­րու ար­դիւնքին հետ։ Այս իմաս­տով յոյս ու­նե­նալ չի նշա­նակեր մխի­թարուիլ՝ մտա­հանե­լով կո­րուստը, ոչ ալ վա­ղաժամ յու­սադրուիլ՝ զայն վերստին նուաճե­լու պատ­րանքով, այլ համ­բե­րատար հաս­տա­տակա­մու­թեամբ յա­րատե­ւել կորսնցու­ցա­ծի ու դեռ չի­րակա­նացած ապա­գայի յա­րաբե­րու­թեան մի­ջեւ։ Այստեղ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի հա­ւաքա­կան յի­շողու­թիւնը։ Յի­շողու­թիւնը կրա­ւորա­կան յե­տադ­րաձ հա­յեաց­քով ան­ցեալին նա­յիլը չէ, այլ գի­տակ­ցուած մեր­ժումն է ան­ցեալը ան­ցած եւ զայն ան­դառնա­լի իրա­վիճակ մը հա­մարե­լու իրա­վիճա­կին։ Անոնք, որոնք կը յի­շեն՝ կը պահ­պա­նեն իրենց ինքնու­թիւնը։ Անոնք, որոնք կը յի­շեն ու կը մեր­ժեն մոռ­նալ ան­ցեալը, բաց կը պա­հեն վե­րադար­ձի, վե­րականգնու­մի եւ վե­րանո­րոգու­մի բո­լոր հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը: Հե­տեւա­բար, Քրիս­տո­սի մի­ջոցով փրկու­թեան հան­դէպ հա­ւատ­քը միշտ կ՚ընդգրկէ այն հա­մոզու­մը, որ տունդարձն ու կոր­սուածը վերստին ձեռք բե­րելը ամե­նեւին բա­ցառուած չեն։ Այսպի­սով յոյ­սը կը դառ­նայ հո­գեւոր դիր­քո­րոշում, հա­ւատ­քը՝ գո­յաբա­նական կեն­սա­ձեւ, որ կը դի­մակա­յէ ժա­մանա­կի մա­շու­մին իսկ սէ­րը՝ կեանք պար­գե­ւող զօ­րու­թիւն, որ չի լքեր կոր­սուածը, այլ զայն կը վստա­հի Աս­տուծոյ հա­ւատար­մութեան։

Սուրբծննդեան պատ­գա­մը միայն կո­րուստի փոր­ձա­ռու­թիւն չ՚ընդգրկեր, այլ նաեւ վե­րադար­ձի եւ նոր սկիզ­բի մը խոս­տումը։ Յի­սու­սի ծնունդի հրեշ­տա­կաձայն աւե­տիսին հե­տեւե­ցաւ բռնու­թիւնը՝ Բեթ­ղե­հէմի մա­նուկնե­րու կո­տորա­ծին տխուր իրա­դար­ձութիւ­նը եւ սուրբ ըն­տա­նիքին պար­տադրուած պանդխտու­թիւնը։ Սա­կայն այս եղե­լու­թիւնը չաւար­տե­ցաւ օտա­րու­թեան մէջ, այլ աք­սո­րավայր Եգիպ­տո­սէն տունդար­ձը եւ հայ­րե­նի օճա­խին մէջ կեան­քի հե­տագայ զար­գա­ցու­մը կը կազ­մեն Աս­տուծոյ փրկա­գոր­ծութեան ծրագ­րի կա­տարու­մին սկիզ­բը։ Այս լոյ­սին տակ Ս. Ծնունդը ան­մի­ջական ցա­ւէն ան­դին կը մատ­նանշէ վե­րակա­ռուցման եւ հայ­րե­նադար­ձութեան հնա­րաւո­րու­թիւնը՝ ոչ որ­պէս ան­ցեալի պարզ վե­րականգնու­մը, այլ իբ­րեւ նո­րոգուած կեանք, որ կը ծնի անձնուէր հա­ւատար­մութե­նէ, ան­նա­հանջ համ­բե­րու­թե­նէ եւ անսպառ յոյսէ։

Ա. Ք. Մ.

Ժընեւ, 5 Յունուար  2026

Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ■