Նորություններ

Նորություններ

Actualités Arménien
14 Հունվարի, 2026ԱՄՆ-ու կող­մէ Վե­նեզուելա­յի նա­խագահ Մա­տու­րո­յի առե­ւան­գումէն ետք Կրէօն­լանտին տի­րանա­լու սպառ­նա­լիքը, փոքր պե­տու­թիւննե­րուն վրայ զա­նազան մի­ջոց­նե­րով ազ­դե­լու, սպառ­նա­լու եւ յար­ձա­կելու կա­նաչ լոյս է։ ԱՄՆ-ն եթէ մին­չեւ հի­մա նման գոր­ծո­ղու­թիւններ ծա­ծուկ կեր­պով կը կա­տարէր իր շա­հերուն հա­կառա­կող վար­չա­կազ­մեր տա­պալե­լու հա­մար, ներ­կա­յիս այդ կը կիրարկէ ան­թա­քոյց կեր­պով իբր պե­տական ռազ­մա­վարու­թիւն ու կը յայ­տա­րարէ իր դիր­քո­րոշու­մը։ Այս առ­թիւ Արտաքին գործոց նա­խարար Մար­քօ Ռու­պիօ աներկբայ յայ­տա­րարեց, թէ Վե­նեզուելան Իրաք կամ Լի­պիա չէ, ան երկրա­գունդի Հիւ­սի­սային մա­սին կը պատ­կա­նի եւ պէտք չէ որ ԱՄ­Ն-ու հա­կառա­կորդնե­րուն ծա­ռայէ իբր կռուան, եւ թէ ան շրջա­փակու­մի մէջ պի­տի մնայ մին­չեւ որ ԱՄ­Ն-ու շա­հերը պաշ­տպանող կա­ռավա­րական ու­ժեր իշ­խա­նու­թեան գլուխ գան… ԱՄՆ-ու՝ ար­տա­քին քա­ղաքա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վարա­կան այս ու­ղին որ­դեգրե­լէն ետք, զար­մա­նալի չէ որ ռուս յայտնի հա­ղոր­դա­վար Սո­լովիով առի­թը չփախցնէ կոչ ուղղե­լու որ Ռու­սաստան եւս Հա­յաս­տա­նի դէմ «յա­տուկ ռազ­մա­կան մի­ջամ­տութիւն» կա­տարէ, այնպէս ինչպէս կա­տարեց Ուքրաինա­յին դէմ։ Սո­լովիով զգու­շա­ցուց նաեւ նախ­կին Սո­վետ. Միու­թեան թրքա­լեզու պե­տու­թիւննե­րը, որ որե­ւէ ձե­ւով ՕԹԱՆ-ին չմեր­ձե­նան։ Տրա­մաբա­նու­թիւնը շատ պարզ է ըստ Սո­լովիովի՝ «Մե­զի հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ զար­գա­ցումնե­րը շատ աւե­լի ցա­ւալի են քան Վե­նեզուելա­յին­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նը կորսնցնե­լը հսկայ խնդիր մըն է»։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը քա­ջու­թիւնը ու­նե­ցաւ Սո­լովիովի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­կազ­դե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ռու­սաստա­նի դես­պան Սեր­կէյ Քո­փիր­քի­նը կան­չե­լով նա­խարա­րու­թիւն՝ անոր յանձնե­լու պաշ­տօ­նական բո­ղոքի նա­մակ մը։ Կրնանք հարց տալ թէ ի՞նչ կ՚ար­ժեն քա­ղաքա­վար բո­ղոք­նե­րը բիրտ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թեան դի­մաց, երբ երկրա­գունդի ամէնէն հզօր պե­տու­թիւնը ինք կը մեր­ժէ խա­ղալ դի­ւանա­գիտա­կան խա­ղի օրէնքնե­րով, կը դի­մէ բիրտ ու­ժի, առանց մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի կամ ՄԱ­Կ-ի Անվտան­գութեան խոր­հուրդի հաւանու­թեան, ինչ կա­րելի է սպա­սել Ռու­սաստա­նէն ալ։  Թրամ­փի վար­չա­կար­գի MAGA (Make America Great Again  — Ամե­րիկան վերստին հզօր դար­ձուր) ազ­գայնա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը թի­րախ կ՚առ­նէ Չի­նաս­տա­նը որ­պէս երկրա­գունդի երկրորդ տնտե­սական հզօ­րու­թիւն, որ ու­նի շուրջ մէկ մի­լիառ չորս հա­րիւր մի­լիոն բնակ­չութիւն։ ԱՄ­Ն-ու մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու նոր  յար­ձա­կողա­կան ուղղու­թիւնը եւ դաշ­նա­կից­նե­րու հետ հա­կառա­կու­թիւնը, իր տնտե­սական տի­րակա­լու­թիւնը վե­րահաս­տա­տելու նպա­տակը կը հե­տապնդէ։ Բ. աշ­խարհա­մար­տի աւար­տին՝ Պաղ պա­տերազ­մին ստեղ­ծեց ՕԹԱՆ-ն ու ամե­րիկեան տո­լարը դար­ձուց մի­ջազ­գա­յին ար­ժոյթ եւ զայն պար­տադրեց մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրին մէջ, յե­տոյ ալ  կեդրոնական դրամատուներուն համար հաստատեց տո­լարը ոս­կիի վե­րածե­լու արգելք։ Կրօ­նական գոր­ծօ­նը գոր­ծա­ծեց սո­վետ իշ­խա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ, ինչպէս՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի թա­լիպան­նե­րը, Իրա­նի մէջ իս­լա­մական վար­չա­կար­գը, մին­չեւ «Իս­լա­մական պե­տու­թիւն» կազմակերպութեան երե­ւան գա­լը Արա­բական գա­րու­նի ըն­թացքին, որ նպաս­տեց Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ իրեն հա­կառա­կորդ իշ­խա­նու­թիւննե­րու տա­պալու­մին։  Կրօ­նական տար­րի գոր­ծա­ծու­թեան զու­գա­հեռ՝ տնտե­սական պատիժնե­րը, ինչպէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին դրա­մատ­նա­յին հա­մակար­գը գոր­ծա­ծելու ար­գելքը եւ խառ­նա­ձեւ (hybride) պա­տերազ­մը, թուային գոր­ծիքնե­րու եւ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան օգ­տա­գոր­ծումը դիւ­րա­ցու­ցին մի­ջամ­տութիւ­նը փոքր եր­կիրնե­րու ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ։ Նո­րու­թիւնը ԱՄՆ-ու ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան ներ­կայ ուղղու­թեան՝ ՕԹԱՆ-ի դաշ­նա­կից­նե­րուն հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թեան ժխտումն է, ինչպէս՝ Դանիոյ Կրէօն­լանտին։ Ինչ որ կը նշա­նա­կէ թէ ԱՄՆ-ու ազ­գա­յին շա­հերը այ­լեւս չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ արեւմտեան ազատ շու­կա­յակա­նու­թեան։ Մէկ խօս­քով ԱՄՆ-ն կը պատ­րաստուի նոր պա­տերազ­մի, պաշտպա­նելու հա­մար իր ազ­գա­յին շա­հերը, իր տնտե­սական կայսրու­թիւնը՝ ուր յատուկ կարեւորութիւն ունին մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրի եր­թե­ւեկե­լի ու­ղի­ներու վե­րահսկու­մը, քա­րիւ­ղի եւ այլ հան­քա­յին ար­տադրու­թիւննե­րու տի­րապե­տու­մը եւ տո­լարի պաշտպա­նու­թիւնը, որ վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի վրայ իբ­րեւ դրա­մանիշ մեծ ան­կում ապ­րե­ցաւ, Չի­նաս­տա­նի, Ռու­սաստա­նի, Իրա­նի եւ Պրիքս-ի այլ եր­կիրնե­րու կող­մէ այլեւս չգոր­ծա­ծուելով իր­բեւ մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրի արժոյթ։  Ժ.Չ. ■ [...] Read more...
