Այաթոլլահ Խամենէի խստօրէն կ՚ամբաստանէ Թրամփը եւ կը դատապարտէ «ամերիկեան դաւադրութիւնը»

Իրանի մէջ, երեք շաբաթ տեւած քաոսային իրավիճակէն, զանգուածային ցոյցերէն եւ զանոնք ճնշելու համար գործադրուած ահաւոր բռնութիւններէն ետք՝ Կիրակի, Յունուար 18-ին ընդհանուր առումով՝ կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ կը թուէր։ 

Բայց այս համեմատական հանդարտութեան զուգահեռ կը շարունակուի Թեհրան-Ուաշինկթըն խիստ լարուած վիճակը։ 

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ՝ Այաթոլլա Ալի Խամենէի, Շաբաթ, Յունուար 17-ին ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանած է զայն մեղաւորը համարելով Իրանի վերջին ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն։ “Մենք ԱՄՆ-ու նախագահը մեղաւոր կը նկատենք զոհերուն, վնասներուն եւ այն մեղադրանքներուն համար, զորս ան ուղղեց պարսիկ ազգին դէմ”,– յայտարարած է ան իր համակիրներու բազմութեան՝ կրօնական տօնի մը առթիւ արտասանած ճառին մէջ։

“Սա ամերիկեան դաւադրութիւն մըն էր”,– աւելցուցած է ան, յստակացնելով որ՝ “Միացեալ Նահանգներու նպատակն է կլանել Իրանը (…). նպատակն է Իրանը վերստին դնել ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական տիրապետութեան տակ”։

Վերջին շաբաթներուն Տանըլտ Թրամփ բազմապատկած էր միջամտութեան սպառնալիքները։ Ուրբաթ օր, ԱՄՆ-ու ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի կառավարութեան՝ ցուցարարներու «բոլոր մահապատիժները» չեղեալ յայտարարելուն համար, Թեհրանին «լուրջ հետեւանքներով» սպառնալէ ետք, եթէ ցոյցերուն դէմ ճնշումները շարունակուէին։

Առնուազն 3.428 մեռեալ

Իրանի մէջ բողոքի ալիքը, որ սկսած էր Դեկտեմբեր 28-ին, խեղդուեցաւ բուռն բռնաճնշումներով։ Առաջին անգամ ըլլալով, իշխանութիւնները Ուրբաթ օր թիւ մը հրապարակած են ձերբակալութիւններու վերաբերեալ. շուրջ 3.000 հոգի ձերբակալուած է՝ ըստ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան, որ մէջբերած է երկրին անվտանգութեան պատասխանատուներուն յայտարարութիւնները. անոնք կը խօսին «զինուած անհատներ»-ու եւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ»-ու մասին։ Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ մանրամասնելով՝ պնդած է, որ իւրաքանչիւր «խռովարար»-ի մինչեւ 3.500 տոլար վարձատրութիւն վճարուած է, կամ խոստացուած է։

«Իրանի Մարդկային Իրաւանց» (Iran Human Rights) կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ Նորվեկիայէն, կը խօսի շուրջ 20.000 ձերբակալութեան եւ առնուազն 3.428 մեռեալի մասին. պարագաներ, որոնք ստուգուած են իր կողմէ կամ անկախ աղբիւրներէ։ Այլ գնահատականներ ցոյց կու տան աւելի քան 5.000 զոհ, քանի որ Յունուար 8-էն ի վեր համացանցի անջատումը դժուարացուցած է հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրասփիւռներու ստուգման աշխատանքը։

Իր ճառին ընթացքին, Ալի Խամենէի ըսած է նաեւ, թէ իշխանութիւնները պէտք է «ջարդեն գրգռողներուն մէջքը»։ “Մենք մտադրութիւն չունինք երկիրը պատերազմի տանելու, բայց պիտի չխնայենք ազգային յանցագործներուն (…)․ ազգային յանցագործներէն աւելի գէշ՝ միջազգային յանցագործներուն. անոնց եւս պիտի չխնայենք”,– յայտարարած է ան իր համակիրներուն։

Թրամփ կը վստահեցնէ, որ առանց կողմնակի ազդեցութեան որոշած է Իրանը չհարուածել

ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահեցուցած է, թէ առանց կողմնակի ազդեցութեան որոշած է ռազմական հարուածներ չհասցնել Իրանին՝ նկատի ունենալով, որ Թեհրան ջնջած է նախապէս յայտարարուած մահապատիժները։

“Ոչ ոք զիս համոզեց, ես ի՛նքս համոզուեցայ”,– ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը, երբ լրագրողները իրեն հարցուցած են, թէ արդեօք արաբ եւ իսրայէլացի պաշտօնեանե՞րը զինք համոզած են, որ չդիմէ ռազմական գործողութեան, մինչ նման քայլով կը սպառնար օրերէ ի վեր։ “Անցեալ օր 800 մահապատիժ նախատեսուած էր, ոչ ոք կախեցին։ Չեղեալ յայտարարեցին կախաղան հանելը։ Այդ մէկը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ”,– ըսած է Թրամփ։

Նախապէս, ան ըսած էր, թէ ԱՄՆ-ն «կազմ ու պատրաստ է» գործողութիւններու դիմելու, եթէ Իրանի իշխանութիւնները սպանեն ցուցարարները։ Անկէ ետք ալ զգուշացուցած էր՝ «շատ զօրաւոր քայլերու պիտի դիմենք», եթէ Իրանի մէջ կախեն ցուցարարները։

Ուաշինկթընի այս մեկնաբանութենէն առաջ, ամերիկեան լրասփիւռները, յղում ընելով տարածաշրջանային աղբիւրներուն՝ գրած էին, թէ վերջին օրերուն Քաթարը, Սաուտական Արաբիան, Օմանը եւ Եգիպտոսը կոչ ըրած են Թրամփի վարչակազմին՝ չյարձակելու Իրանի վրայ՝ զգուշացնելով, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան յանգիլ տարածաշրջանային աւելի լայն հակամարտութեան։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, Թրամփի հետ Յունուար 15-ին կայացած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, խնդրած էր անկէ յետաձգել հնարաւոր հարուածները, որպէսզի Իսրայէլ կարենայ պատրաստուիլ Իրանի հաւանական հակահարուածին։