14 Հունվարի, 2026Հայ գերիներու վերադարձին մասին մարդկային իրաւանց պաշտպան  Սիրանոյշ Սահակեանի կարծիքը  “Սուրիացի վարձկաններու «արժէքը» գործարքային իմաստով շատ աւելի բարձր է, քան, իմ կարծիքով՝ պատկերացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնները”,– այս մասին Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, գերիներու իրաւունքները ՄԻԵԱ-ի (Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեան) մէջ ներկայացնող Սիրանոյշ Սահակեան՝ անդրադառնալով այսօր (Յունուար 14-ին) Պաքուէն 4 հայ գերիներու ազատ արձակման ու Հայաստանի կողմէ 2 սուրիացի վարձկաններու յանձնումին վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկութիւններուն։ Panorama.am – Տիկին Սահակեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք չորս հայ գերիներու վերադարձը Հայաստան․ սա մարդասիրակա՞ն քայլ էր, թէ՞ այլ գործընթացի արդիւնք։ Սիրանոյշ Սահակեան – Բնականաբար, շատ ուրախալի է, որ գոնէ չորս հայ գերիներ, կամ աւելի ճիշդ՝ պատանդներ, վերադարձան Հայաստան։ Յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ անոնցմէ երեքը արդէն բաւական երկար ժամանակ է կը գտնուէին Պաքուի բանտերուն մէջ, իսկ Վագիֆ Խաչատրեանը ունի լրջագոյն առողջական խնդիրներ։ Սակայն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ համաժամանակեայ այլ իրադարձութեան մը վրայ․ նոյն օրը հաղորդուեցաւ, որ երկու սուրիացի վարձկաններ Թուրքիոյ միջոցաւ վերադարձուած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն։ Panorama.am – Այսինքն, ըստ ձեզի, խօսքը փոխանակմա՞ն մասին է։ Սիրանոյշ Սահակեան – Այո՛։ 2025 Դեկտեմբերին արդէն կը քննարկուէր նման հաւանական գործարքի տարբերակը։ Տեղեկութիւններ կային, որ կը բանակցուի ճիշդ վարձկաններու դիմաց հայ գերիներու ազատ արձակումը։ Պէտք է հասկնալ, որ վարձկանները զգալի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն թուրք-սուրիական շրջանակներուն համար, քանի որ զիրենք կրնան ներգրաւել այլ առաքելութիւններու մէջ։ Անոնց «արժէքը» գործարքային իմաստով շատ աւելի բարձր է, քան, իմ կարծիքովս, պատկերացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնները։ Իմ գնահատումով՝ սա անհաւասար գործարք է։ Փաստերը կը վկայեն, որ հարցերը կը շարունակեն լուծուիլ ոչ թէ մարդասիրական կամ իրաւական տրամաբանութեամբ, այլ՝ գործարքային մօտեցմամբ։ Այս երկու յանցագործներու յանձնումին դիմաց Հայաստանը կրնար աւելի մեծ թիւով հայեր հայրենադարձնել։ Panorama.am – Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ ազատ չեն արձակուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։ Ազերպայճանը այլ զիջումնե՞ր կ՚ակնկալէ։ Սիրանոյշ Սահակեան – Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցը շատ աւելի բարդ է։ Հոս մենք գործ ունինք քաղաքական հետապնդման եւ Արցախի քաղաքական միաւորի ապաօրինականացման պետական քաղաքականութեան հետ։ Իրատեսական չէր ակնկալել, որ այս փուլին անոնք կը վերադարձուին։ Ազերպայճանի քայլերը կանխատեսելի էին։ Անոնք նախ պէտք է վերադարձնէին այն անձերը, որոնք արդէն իսկ դատապարտուած են։ Իսկ Արցախի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներուն համար տակաւին դատավճիռ չկայ։ Այդ բեմականացուած դատավարութիւններուն հիմնական իմաստը դատական վճիռներու ձեռքբերումն է։ Առանց ատոնց՝ Ազերպայճանը որեւէ պարագայի զանոնք ազատ չէր արձակեր։ Հետեւաբար, այս փուլին անոնց վերադարձը բացառուած էր։ Panorama.am – Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հետագայ զարգացումները գերիներու հարցին մէջ։ Սիրանոյշ Սահակեան – Իմ գնահատումով՝ Ազերպայճանը պիտի գործէ հետեւեալ յաջորդականութեամբ․ նախ պիտի հայրենադարձնէ 2020-ին դատապարտուած գերիները, յետոյ՝ 15-ի դատավարութենէն ետք 8 քաղաքացիները, իսկ վերջաւորութեան, ամենախոշոր սակարկութեան առարկան պիտի դառնայ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ազատ արձակումը։ Այսինքն՝ անոնց վերադարձը պէտք է սպասել ամենավերջը։ Panorama.am – Կարելի՞ է ըսել, որ երկու սուրիացի վարձկանները Հայաստանի վերջին խաղաքարտն էին։ Սիրանոյշ Սահակեան – Եթէ կը խօսինք տեղական, որոշ, յստակ լծակներու մասին՝ այո՛, այդ ըստ էութեան վերջինն էր։ Սակայն Ազերպայճանը կ՚ակնկալէ նաեւ զիջումներ աւելի լայն, աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ։ Այդ աւելի մեծ օրակարգի ենթախորքին վրայ ալ կրնան տեղի ունենալ հետագայ ազատ արձակումները։ Սա նպատակային քայլ էր։ Նկատեցինք, որ ազերպայճանական կողմը որեւէ առերեւոյթ առնչութիւն ցոյց չտուաւ վարձկաններու հարցին մէջ։ Վարձկաններու փոխանցումը ներկայացուեցաւ իբրեւ թէ միջազգային իրաւական համագործակցութեան շրջանակի մէջ՝ Սուրիոյ հետ, ընդգծուեցաւ Հայաստան–Սուրիա եւ Հայաստան–Թուրքիա գիծը, իսկ հայ–ազերպայճանական բաղադրիչը դուրս մղուեցաւ։ Սա եղած է, որպէսզի Ազերպայճանը թէկուզ անուղղակի կերպով չընդունի վարձկանութեան մեղադրանքը։ Չմոռնանք, որ Արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ միջոցաւ ներգրաւուած էին վարձկաններ՝ Ազերպայճանի ցուցումով, ինչ որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն անթոյլատրելի է։ [...] Read more...
14 Հունվարի, 2026Հայ գերիներու ազատ արձակման լուրէն ետք յայտնի դարձաւ, որ նոյն օրը՝ Յունուար 14-ին Հայաստանի մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Սուրիոյ քաղաքացի վարձկաններ Եուսէֆ Ալաապեթ ալ-Հաճին եւ Մուհհրապ Մուհամմատ ալ-Շխերին, Թուրքիոյ միջոցաւ յանձնուած են Սուրիոյ իրաւասու մարմիններուն։ Արդարադատութեան նախարարութեան համաձայն՝` անոնց նկատմամբ կայացուած դատավճիռներուն հետագայ կատարումը պիտի շարունակուի իրենց քաղաքացիութեան պետութեան մէջ։ 44-օրեայ պատերազմին Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած երկու վարձկան ահաբեկիչները Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ 2021 Մայիսին դատապարտուած էին ցմահ բանտարկութեան։ [...] Read more...
14 Հունվարի, 2026Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էօլչէքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Յունուար 14-ին Հակարիի կամուրջով Ազերպայճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուեած են Հայաստանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Փաշինեան՝ նշելով, որ քիչ ետք յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ։ Յիշեցնենք, որ Գէորգ Սուճեանն ու Դաւիթ Դաւթեանը գերեվարուած էին 2020 Նոյեմբերին՝ պատերազմի աւարտէն ետք, երբ փորձած էին օժանդակութիւն հասցնել Արցախ։ Ազերպայճանի մէջ անոնք դատապարտուած էին 15 տարի բանտարկութեան։ Լիբանանահայ Վիգէն Էօլչէքճեանը գերեվարուած էր 2020 Նոյեմբեր 10-ին, Շուշիի ճամբուն վրայ։ Ան դատապարտուած էր 20 տարուան բանտարկութեան։ Ինչ կը վերաբերի Վագիֆ Խաչատրեանին, ծերունին գերեվարուած էր 2023 Յուլիսին՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, երբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ Արցախէն կը մեկնէր Հայաստան՝ բուժման նպատակով։ 2025 Դեկտեմբերի վերջաւորութեան տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ անոր առողջական վիճակը Պաքուի բանտին մէջ վատթարացած է եւ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։ [...] Read more...
13 Հունվարի, 2026Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ ԱՄՆ-ու 250-ամեակին առթիւ։ Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, Սպիտակ տան Հաւատքի հարցերու գրասենեակի գլխաւոր խորհրդական, նախագահ Տանըլտ Թրամփի հոգեւոր հովիւ Փոլա Ուայթ-Քէյն, Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Մեսրոպ եպիսկ. Պարսամեանը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ու Աղօթքի ազգային նախաճաշի շարժման առաջամարտիկ, հոգեւոր հովիւ Քրիս Հալվըրսըն։ Հայաստանի դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձեռնարկի ընթացքին Նարեկ Մկրտչեան ընթերցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ներկաներուն յղած ուղերձը։ Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԱՄՆ-ու կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, կրօնական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսներ եւ ԱՄՆ-ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Դեսպանը իր ելոյթին մէջ շնորհաւորած է Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, ընդգծած՝ Հայաստան–ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ քրիստոնէական արժէքներու դերը, կարեւոր համարած՝ ԱՄՆ-ու առաջնորդութիւնը կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած՝ Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին ընդունելութեան համար եւ նոր ձեռքբերումներ մաղթած ԱՄՆ-ին՝ 250-ամեակին առթիւ։ Փոլա Ուայթ-Քէյն իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ Սուրբ Ծննդեան ընդունելութեան կազմակերպման համար, կարեւոր համարած է վարչապետ Փաշինեանի նուիրումը հայ ժողովուրդին եւ ընդգծած, որ Հայաստան՝ որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիր, պատմութեան ընթացքին յաղթահարելով բազմաթիւ փորձութիւններ, պահպանած է իր հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ դարձած՝ հաւատքի վկայութիւն աշխարհի համար։ Ուայթ-Քէյն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին՝ յանուն հաւատքի, գործընկերութեան եւ ընդհանուր նպատակներու։ Հոգեւոր հովիւ Քրիս Հալվըրսըն իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Հայաստանի մէջ «Աղօթքի նախաճաշ»-ի կազմակերպման նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ ան կը վկայէ հաւատքի, միասնութեան եւ առաջնորդութեան արժէքներուն նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութիւնը։ Ձեռնարկի մասնակից հոգեւոր առաջնորդները շնորհաւորած են ներկաները Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին առթիւ եւ հանդէս եկած՝ աղօթքներով, իսկ մշակութային բաժնի ծիրէն ներս հնչած են կատարումներ՝ Վիեննայի երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստի համալսարանի դասախօս, դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանի, մենակատար Էտիթա Տոլունց-Քալայճեանի եւ երգեհոնահար Արմինէ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած են նաեւ հայ նկարիչ Արմէն Քանքանեանի արուեստի գործերը։ Ընդունելութեան աւարտին Ուաշինկթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն կատարմամբ հնչած է «Հայր մեր» աղօթքը։ [...] Read more...
13 Հունվարի, 2026Ամերիկահայ արտադրիչ Սեւ Օհանեան՝ «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի մրցանակակիրներու շարքին «Sinners» («Մեղաւորները») ֆիլմի ամերիկահայ արտադրիչ Սեւ Օհանեան կը գտնուի «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի (Golden Globe) մրցանակակիրներու շարքին։ Օհանեանի, ինչպէս նաեւ միւս արտադրիչներ՝ Զինզի Քուկլըրի ու Ռայըն Քուկլըրի ֆիլմը «Ոսկէ Կլոպիւս»-ի արժանացած է «Շարժանկարային եւ եկամտաբերութեան լաւագոյն նուաճում» (Cinematic and Box Office Achievement) անուանակարգին մէջ։ «Sinners»-ը յաղթող ճանչցուած է նաեւ «Լաւագոյն ինքնատիպ երաժշտութիւն» (Best Original Score) անուանակարգին մէջ․ մրցանակը յանձնուած է շուէտացի երգահան Լիւտվիկ Եորանսընին։ Յատկանշական է, որ «Sinners»-ը այս տարուան «Ոսկէ Կլոպիւս» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին երրորդ ամենաշատ թեկնածութիւն ունեցող ֆիլմն էր․ ան ներկայացուած էր 7 անուանակարգերու մէջ՝ ներառեալ լաւագոյն տրամա ժանրի ֆիլմը։ Ժապաւէնը շարժանկարի սրահներուն մէջ սկսած է ցուցադրուիլ 2025-ի գարնան։ Շուրջ 100 միլիոն տոլար պիւտճէ ունեցող ֆիլմը համաշխարհային գետնի վրայ արդէն ապահոված է 368,3 միլիոն տոլար հասոյթ։ Սեւ Օհանեան Զինզի Քուկլըրի ու Ռայըն Քուկլըրի հետ 2021 թուականին հիմնադրած է «Proximity Media»-ն։ Ամերիկեան արտադրական այս ընկերութիւնը հինգ տարուան պայմանագիր կնքած է «The Walt Disney»-ի հետ։ [...] Read more...
13 Հունվարի, 2026Հայաստանի մէջ 2025-ին հայրենադարձութեան միտումները եղած են բնականոն։ «Արմէնփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ Յունուար 12-ին կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Զարեհ Սինանեան նշած է, որ անցեալ տարի, «թէժ կէտեր»-ով պայմանաւորուած՝ հայրենադարձութեան մեծ ալիք չէ եղած, ինչպէս նաեւ հոսքը զգալիօրէն չէ նուազած։ “Վերջին տարիներուն ամենամեծ աճը արձանագրուած է 2022-2023 թուականներուն՝ ռուս-ուքրաինական առճակատման պատճառով։ Անցեալ տարի եւս հայրենադարձները հիմնականօրէն Ռուսաստանէն էին։ Այդ բնական է, որովհետեւ հոն մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Բացի ատկէ, անոնք մօտ են թէ՛ աշխարհագրականօրէն, թէ՛ հոգեբանօրէն եւ թէ ծագումնաբանօրէն։ Հայրենադարձներու յաջորդ խումբը Սուրիայէն է, այնուհետեւ՝ Լիբանանէն եւ Իրանէն։ Հայրենադարձներ ունինք նաեւ ԱՄՆ-էն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկրներէ”,– ըսած է Սինանեան։ Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնը կը շարունակէ զարգացնել իր ծրագրերը, զանոնք դարձնել թիրախային եւ սպասարկել անոնց, որոնք կը հաստատուին Հայաստան։ Ծառայութիւնները ամենատարբեր բնոյթի են՝ փաստաթուղթեր, երեխաներու՝ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ տեղաւորում, հայոց լեզուի դասընթացքներ, ծանօթութիւն աշխատանքի շուկային եւ այլն։ “Անհրաժեշտ է, որ հայրենադարձութիւնը ըլլայ աւելի ծաւալուն, որովհետեւ մենք ունինք ժողովրդագրական խնդիր։ Այդ ծաւալը կապուած է քանի մը գործօններու հետ, որոնցմէ մէկը նիւթական միջոցներու յատկացումն է։ Կասկած չունիմ, որ տուեալ փուլի մը պիտի հասնինք ատոր։ Երբ մեր անվտանգութեան հրատապ հարցերը նուազագոյն լուծում ստանան, ուշադրութիւնը պիտի սեւեռենք՝ ժողովրդագրական պատկերը հայրենադարձութեան միջոցով բարելաւելու հարցին վրայ”,– ըսած է Զարեհ Սինանեան։ [...] Read more...
13 Հունվարի, 2026Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարած է, որ կարելի չ՚ըլլար կապ հաստատել Իրանի հայ համայնքին հետ, ինչ որ մտահոգիչ է։ Ան այս մասին նշած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի 2025 թուականի աշխատանքները եւ 2026-ի ընելիքները ամփոփող ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Յու­նուար 12-ին, «Ար­մէնփրէս»-ի մամ­լոյ սրա­հին մէջ։ Ներկայացնելով, թէ Հայաստան ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ Իրանի մէջ վերջին օրերուն տիրող լարուած կացութեան եւ բողոքի լայնածաւալ ցոյցերու լոյսին տակ հոն բնակող հայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ՝ Սինանեան նշած է, որ խնդիրներ կան անոնց հետ կապ հաստատելու առումով։ “Իրանի մէջ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, երբ ցոյցերը աւելի սաստկացան, տեղեկութիւն չունինք․ այս պահուն ալ չենք կրնար կապուիլ մեր հայրենակիցներուն հետ, ինչ որ մեզ շատ կը մտահոգէ։ Պիտի շարունակենք մեր ջանքերը՝ Իրանի հայերուն հետ կապ հաստատելու համար”,–  ըսած է Սինանեան։ Ան նաեւ յիշեցուցած է 2025 Յունիսին՝ Իսրայէլի հետ 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ օրերուն տեղեկութիւնները կը ստացուէին Հայաստան-Իրան սահմանի Մեղրիի անցակէտին վրայ ստեղծուած միջոցներով։ “Այդ ժամանակ Իրանի հայերուն մասին մենք տեղեկութիւններ կը ստանայինք սահմանը անցնող մեր հայրենակիցներուն միջոցով։ Հաւանաբար նոյն բանը պէտք է այսօրուընէ սկսեալ ընել նաեւ այս պարագային, քանի որ տեղեկատուական այս դադարը մեզ շատ կը մտահոգէ”,– նշած է ան։ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը աւելցուցած է, որ այս պահուն առկայ չէ բաւարար տեղեկութիւն, որպէսզի հայերու տարհանում կազմակերպուի․ “Անմիջապէս որ համապատասխան տեղեկութիւն ունենանք Իրանի մեր հայրենակիցներուն մասին, անշուշտ այդ քայլին պիտի ձեռնարկենք”,– ըսած է Գլխաւոր յանձնակատարը։ Պատասխանելով «կարելի՞ է արդեօք մասնագիտական խումբ ուղարկել Իրան» հարցումին՝ Սինանեան նշած է, որ ներկայ պահուն այդ իրատեսական չէ։ “Այս պայմաններուն մէջ իրատեսական չէ մասնագիտական կամ որեւէ այլ խումբ ուղարկելը, քանի որ մեզի համար պատկերը տակաւին անհասկնալի է․ չենք կրնար գիտնալ, թէ ո՛ւր կ՚ուղարկենք։ Պէտք է հասկնանք, գոնէ մօտաւոր պատկերացում ունենանք, թէ ինչ կը կատարուի յատկապէս հայաշատ քաղաքներուն մէջ եւ, ըստ այնմ, կողմնորոշուինք մեր հետագայ ընելիքներուն հարցով”,– շեշտած է Սինանեան։ Սի­նանեան՝ սու­րիահա­յու­թեան. «Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ աւե­լի լաւ է, եւ եթէ կա­րելիու­թիւն ու­նիք, եկէք Հա­յաս­տան» Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ՝ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ նշելով, որ ցաւօք, Սուրիոյ մէջ կատարուողը մնայուն բնոյթ կը կրէ, եւ մարդիկ արդէն վարժուած են այդ ամէնուն։ “Ես ցաւով կ՚ըսեմ այդ, անշո՛ւշտ։ Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի մէջ շատ աւելի լաւ է, եւ եթէ կարելիութիւն ունիք, եկէք Հայաստան, քանի որ ապագան Սուրիոյ մէջ շատ մշուշոտ է”,– ըսած է Սինանեան՝ դիմելով սուրիահայերուն։ [...] Read more...
12 Հունվարի, 2026Լրասփիւռները կը հաղորդեն առնուազն 544 զոհի մասին Իրանի կառավարութիւնը եռօրեայ ազգային սուգ յայտարարած է երկրին մէջ օրերէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերու եւ անկարգութիւններու ընթացքին զոհուածերու յիշատակին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի պետական հեռատեսիլը։ Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի, որ սուգ կը յայտարարուի «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ իրանական ազգային պայքարին մէջ» զոհուածներու յիշատակին։ Կը նշուի նաեւ, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան պիտի միանայ սգոյ արարողութեան եւ կոչ կ՚ուղղէ քաղաքացիներուն՝ մասնակցելու Յունուար 12-ին կայանալիք ազգային երթին։ Իրանական կողմը ցոյցերու ընթացքին զոհերու վերաբերեալ թուային նոր տուեալներ չէ հաղորդած։ Յայտնի է միայն, որ անկարգութիւններու ատեն զոհուած է առնուազն 38 իրանցի իրաւապահ։ Արեւմտեան լրասփիւռները կը հաղորդեն քանի մը հարիւր զոհի մասին։ Յատկապէս Associated Press գործակալութիւնը, յղում ընելով գործիչներէ ստացուած տեղեկութիւններուն, կը յայտնէ, որ ցոյցերու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 544 հոգի։ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսան 2025-ի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան՝ իրանական ռիալի կտրուկ արժեզրկման եւ գերսղաճի (hyperinflation) պատճառով։ Սկիզբը բողոքի ցոյցերուն հիմնական նիւթը դարձած էին փոխարժէքի կտրուկ տատանումները եւ անոնց ազդեցութիւնը մեծածախ ու մանրածախ գիներուն վրայ։ Սակայն աւելի ուշ, Իրանի շարք մը քաղաքներուն մէջ այդ ցոյցերը վերածուեցան ոստիկանութեան հետ բախումներու, իսկ կարգախօսները ստացան քաղաքական բնոյթ՝ թիրախաւորելով Իրանի ներկայ քաղաքական համակարգը: Երկրին մէջ սահմանափակուած է համացանցի հասանելիութիւնը։ [...] Read more...
12 Հունվարի, 2026Սերժ Սարգսեան շքանշան կը յանձնէ Վլատիմիր Սոլովիովին «Միջազգային իրաւունքը՝ գրողին ծոցը, Ռուսաստան պէտք է միջամտէ Հայաստանի մէջ» «Միջազգային իրաւունքն ու համաշխարհային կարգը՝ գրողին ծոցը»-ի դարաշրջանը պաշտօնապէս ծայր առած է Մեր նախորդ խմբագրականին մէջ՝ անդրադառնալով Վենեզուելայի զարգացումներուն, նշած էինք այդ գործողութեան տեղական, առանձին դատապարտելի հանգամանքէն անդին՝ մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ան կը վերաբերէր միջազգային իրաւունքին եւ համաշխարհային կարգին ամբողջական ոտնահարման եւ այսուհետեւ զանցառման շղթայական վտանգին։ Ու ահա հազիւ շաբաթ մը ետք արդէն կը յայտնուին այդ անիշխանութեան, զանցառման համակիրներ, հետեւորդներ։  Այսպէս, ռուսական պետական հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Վլատիմիր Սոլովիով, Կիրակի, Յունուար 11-ի հաղորդումին ընթացքին պնդած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները Ռուսաստանի համար աւելի վճռորոշ են, քան Վենեզուելայի դէպքերը, եւ ռազմական միջամտութեան կոչ ըրած է։ «Խաղը վերջացած է»,– ըսած է Սոլովիով՝ օրինակ բերելով Ուքրաինայի բռնագրաւումը եւ առաջարկելով, որ Ռուսաստան անվտանգութեան նկատառումներով նմանատիպ քայլի դիմէ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Սոլովիով իր հաղորդման ընթացքին մասնաւորապէս նշած է. “Մեզի համար Հայաստանի զարգացումները շատ աւելի ցաւալի են, քան ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Վենեզուելայի մէջ։ Հայաստանը կորսնցնելը մեծ խնդիր կը ստեղծէ”։ Ապա շարունակած է. “Պէտք է յստակացնենք մեր նպատակները։ Այլեւս խաղալու ժամանակը անցած է։ Միջազգային իրաւունքն ու համաշխարհային կարգն ալ՝ գրողին ծոցը”։ Հաղորդավարը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը Ուքրաինայի մէջ «յատուկ ռազմական գործողութիւն» սկսիլը արդարացուցած է անվտանգութեան պատճառաբանութիւններով՝ պնդելով, որ Մոսկուան կրնայ նոյնը ընել նաեւ այլ տեղ։ Ինչպէս ծանօթ է, «յատուկ ռազմական գործողութիւն» եզրոյթը ռուս պաշտօնեաներուն եւ իշխանամէտ մամուլին կողմէ կ՚օգտագործուի՝ բնութագրելու համար 2022-ի Փետրուարին Մոսկուայի սկսած լայնածաւալ ներխուժումը Ուքրաինա։ «Թիւրքոլ» արտայայտութիւնն ու անցեալի սպառնալիքները Ռուսական պետական հեռատեսիլին մէջ ամէնօրեայ քաղաքական վիճարկումի յայտագրի հաղորդավար եւ միաժամանակ սեփական հեռատեսիլի տէր Սոլովիովի այս յայտարարութիւնները արձանագրուած են որպէս վերջին տարիներուն ռուսական պետական մամուլին կողմէ Հայաստանի դէմ միջամտութեան ամենաբացայայտ կոչերէն մէկը։ Սա առաջին դէպքը չէ, որ Սոլովիով թշնամական բառամթերք կ՚օգտագործէ Հայաստանի հասցէին։ Անցեալ Յունիսին, ան թիրախաւորած էր վարչապետ Փաշինեանը՝ զայն անուանելով «Թիւրքօլ» (թուրքի ծառայ/ստրուկ) եւ զգուշացուցած, որ Հայաստանի գոյութիւնը, որպէս անկախ պետութիւն, կրնայ վերջ գտնել։ Հեռարձակման համաձայնագիր եւ խախտումներ Կը նշուի, որ այս հաղորդումէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ իրաւական եւ թեքնիք միջոցներու ձեռնարկել՝ երկրի լրատուական դաշտին մէջ ռուսական պետական քարոզչութիւնը արգիլելու նպատակով։ Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի երկկողմ համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ հանրային հեռատեսիլներու հաղորդումներուն զերծ մնալ ատելութեան խօսքէ եւ թշնամական հռետորաբանութենէ։ 2021-ին թարմացուած այս համաձայնագրի ծիրէն ներս՝ ռուսական պետական հեռատեսիլի երեք ալիքներ Հայաստանի մէջ կը հեռարձակուին բաց (չծածկագրուած) կապով։ Սակայն ռուսական կողմը յաճախ կը խախտէ այս յանձնառութիւնը։ Անցեալ Յունուարին Հայաստան Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած էր Ռուսաստանի դեսպանը՝ պաշտօնապէս բողոքելու ռուսական պետական հեռատեսիլի հաղորդման ընթացքին հնչած խօսքերուն դէմ։ Բողոքագիրը կը վերաբերէր «Շաբթուան լուրեր» ծրագրի հաղորդավար Տմիթրի Քիսելիովի յայտարարութիւններուն։ Ան կրկնած էր Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի տարածքային պահանջները եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի յարձակողական խօսոյթը, ինչպէս նաեւ սպառնացած էր, որ Երեւանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ կապերը խորացնելու պարագային՝ Ռուսաստան կրնայ դադրեցնել կազի մատակարարումը Հայաստանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սոլովիովի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ բողոքագիր յանձնած է  Ռուսաստանի դեսպանին Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կանչուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիր, որուն մէջ խոր վրդովում արտայայտուած է Վլատիմիր Սոլովիովի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան։ “Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը կանչուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր յանձնուեցաւ բողոքագոր, ուր խոր վրդովում արտայայտուած է պետական լրասփիւռներու համակարգին մաս կազմող հեռատեսիլէն սփռուած յայտագրի ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ: Բողոքագրին մէջ ընդգծուած է, որ նման յայտարարութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն են ու թշնամական դրսեւորում եւ կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքները”,– նշած է ան: [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Պատճառը՝ Եկեղեցւոյ բարեկարգման համար Փաշինեանի առած քայլերուն միանալն է Զօրավար-մայոր Կարէն Շաքարեան զրկուած է Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական պարգեւէն Եկեղեցւոյ բարեկարգման համար Փաշինեանի առած քայլերուն միանալուն պատճառով։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի՝ 2026 Յունուար 9-ին ստորագրած պաշտօնական հրամանագրով, Շաքարեան զրկուած է «Արցախի հերոս» կոչումէն։ Որոշումը ի զօրու դարձած է ստորագրման պահէն։ Կոչումէն զրկելու որոշումը յաջորդած է Շաքարեանի մասնակցութեան՝ Յունուար 6-ին Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած պետական ուխտագնացութեան։ Շաքարեանի ներկայութիւնը նկատուած է «Եկեղեցւոյ դէմ արշաւ»-ին ցուցաբերուած բացայայտ հաւանութիւն։ «Արցախի հերոս» կոչումը Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական պարգեւն է, որ կը շնորհուի բացառապէս Արցախի եւ անոր ժողովուրդի պաշտպանութեան մէջ մատուցուած բացառիկ ծառայութիւններու, առաջնորդութեան եւ զոհողութեան համար։ Երբ հարցում ուղղուած է Շաքարեանին, ան պատասխանած է, թէ որեւէ հարցում պէտք է յղել Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին։ Շաքարեան ներկայիս կը վարէ այդ նախարարութեան Զինուորական վերահսկողական ծառայութեան պետի առժամեայ պաշտօնակատարի պաշտօնը։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Փօ քաղաքը (Pau) իր մշակութային աշխուժութեան նոր հանգրուան մը կը նշէ «Մայրիկ»-ի՝ քաղաքի առաջին հայկական մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացումով։ «Հայկական Շարժում» (Le Mouvement Arménien) միութեան մաս կազմող այս իւրայատուկ վայրը կը միտի ըլլալ փոխանցման, հաղորդակցութեան եւ յայտնաբերումի կենդանի տարածք մը՝ բաց բոլորին համար։ «Մայրիկ» մշակութային կեդրոնը, ինչպէս անունն իսկ ցոյց կու տայ, առաքելութիւնն ունի ուսուցանելու հայոց լեզուն, փոխանցելու հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ արուեստի, երաժշտութեան եւ աւանդական պարի միջոցաւ ապրեցնելու անոր գեղարուեստական արտայայտութիւնները։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի մանուկներուն եւ նոր սերունդներուն՝ մտերմիկ եւ հոգատար միջավայրի մը մէջ քաջալերելու համար ուսումն ու մշակութային փոխանցումը։ 2023-ին Փոյի մէջ հիմնուած «Հայկական Շարժում»-ը արագօրէն դարձաւ շրջանի յանձնառու մշակութային դերակատարներէն մէկը։ Միութիւնը կը ջանայ համախմբել Փոյի բնակիչները, հայ ընտանիքները, Հայաստանի բարեկամներն ու հետաքրքրուողները՝ բոլորին հասանելի մշակութային ձեռնարկներու շուրջ, խթանելով միջ-մշակութային երկխօսութիւնն ու համակեցութիւնը։ Այս հիմնական ծրագիրը կեանքի կոչուած է Փօ քաղաքին հետ ամուր գործակցութեամբ եւ քաղաքապետ Ֆրանսուա Պայրուի հովանիին ներքոյ։ Քաղաքապետարանի մնայուն աջակցութիւնը թոյլ տուաւ միութեան իրականացնել այս յաւակնոտ նախաձեռնութիւնը՝ այսպէսով ամրապնդելով տեղական մշակութային կեանքն ու համաշխարհային մշակոյթներու տարածումը քաղաքին սրտին մէջ։ «Մայրիկ»-ի բացումով, Փօ քաղաքը կը դառնայ հայկական մշակոյթի նոր եւ կարեւոր կեդրոն մը Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքին մէջ։ Կեդրոնը այժմ կը ծրագրէ զարգացնել կանոնաւոր գործունէութիւն՝ լեզուի լսարաններ, պարի դասընթացքներ, գեղարուեստական աշխատանքներ, մշակութային հանդիպումներ եւ հանրային ձեռնարկներ։ «Մայրիկ»-ը նախ եւ առաջ կ՚ուզէ ըլլալ կեանքի, փոխանցման եւ եղբայրութեան վայր մը, ուր հայկական մշակոյթը պիտի կարենայ լիարժէք արտայայտուիլ եւ շարունակել տարածուիլ՝ այսօր եւ գալիք սերունդներուն համար։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Լոնտոնի սրտին մէջ գտնուող աշխարհահռչակ խուզարկու Շերլոք Հոլմսի տուն-թանգարանին պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է հայկական անունի մը՝ Կրէյս Էյտինեանցի (Grace Aidiniantz) հետ։ Կրէյս Էյտինեանց ծնած է 1927 Օգոստոս 24-ին, Լոնտոն։ Զաւակն էր Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան կայսրութենէն Ռուսաստան, հոնկէ ալ Մեծն Բրիտանիա գաղթած հայ ընտանիքի մը։ 1990-ին, երեք զաւակներու մայր եւ Արթուր Քոնան Տոյլի ստեղծագործութիւններու երկրպագու Կրէյսը համարձակ քայլի մը դիմեց։ Ան վաճառեց իր սեփական բնակարանը եւ ամբողջ գումարը ներդրաւ Պեյքըր փողոցին (Baker Street) վրայ գտնուող շէնքի մը գնման մէջ։ Թէեւ շէնքը կը կրէր 239 թիւը, Կրէյս եւ անոր որդին՝ Ճոն Էյտինեանց, յաջողեցան զայն պաշտօնապէս արձանագրել իբրեւ հանրածանօթ «221B» հասցէն, ուր ըստ վէպերուն՝ 1881-1904 թուականներուն ապրած են Շերլոք Հոլմսն ու Տոքթ. Ուաթսընը։ 1815-ին կառուցուած այս շէնքը, հակառակ անոր որ յօրինուած կերպարի մը բնակարանն է, կառավարութեան կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ճարտարապետական եւ պատմական արժէք ներկայացնող կառոյց։ Թանգարանը անմիջապէս մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց՝ գրաւելով հազարաւոր զբօսաշրջիկներ եւ ընտանիքին ապահովելով մեծ հարստութիւն (մօտ 20 միլիոն փաունտ սթերլինկ)։ Սակայն, Կրէյս Էյտինեանցի կեանքը ունեցաւ ողբերգական աւարտ մը։ Ան մահացաւ 2015 Նոյեմբեր 28-ին, ծերանոցի մը մէջ, 88 տարեկանին։ Ըստ մամլոյ հրապարակումներուն, ան հեռացաւ կեանքէն «սիրտը կոտրած»՝ ականատես ըլլալով իր զաւակներուն (որդւոյն՝ Ճոնի եւ երկու դուստրերուն) միջեւ ծագած դաժան ֆինանսական եւ իրաւական վէճերուն, որոնք կը վերաբերէին թանգարանի սեփականութեան եւ եկամուտներուն։ Յատկանշական է, որ Կրէյս Էյտինեանց երկար տարիներ եղած է նաեւ Լոնտոնի «Aid Armenia International» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէնը՝ ջանալով աջակցիլ հայ ժողովուրդին եւ աշխարհին ներկայացնել Հայաստանի պատմութիւնը։ Այսօր անոր գործը կը շարունակէ որդին՝ Ճոն Էյտինեանց։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Լիլիթ Բարսեղեանի «Unknown Artefact» ժապաւէնը, որ ամբողջութեամբ ստեղծուած է արհեստական բանականութեան (AI) միջոցաւ, շահած է «Լաւագոյն AI Ֆիլմ» մրցանակը՝ AI Միջազգային ֆիլմի փառատօնին (AI International Film Festival)՝ դառնալով կարեւոր հանգրուան մը հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ։ Այս ֆիլմը Հայաստանի առաջին գեղարուեստական արտադրութիւնն է, որ ամբողջովին պատրաստուած է ԱԲ (AI) արհեստագիտութեամբ։ 2025 Նոյեմբերին աւարտած «Unknown Artefact»-ը Դեկտեմբերին ներկայացուած է միջազգային մրցոյթին եւ մրցանակը ստացած՝ Դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած ցուցադրութեան ընթացքին։ Բարսեղեան, որ նախապէս արտադրած է քանի մը երկար եւ կարճ վաւերագրական ժապաւէններ, 2025-ին դիմեց արհեստական բանականութեան՝ ստեղծելու համար իր առաջին գեղարուեստական գործը։ «Unknown Artefact»-ը ամբողջութեամբ հեղինակային գործ մըն է. Բարսեղեան ոչ միայն ստեղծած է ֆիլմը AI գործիքներով, այլեւ գրած է բեմագրութիւնը եւ հեղինակած՝ երաժշտութիւնը։ Ժապաւէնին երաժշտութիւնը նոյնպէս ստեղծուած է AI-ի միջոցաւ՝ ընդգրկելով հայկական եւ դասական երաժշտութեան տարրեր։ Ժապաւէնը անգլերէն է եւ կը տեւէ 19 վայրկեան։ 2021-ին հիմնուած AI Միջազգային ֆիլմի փառատօնը աշխարհի առաջին փառատօնն է, որ նուիրուած է բացառապէս արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած ֆիլմերու։ Անկախ փառատօնը ունի մրցանակային բազմաթիւ անուանակարգեր եւ կը կազմակերպէ ամսական ցուցադրութիւններ ու մրցոյթներ Հոլիվուտի մէջ, ինչպէս նաեւ առցանց ցուցադրութիւններ՝ միջազգային հանդիսատեսին համար։ Փառատօնի պաշտօնական կայքէջին վրայ «Unknown Artefact»-ը նկարագրուած է որպէս «անսպասելիօրէն հզօր 19 վայրկեաննոց սուզում մը դէպի բեկորուած գիտակցութեան խորքերը. միաժամանակ գիտա-երեւակայական, հոգեբանական տրամա եւ փորձառական տենդային երազ»։ Դատակազմը գնահատած է ֆիլմին ոչ-գծային պատումը, տեսողական աղաւաղումներու դիտաւորեալ օգտագործումը՝ իբրեւ ներքին քայքայման փոխաբերութիւն, եւ զուսպ բայց ներգրաւող նկարահանումը՝ նշելով, որ տեսողական ազդեցութիւնները կը ծառայեն պատմութեան, այլ ոչ թէ կը ճնշեն զայն։ Ժապաւէնը կը պատմէ Լիլիի մասին՝ երիտասարդ կին մը, որ մասնագիտական յաջողութեան հասած է որպէս արուեստի համադրող եւ արտաքուստ կը վայելէ երջանիկ ընտանեկան կեանք։ Սակայն այս արտաքին կայունութեան տակ թաքնուած է չլուծուած փառասիրութիւն մը՝ որպէս նկարիչ ճանչցուելու փափաքը։ Իր հետքը ձգելու մոլուցքով տարուած՝ Լիլին կը փորձէ իր անունը փորագրել ամէն տեղ՝ արխիւներէն ու լեռնագագաթներէն մինչեւ ովկէանոսի յատակը, միաժամանակ պայքարելով ստեղծագործական ձախողութեան խոր վախին դէմ։ Ճանաչում գտնելու իր այս յաճախանքը ի վերջոյ կը մղէ զինք վտանգելու ամէն ինչ՝ որպէս իր ժամանակի մեծագոյն վերացական նկարիչը (abstractionniste) յիշուելու համար։ Ըստ Բարսեղեանի, Լիլիի կերպարը կը ցոլէացն ծանօթ պայքար մը։ «Ան ունի այն նոյն խնդիրը, որ ունին մեզ շրջապատող շատ մը մարդիկ. մշտապէս կը ծրագրեն ստեղծել բան մը, սակայն երբեք քայլեր չեն առներ այդ ուղղութեամբ»,– ըսած է բեմադիրը։ Պատմութիւնը անսպասելի շրջադարձ մը կը ստանայ՝ ի վերջոյ յուշելով, որ ժամանակը կը պահպանէ միայն այն, ինչ որ իսկապէս իրական է։ Մեկնաբանելով մրցանակը՝ Բարսեղեան ըսած է, թէ նման հեղինակաւոր միջազգային փառատօնի մը յաղթական դառնալը թէ՛ ներշնչող է եւ թէ՛ մղիչ ուժ, որ զինք կը քաջալերէ շարունակելու նոր ստեղծագործական ծրագրերու մշակումը։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Կանոնական դաշտ վերադառնալու քանի մը յորդորներէ ետք, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատ կացուցած է վարչապետին միացած Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։ Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Տնօրինման համար հիմք ծառայած են առաջնորդի հանգամանքը չարաշահելու, պարտականութիւններուն մէջ թերանալու, թեմի եկեղեցականաց նկատմամբ հարկադրանք ու ճնշումներ գործադրելու պարագաները։ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ․ Ռուբէն վարդապետ Զարգարեանը»։ Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեան Վեհափառին հրաժարականը պահանջող 10 եպիսկոպոսներու շարքին է։ Առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք Կաթողիկոսը պիտի ազատէ նաեւ վարչապետին միացած միւս ինը եպիսկոպոսները։ Կաթողիկոսի որոշումէն ետք՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ գրառումով մը յայտնած է. «Ըսած եմ արդէն, որ Կտրիճ Ներսիսեանը Ամենայն հայոց կաթողիկոս չէ եւ հետեւաբար այդ դիրքէն անոր կայացուցած որոշումները մեզի համար արժէք չունին եւ առ ոչինչ են։ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան կը շարունակէ մնալ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ»։ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան նախապէս «Առաւօտ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, թէ Կաթողիկոսին վերագրուող մեղադրանքներուն վերաբերեալ փաստեր դրուած են իրենց առջեւ, որմէ ետք ինք հասկցած է, թէ ինչո՛ւ Եկեղեցին ներքաշուեցաւ քաղաքականութեան մէջ։ Թէ ո՛վ եւ ինչպիսի՞ փաստեր դրաւ Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող եպիսկոպոսին առջեւ, Գէորգ Սրբազանը չէր մանրամասնած, բայց պնդած էր. «Հայ եկեղեցին միայն մեր ազգային շահին պէտք է ծառայէ, եւ ոեւէ մէկը, ո՛վ ալ ըլլայ, իրաւունք չունի Եկեղեցին ներքաշելու քաղաքական պայքարի մէջ՝ զայն ծառայեցնելով օտար շահերու»։ Լրագրողին հարցումին, թէ «հիմա Դուք կը հաւատա՞ք, որ Եկեղեցւոյ առաջնորդը գործակալ է»,– ան պատասխանած էր. «Փաստաթուղթեր, հանդիպումներու արձանագրութիւններ… դեռ ի՞նչ ըսեմ»։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Եկեղեցականաց շրջանակին մէջ կը շարունակուին արձագանգները՝ կապուած Հայաստանի վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեան։ Վերջին տուեալներով, նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը յայտնած եւ միացած են հետեւեալ հոգեւորականները. Մովսէս քահանայ Աշուրեան Գալուստ քահանայ Սահակեան Մաշտոց քահանայ Ստեփանեան Մկրտիչ քահանայ Մուշատեան Պօղոս քահանայ Միքայէլեան Մովսէս քահանայ Աշուրեան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է. «Ես՝ Տէր Մովսէս քահանայ Աշուրեանս, կ՚ողջունեմ եւ կ՚աջակցիմ Հայաստանի վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարեկարգման յայտարարութեան՝ միանալով բարենորոգման նախաձեռնութեան»։ Միւս կողմէ, «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարենորոգում» դիմագիրքեան էջը կը տեղեկացնէ Մկրտիչ քահանայ Մուշատեանի միանալուն մասին. «Ես՝ Տէր Մկրտիչ քահանայ Մուշատեանս, կ՚ողջունեմ ՀՀ վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարեկարգման յայտարարութիւնը, կ՚աջակցիմ եւ կը միանամ բարենորոգման յայտարարութեան»։ Յիշեցնենք, որ Յունուար 5-ին, Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան, ողջունելով վարչապետին եւ տասը սրբազաններուն կողմէ կազմուած Համակարգող խորհուրդի ստեղծումը, յայտարարած էր, որ կը միանայ անոնց՝ ընդունելով հռչակագրին բովանդակութիւնն ու ճանապարհային քարտէսը։ *** Մենք, զգուշութիւն համարելով՝ նշեցինք միայն այն հինգ անունները, որոնք մամուլին մէջ «պաշտօնապէս» յայտարարուած են։ Սակայն, ընկերային ցանցերու մէջ Յունուար 10-ին կը խօսուէր մինչեւ քսան անունի մասին։  [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Հալէպի հիւսիսային թաղամասերը վերահսկող քրտական կառոյցները մերժած են Դամասկոսի տարհանման առաջարկը։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։ Քիւրտերու բնակած Աշրաֆիյէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերը ղեկավարող տեղական խորհուրդները մերժած են կառավարական ուժերուն հետ զինադադարի հաստատումէն ետք այս շրջաններէն հեռանալու առաջարկը։ «Տարհանման տարբերակը իրականութեան մէջ անձնատուր ըլլալու առաջարկ է, որ մեզի համար անընդունելի է։ Մենք պիտի շարունակենք մնալ Հալէպի քրտական թաղամասերուն մէջ՝ պաշտպանելով զանոնք»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Ամիսներ ետք, նոյնիսկ օրացուցային հաշուով՝ տարի մը ետք, կը թուի, թէ Թրամփ դեռ չէ մարսած Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին իրեն չշնորհուիլը։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ու նախագահը գրած է. «Առանց իմ միջամտութեան՝ Ռուսաստան այսօր տիրացած կ՚ըլլար բովանդակ Ուքրաինային։ Առանձինս վերջ դրի 8 պատերազմի, իսկ Նորվեկիան որոշեց ինծի չպարգեւել Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը։ Բայց այդ կարեւոր չէ։ Կարեւորն այն է, որ ես փրկեցի միլիոնաւոր կեանքեր»։ Այս տողերը կարդալով՝ մարդ ակամայ կը հարցադրուի, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս միլիոնաւոր կեանք փրկած է։ «Բայց այդ կարեւոր չէ»։  [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026“Ազերպայճանական բանակի կարողութիւններու ընդլայնումը Պաքուի հետ մեր գործընկերութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է”, – APA գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ Դաշինքի գրասենեակի ղեկավար Ալեքսանտր Վիննիքով։ Ըստ անոր՝ Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի նպատակներէն մէկն ալ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն եւ Ազերպայճանի զինուած ուժերուն «համատեղելիութեան ամրապնդումն է»։ “Ազերպայճանը ՕԹԱՆ-ի հաւատարիմ գործընկերն է։ Պաքուն անդամ պետութիւններէն շատերուն հետ կը համագործակցի տարբեր ասպարէզներու՝ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան բարեփոխումներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ առցանց անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ”,– նշած է Վիննիքով։ [...] Read more...
11 Հունվարի, 2026Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, Թրամփ պատրաստ է օգնելու, իսկ վարչակարգը կը սպառնայ Շաբաթ, Յունուար 10-ի երեկոյեան Թեհրանի եւ Իրանի քանի մը այլ քաղաքներու մէջ (Մաշհատ, Թաւրիզ, Ղոմ) հակակառավարական ցոյցերը շարունակուած են։ Ցուցարարները կը վանկարկեն «Մահ Խամենէիին» եւ կը պարզեն Շահի ժամանակաշրջանի դրօշները։ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ «Իրանը ազատութեան կը ձգտի» եւ Միացեալ Նահանգները «պատրաստ են օգնելու»։ Ան զգուշացուցած է Թեհրանը՝ յայտարարելով. «Աւելի լաւ է չսկսիք կրակել, որովհետեւ մենք ալ պիտի սկսինք կրակել»: Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին հակազդելով Թրամփի այս յայտարարութիւններուն՝ կոչ ուղղած է անոր, զբաղելու ԱՄՆ-ու ներքին խնդիրներով: Ան ցուցարարները որակած է «օտարերկրեայ վարձկաններ» եւ զգուշացուցած է, որ Իրանը պիտի չհանդուրժէ զանոնք: Ըստ Wall Street Journal-ի, Ուաշինկթընի մէջ կը քննարկուին նոյնիսկ Իրանի ռազմական կառոյցները հարուածելու տարբերակներ, թէեւ վերջնական որոշում դեռ չկայ։ Իսկ Իրանի իշխանութիւնները խոստացած են խստիւ հակազդել փողոց իջնողներուն։ Յեղափոխութեան պահապան գունդը ցուցարարները որակած է «ահաբեկիչներ»՝ զգուշացնելով, որ վարչակարգին պահպանումը «կարմիր գիծ» է։ Իրանի բանակն ալ խոստացած է պաշտպանել ազգային շահը եւ պետական կառոյցները՝ քաղաքացիներուն կոչ ընելով զգօն ըլլալու եւ խափանելու «թշնամիին դաւադրութիւնները»: Միւս կողմէ, Շահին որդին՝ Ռեզա Փահլաւի, կոչ ուղղած է ժողովուրդին գրաւելու քաղաքներու կեդրոնները եւ սկսելու համազգային գործադուլ՝ յատկապէս փոխադրութեան եւ ուժանիւթի (նաւթ/կազ) ոլորտներուն մէջ։ Զոհեր եւ մեկուսացում Երկրին մէջ համացանցը գրեթէ ամբողջութեամբ խզուած է արդէն 48 ժամէ ի վեր, ինչ որ կը դժուարացնէ տեղեկութիւններու ստուգումը։ Ըստ իրաւապաշտպաններու, Դեկտեմբեր 28-էն ի վեր սպանուած է առնուազն 51 ցուցարար (որոնցմէ 9-ը՝ երեխաներ), իսկ հիւանդանոցները ծանրաբեռնուած են վիրաւորներով, որոնք ստացած են հրազէնային վնասուածքներ՝ գլխու եւ պարանոցի հատուածներուն վրայ։ [...] Read more...
10 Հունվարի, 2026Հայաստանի մէջ կայ ոլորտ մը, որ յեղափոխութենէն առաջ կը գտնուէր ընդհանրապէս իշխանութեան ձեռքը, իսկ յեղափոխութենէն ետք՝ ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող կեդրոններու ազդեցութեան տակ. խօսքը լրասփիւռներու էական մէկ հատուածին մասին է։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին վրայ գրած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Արուսեակ Մանաւազեան՝ շարունակելով. «Մինչեւ յեղափոխութիւնը բազմաթիւ լրասփիւռներ նիւթապէս կախեալ էին իշխանութենէն եւ այդ պատճառով սահմանափակ էին իրենց քննադատութեան մէջ։ Յեղափոխութենէն ետք այդ իրավիճակը փոխուեցաւ. այսօր մամլոյ զգալի հատուածը այլեւս չի գանձատրուիր իշխանութեան կողմէ, սակայն յայտնուած է ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող մեծ գանձատրական կեդրոններու ազդեցութեան տակ՝ Կարապետեան, Քոչարեան, Սարգսեան։ Արդիւնքը՝ ստեղծուած է միջավայր մը, ուր մեծ նիւթական միջոցներ ունեցող շրջանակները կը փորձեն բուռն կերպով յառաջ մղել իրենց քաղաքական օրակարգը՝ յաճախ կիրարկելով ապատեղեկատւութիւն, միակողմանի ներկայացում եւ սուր հակաքարոզչութիւն իշխանութեան դէմ։ Հանրային դաշտին մէջ լայնօրէն կը շրջին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց քաղաքական որոշ ուժեր իրենց ի նպաստ գործող մամուլի աշխատակիցներուն կը վճարեն միլիոններու հասնող աշխատավարձեր։ Արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ մարդիկ առանց որեւէ դժուարութեան մէկ կողմ կը նետեն լրագրական բարոյագիտութիւնը, կը զբաղին ինքնագովազդով եւ զուգահեռաբար իշխանութիւններուն դէմ ատելութեան խօսք կը տարածեն։ Խնդիրը քննադատութեան մէջ չէ. քննադատութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ առողջ քաղաքական համակարգի մէջ։ Խնդիրը գործիքակազմին մէջ է, երբ մամուլը կը դադրի գործելէ հանրային շահին համար եւ կը սկսի ծառայել որոշ գանձատրողներու կամ քաղաքական կեդրոններու նպատակներուն։ Այդ պահէն սկսեալ լրագրական բարոյագիտութիւնը կը մղուի երկրորդ կարգ, իսկ տեղեկատուական դաշտը կը վերածուի շահարկման գործիքի։ Նոյն այդ լրասփիւռները, որպէս ռազմավարական կանոն, ամբողջութեամբ ընդդիմադիր դիրք չեն բռներ. անոնք ընտրողաբար հարթակ կը տրամադրեն տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն, սակայն զիրենք գանձատրողներուն նոյնիսկ ամէնէն վատորակ կամ անիմաստ գրառումները աշխուժօրէն կը տարածեն։ Այս համայնապատկերին վրայ որակեալ, անկախ եւ հաւասարակշռուած մամուլը հազուադէպ կ՚երեւի. ան պարզապէս չի կրնար նիւթապէս մրցիլ հզօր, բայց բովանդակային առումով դատարկ եւ ցած որակով արտադրանքին հետ։ Սա լրագրական ազատութեան դէմ խօսք չէ, ընդհակառակն՝ ակնկալիքը այն է, որ լրագրողներն ու լրասփիւռները ըլլան այնքան անկախ եւ արհեստավարժ, որ կարենան առարկայօրէն քննադատել իշխանութիւնները՝ միաժամանակ չլռելով միւս քաղաքական դերակատարներու սխալներուն մասին։ Այս երկրին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ դրական գործընթացներ, որոնք նոյնպէս արժանի են լուսաբանման»։ [...] Read more...
10 Հունվարի, 2026Մինչ Հայաստան սկսած է ջանքեր գործադրել իր տարածքը պատրաստելու տարածաշրջանային ապաշրջափակման եւ TRIPP ծրագրի իրագործման համար, լուրջ խնդիրներ ծագած են երկաթուղային ցանցի կառավարիչին՝ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան հետ, որուն քոյր ձեռնարկութիւնը՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ն կը տնօրինէ հայկական երկաթուղիները։ Եւ անցեալին կնքուած պայմանագիրը կը նախատեսէ այդ գործարքը շարունակել մինչեւ 2038 թուական։ Արդարեւ, «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը գտնուի սնանկութեան եզրին։ Անոր պարտքը գերազանցած է 50 միլիառ տոլարը (4 թրիլիոն ռուբլի), ինչ որ ստիպած է կրճատել աշխատակազմը եւ վաճառքի հանել Մոսկուայի կեդրոնատեղին։ Ռուս վերլուծաբաններ եւ նախկին պաշտօնեաներ կը նշեն, որ բացի պատերազմական վիճակէն, ընկերութիւնը կը տառապի ահաւոր եղծանումէ (corruption), ուր գողութիւնները կը հասնին միլիառներու։ Փաշինեանի առաջարկը Մոսկուային  Նկատի ունենալով այս վիճակը՝ վարչապետ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Վլատիմիր Փութինին յայտնած է, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է արագ վերականգնել ենթակառոյցները։ Վարչապետը շեշտած է, որ եթէ ռուսական կողմը ի վիճակի չէ այդ ընելու, Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է ետ առնելու երկաթուղիի կառավարման իրաւունքը։ Պայմանագրի լուծարման կարելիութիւնը  Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմը կրնայ վաղաժամ լուծարքի ենթարկել պայմանագիրը։ Թէեւ կան որոշ ֆինանսական պարտաւորութիւններ, սակայն փաստաթուղթը ճկուն է եւ թոյլ կու տայ փոխադարձ համաձայնութեամբ վերանայիլ կէտերը։ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-էն հաստատած են, որ գոյքը կը պատկանի Հայաստանին եւ կառավարութեան որոշումով կարելի՛ է վերադարձնել անոր կառավարումը։ *** Խնդի­րը միայն դրա­մական չէ, այ­լեւ՝ թեք­նիք։ «Ռու­սա­կան եր­կա­թու­ղի­ներ» ըն­կե­րու­թիւնը ծանր հա­րուած ստա­ցաւ, երբ արեւմտեան պատ­իժնե­րուն պատ­ճա­ռով գեր­մա­նական «Siemens» ըն­կե­րու­թիւնը դադ­րե­ցուց հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։ Սա կը նշա­նակէ, որ ռու­սա­կան կող­մը այ­լեւս չի կրնար հայ­թայթել ար­դիական գնացքնե­րու անհրա­ժեշտ պա­հես­տա­մասե­րը։ Հե­տեւա­բար, Հա­յաս­տա­նի մէջ խոս­տա­ցուած ներդրումնե­րը ոչ միայն ֆի­նան­սա­պէս անկարելի են, այ­լեւ ֆի­զիքա­պէս՝ անի­րագոր­ծե­լի, քա­նի որ Մոս­կո­ւան ինքն իսկ սար­քա­ւորումնե­րու լուրջ պա­կաս ունի։ Սա եւս խորհրդածութեան տեղիք կու տայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան ստիպուած է այլընտրանքներ փնտռելու։ [...] Read more...
10 Հունվարի, 2026ՀԵՑ-ի (Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր) առժամեայ կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ Յունուար 9-ին կատարած է գրառում մը՝ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութեան, թէ «Հայաստանի մէջ չկայ գոնէ մէկ ընտանիք, որմէ նախորդող շրջանին ՀԵՑ-ը դրամ չէ գողցած»։ «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի (ՀԾԿՅ) նախագահին ՀԵՑ-ի նկատմամբ յարուցած վարչական վարոյթի շրջանակին մէջ, վերջինիս կողմէ նշանակուելով ՀԵՑ-ի առժամեայ կառավարիչ՝ աւելի քան 5 ամսուան գործունէութեան ընթացքին կը տիրապետեմ այնպիսի տեղեկութիւններու եւ փաստերու, որոնք ուղղակի կը հաստատեն վարչապետին խօսքերը: Աւելին՝ ՀԵՑ-ի կառավարման նախորդ շրջանի բազմաթիւ խախտումներու, ակնյայտօրէն յանցանք հանդիսացող փաստերու հիման վրայ այս պահուն Քննչական յանձնախումբին եւ Եղծանման դէմ պայքարի յանձնախումբին (Հակակոռուպցիոն կոմիտէ) կողմէ նախաձեռնուած են շուրջ երկու տասնեակ քրէական վարոյթներ։ Այդ փաստերուն ու համակարգային խախտումներուն հիմքով էր նաեւ, որ ՀԾԿՅ-ն յարուցուած վարոյթի աւարտին 2025 Նոյեմբեր 17-ին ՀԵՑ-ը զրկեց բաշխման արտօնագրէն։ Ի՞նչ նկատի ունի վարչապետը, երբ կ՚ըսէ, թէ “ՀԵՑ-ը դրամ գողցած է” մեր ժողովուրդէն. Սա արդէն իսկ հիմնաւորուած է քանի մը քրէական վարոյթներու նիւթերով, որոնք կը վերաբերին ՀԵՑ-ի բաժանորդ տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու, կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու սպառած ելեկտրականութեան ծաւալներու ահռելի յաւելագրումներու. անոնք երկար տարիներ վճարած են իրենց չսպառած ելեկտրականութիւնը։ Սա կը վերաբերի ինքնավար ուժանիւթ արտադրող բաժանորդներու, հազարաւոր ընտանիքներու արեգակնային վահաններուն արտադրած ելեկտրականութեան ծաւալներու ահաւոր չափերով թերգրանցումին. վերջիններս իրենց օրինական արտադրանքին համար որեւէ ձեւով չեն փոխհատուցուած։ Սա կը վերաբերի նաեւ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արդէն սուղ սակագինին մէջ ուղղակի ընդգրկուած ներդրումային ծրագրի ծախսային յօդուածներուն, որոնք երկար տարիներ իրականացուած են փակ տնտեսական մենաշնորհային արժեշղթայի գործադրմամբ՝ շուկայական գիներէն բազմապատիկ անգամ բարձր եւ ուռճացուած արժէքներով, իսկ ատոր դիմաց վճարած է Հայաստանի քաղաքացին՝ սակագինին մէջ ընդգրկուած գումարի տեսքով…։ Տասնեակ մը նման ուրիշ օրինակներ կրնամ բերել…։ ՀԵՑ-ը այլեւս կը ծառայէ մեր ժողովուրդին»,– գրած է Պետրոսեան։ *** Խորին շնորհակալութիւն պարոն Ռոմանոս Պետրոսեանին, այս բազմաթիւ չարաշահումներու բացայայտման համար։ Ուրեմն կրնա՞նք յուսալ, որ այդ բազմաթիւ չարաշահումներու այսուհետեւ կանխումով՝ Հայաստանի քաղաքացին պիտի ստանայ ելեկտրականութեան զգալիօրէն նուազ սուղ հաշուեցոյց։  Սպասենք ու տեսնենք։   [...] Read more...
10 Հունվարի, 2026«Դժբախտաբար, երէկ Երուսաղէմի պատրիարքէն սպառնալիք ստացայ՝ նամակ մը, որով ինծի կը սպառնան եւ գիտակցութեան կը հրաւիրեն, որ յետքայլ ընեմ»։ Այս մասին Հանրային հեռատեսիլի Յունուար 7-ի հաղորդման՝ տեսակապի միջոցաւ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան։ Ան նշած է, որ Պատրիարքը զգուշացուցած է, թէ եթէ մինչեւ իրիկուն յետքայլ չընէ, իրենք որոշում պիտի կայացնեն։ «Կա՛մ զիս պիտի արտաքսեն միաբանութենէն եւ կա՛մ կարգալոյծ պիտի հռչակեն։ Թող ընեն։ Ես կը միանամ Սրբազան եղբայրներու եւ վարչապետի այս բարեկարգման ու բարենորոգման շարժումին, որ անյետաձգելի պահանջք է, այսօր հրամայական պահանջք է։ Ես զիրենք զգաստութեան կը հրաւիրեմ»,– յայտարարած է Գուսան ծ. վրդ.։ [...] Read more...
8 Հունվարի, 2026«X»-ի վրայ կատարած իր գրառումին մէջ, «Ֆիկառօ Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն հարցականի տակ առած է միջազգային տարբեր իրադարձութիւններու նկատմամբ քաղաքական հակազդեցութիւններուն հետեւողականութիւնը։ Լրագրողը զարմանք կը յայտնէ, որ որոշ գործիչներ, որոնք մեծ աղմուկ բարձրացուցին Վենեզուելայի առնչուող դէպքի մը պարագային, նուազ հակազդեցութիւն ցուցաբերեցին, երբ Ազերպայճանը 2023-ին ձերբակալեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ պատասխանատուները։ «Լսեցի՞նք արդեօք, որ Վենեզուելայի մէջ Նիքոլաս Մատուրոյի առեւանգումէն ապշած այդ բոլոր մարդիկը, յատկապէս LFI-ի (Անհնազանդ Ֆրանսա) շարքերէն ներս, նոյնպէս աղաղակեն, երբ Ազերպայճանը 2023-ին գերեվարեց Արցախի հայ ղեկավարները։ Արդեօք անոնք զօրաշարժի դիմեցի՞ն վերջին 2 տարիներուն՝ բողոքելու համար Պաքուի մէջ անոնց բանտարկութեան դէմ»,– գրած է ան։ [...] Read more...
8 Հունվարի, 2026Վարչապետը երթ կատարեց դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, իսկ Կաթողիկոսը խօսեցաւ բռնաճնշումներու մասին Երեքշաբ­թի, Յու­նուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցան լա­րուած մթնո­լոր­տի մէջ, ուր քա­ղաքա­կան եւ հո­գեւոր իշ­խա­նու­թիւննե­րու մի­ջեւ տա­րակար­ծութիւննե­րը աւե­լի ցայ­տուն դար­ձան։ Վար­չա­պետին եր­թը եւ պատ­գա­մը Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, Երե­ւանի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Ծննդեան պա­տարա­գին մաս­նակցե­լէ ետք, գլխա­ւորեց երթ մը դէ­պի Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեցի։ Պա­տարա­գը մա­տու­ցեց վար­չա­պետին միացած Անու­շա­ւան եպիսկ. Ժամ­կո­չեանը։ Եր­թին մեկ­նարկէն առաջ վար­չա­պետը յայ­տա­րարած էր, որ այս քայ­լով կը նպա­տակադ­րեն ար­տա­յայ­տել իրենց վե­րաբե­րու­մը «Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պե­տին եւ անոր մեր­ձա­ւոր շրջա­պատին կող­մէ Եկե­ղեցին որ­պէս հիպ­րի­տային (խառ­նա­ձեւ) պայ­քա­րի գոր­ծիք՝ օտար ու­ժե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի, անոր ան­կա­խու­թեան եւ ինքնիշ­խա­նու­թեան դէմ օգ­տա­գոր­ծե­լու գոր­ծե­լակեր­պին կա­պակ­ցութեամբ»։ Վար­չա­պետը երթի աւարտին ալ նշեց. «Մենք այ­սօր կը քա­լէինք՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սին ըսե­լու, որ կ՚եր­թանք քու պատ­գա­միդ ետե­ւէն եւ կը ստեղ­ծենք խա­ղաղու­թիւն»։ Անդրա­դառ­նա­լով պա­տարա­գի «եւ վասն խա­ղաղու­թեան զՏէր աղա­չես­ցուք» խնդրան­քին՝ Փա­շինեան շեշ­տեց, թէ Աս­տուծոյ աղա­չելուն զու­գա­հեռ, պէտք է սե­փական որո­շումնե­րով ու քայ­լե­րով կեր­տել այդ խա­ղաղու­թիւնը։ Ան վե­րահաս­տա­տեց իր այն պնդու­մը, թէ ոմանք կը փոր­ձեն Եկե­ղեցին օգ­տա­գոր­ծել իբ­րեւ յե­նակէտ պե­տու­թեան դէմ։ Ան կրկին Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսը անուանեց «եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պետ» եւ պնդեց, թէ եկե­ղեց­ւոյ վեր­նա­խաւը կը գոր­ծէ աղան­դա­ւորա­կան տրա­մաբա­նու­թեամբ։ «Սա կը նշա­նակէ, որ Եկե­ղեցին պէտք է ազա­տենք հեր­ձուածէն եւ վե­րադարձնենք ժո­ղովուրդին»,– եզ­րա­փակեց վար­չա­պետը։ Կա­թողի­կոսին պատ­գա­մը Մայր Աթո­ռէն Նոյն ժա­մանակ, Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը Ս. Ծննդեան պա­տարագ մա­տու­ցեց Էջ­միած­նի Մայր տա­ճարէն ներս։ Իր պատ­գա­մին մէջ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը խստօ­րէն անդրա­դար­ձաւ ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան՝ յայ­տա­րարե­լով. «Մեր Սուրբ Եկե­ղեցին կը շա­րու­նա­կէ են­թարկուիլ բռնաճնշումնե­րու։ Այս իրա­վիճա­կը լուրջ հա­րուած է մեր ազ­գի ու պե­տու­թեան հե­ղինա­կու­թեան եւ խոր վէրք՝ հաս­ցուած հա­մայնքնե­րուն ու հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն»։ Կա­թողի­կոսը նշեց, որ Քրիս­տո­սի ճամ­բէն շե­ղիլը աշ­խարհը կը դարձնէ անար­դա­րու­թեան եւ թշուառու­թեան թա­տերա­բեմ։ Ան ցա­ւով ար­ձա­նագ­րեց, որ այ­սօ­րուան իրա­կանու­թեան մէջ տկա­րացած են փո­խադարձ հա­ւատքն ու վստա­հու­թիւնը, իսկ ան­յարգա­լից պա­հուած­քը յա­ճախ կ՚ըն­կա­լուի իբ­րեւ քա­ջու­թիւն։ Գա­րեգին Բ. ընդգծեց, որ հա­կառակ «անօ­րինա­կան ու կա­նոնա­խախտ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն», Եկե­ղեցին կը մնայ ամուր եւ ան­սա­սան։ «Առա­քելա­կան մեր Մայր եկե­ղեցին պատ­մութեան ըն­թացքին են­թարկուած է բա­զում յար­ձա­կումնե­րու, ան­ցած է սոս­կա­լի նե­ղու­թիւննե­րու ու տա­ռապանքնե­րու ընդմէ­ջէն, բայց եր­բեք յու­սա­հատու­թեան գե­րի չէ դար­ձած»,– ըսաւ ան՝ յոր­դո­րելով ապա­ւինիլ Քրիս­տո­սին, որ ճա­նապարհն է խա­ւարէն դէ­պի լոյս։ ■ [...] Read more...
8 Հունվարի, 2026ԱզերպայճանականAPA գործակալութեան համաձայն՝ կը նախատեսուի Հայաստան ուղարկել AI-92 տեսակի պենզինի եւ տիզելային վառելիքի 1000-ական թոն։ Բացի ատկէ, Հայաստան պիտի առաքուի 1800 թոն AI-95 տեսակի պենզին։ Յունուար 8-ին Ազերպայճանէն Հայաստան պիտի ուղղուի նաւթամթերքի յաջորդական խմբաքանակը։ «Ազերպայճանէն Հայաստան նաւթամթերքի առաքումը կը կրէ բացառապէս առեւտրային բնոյթ։ Վառելիքը կը վաճառուի միջազգային շուկայական գիներով»,– կը հաղորդէ APA-ն։ Անցեալ ամիս այդ երկրէն՝ Վրաստանի տարածքով Հայաստան հասաւ ազերպայճանական Socar ընկերութեան մօտ 1300 թոն պենզինով բեռնաւորուած՝ 22 վակոններէ բաղկացած գնացքը։ [...] Read more...
8 Հունվարի, 2026Քննարկուած է ճանապարհային քարտէսի անցնցում գործադրման հարցը Վարչապետ Փաշինեան, Յունուար 7-ին, դիմագիրքեան գրառումով մը կը տեղեկացնէ, թէ տեղի ունեցած է Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Բարենորոգման խորհուրդի առաջին նիստը։ Նիստի ընթացքին, ըստ վարչապետին, քննարկուած են «Եկեղեցւոյ բարենորոգման գործընթացի հիմնական ուղղութիւնները, կազմակերպչական քայլերը եւ յառաջիկայ աշխատանքներու շրջանակը՝ հիմք ընդունելով հիմնադիր յայտարարութեամբ ձեւակերպուած սկզբունքներն ու նպատակները»։ «Խորհուրդը կարեւոր նկատեց գործընթացի իրականացումը ներառականութեան, հանրային վստահութեան, թափանցիկութեան եւ պատասխանատւութեան սկզբունքներով՝ ընդգծելով հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համախմբման ուղղուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը»,– գրած է Փաշինեան։ Խորհուրդը նաեւ ողջունած է Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեանի որոշումը՝ միանալու Եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեան ու ճանապարհային քարտէսին։ «Նիստին քննարկուեցան ճանապարհային քարտէսի անցնցում գործադրման ուղղուած գործողութիւնները եւ կայացուեցան անհրաժեշտ որոշումներ»,– հաղորդած է վարչապետը։ [...] Read more...
7 Հունվարի, 2026Հայ դահուկորդը կը խօսի իր մարզահագուստին վրայ «Ազերպայճան» բառը ծածկելուն եւ տուգանուելուն մասին Ինչպէս գրած էինք, հայ դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեանը տուգանուած է իտալական Tour de Ski մրցաշարքի ընթացքին իր մարզահագուստին վրայ «Ազրպէյճան» բառը կպչուն երիզով ծածկելուն համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցին երիտասարդ դահուկորդը պատմած է, թէ առաւօտեան՝ մրցումի սկիզբէն շուրջ 2 ժամ առաջ ստացած էր հանդերձանքը եւ տեսնելով «Ազերպայճան» գրութիւնը՝ որոշած է, որ այդ երկրին անունը կուրծքին՝ դահուկարշաւի պիտի չելլէ։ “Ծածկեցի ու գացի մեկնարկի։ Ինծի համար իմ արժանապատւութիւնս, իմ հայրենիքս ամէն բանէ վեր է։ Դէ, անշուշտ, դատակազմը նկատեց այդ, մրցումէն ետք զիս կանչեցին իրենց սենեակը, մենք խօսեցանք, ես բացատրեցի, թէ ի՛նչ է խնդիրը, թէ ինչո՛ւ ծածկած եմ այդ երիզով. անոնք ըսին՝ մենք քեզ կը հասկնանք, կ՚ընդունինք, սակայն Միջազգային դաշնակցութեան օրէնքներով բոլոր հովանաւորները պէտք է տեսանելի ըլլան”,– «Ազատութեան» բացատրած է հայ մարզիկը։ Հայ մարզիկները կրկին կրնան յայտնուիլ նման իրավիճակի մէջ Ազերպայճանի Զբօսաշրջութեան պետական գործակալութիւնը անցեալ տարի 5 տարուան պայմանագիր կնքած է Դահուկային մարզաձեւի եւ սնոուպորտի միջազգային դաշնակցութեան հետ եւ հիմա ոչ միայն դրօշներու կամ ծանուցման վահանակներու, այլեւ շարք մը մրցումներու ընթացքին մարզիկներու համազգեստներուն վրայ կը յայտնուի ծանուցողին, այս պարագային՝ երկրին անունը։ Իսկ սա կը նշանակէ, որ հայ մարզիկները կրնան նորէն յայտնուիլ նման կացութեան մէջ։ «Ամէն մարզիկ իր երկրին անունը պէտք է կրէ թէ՛ սրտին, թէ՛ հագուստին վրայ» “Մենք տարեկան ունինք մօտ 20 մրցում ու Աշխարհի բաժակի խաղարկութիւններուն ընթացքին հովանաւորները հիմնականին մէջ նոյնն են եւ նմանապէս նոյն ձեւով կրնանք դէմ-յանդիման գտնուիլ «Ազերպայճան» գրութեան։ Դատակազմը խնդրեց, որ հետագային նման քայլի չդիմեմ, ես անոնց պատասխանեցի, որ այժմ ոչինչ կրնամ խոստանալ”,– ըսած է հայ դահուկորդը։ Ընդունելով հանդերձ, որ մարզական աշխարհը պէտք է զատել քաղաքականութենէն, 26-ամեայ դահուկորդը, աւելցուցած է, որ ամէն մարզիկ իր երկրին անունը պէտք է կրէ թէ՛ սրտին, թէ՛ հագուստին վրայ։ Միքայէլ Միքայէլեան եզրափակած է. “Եթէ երկիր մը յարձակողական տրամադրուած է իմ հայրենիքիս նկատմամբ… ես չեմ կրնար մտածել, թէ սա քաղաքականութենէ դուրս է եւ առանց ծածկելու այդ երկրին անունը՝ մրցումի ելլել։ Յուսամ՝ այլեւս չ՚ըլլար պատերազմ, սակայն դեռ ամէն ինչ յստակ չէ, հետեւաբար երիզով պիտի ծածկեմ անոր անունը”։ Աւելցնենք, թէ Դահուկի Հայաստանի դաշնակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Միքայէլեանին եւ ողջունած անոր որոշումը։ [...] Read more...
7 Հունվարի, 2026Վենեզուելայի հայ գաղութը Հայերը սկսան Վենեզուելա հաստատուիլ 1930-ական թուականներուն, գլխաւորաբար՝ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն։ Այս համայնքը կը բաղկանար մեծ մասամբ Կիլիկիայէն սերող՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէ։ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք գաղութը աճ արձանագրեց, իսկ 1965-ին հիմնուեցաւ «Արարատ» հայկական միութիւնը։ Քարաքասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Խաչքարը՝ եկեղեցւոյ մերձակայութեամբ 1987-ին, մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ իր դռները բացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ առաքելական եկեղեցին, որ մաս կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Եկեղեցւոյ կառուցումը իրականացաւ Ղազարեան ընտանիքին իշխանական նուիրատւութեամբ։ Եկեղեցւոյ կից կը գտնուի Հայ կեդրոնը, որ կը ծառայէ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման։ Հայ կեդրոնը 2001-2002 թուականներուն, Կոկիկեան եւ Զարիկեան ընտանիքներու բարերարութեամբ, կառուցուեցաւ Քարաքասի՝ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողը։ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը 2005 Յուլիս 15-ին, Վենեզուելայի խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Մինչեւ 1999-ի Պոլիվարեան յեղափոխութիւնը, Վենեզուելայի մէջ կը բնակէր շուրջ 6500 հայ։ 2019-ի նախագահական տագնապին նախօրեակին, երկրին մէջ տակաւին կար 3500-4000 հայ, սակայն ներկայիս այդ թիւը աւելի եւս նուազած է։ Քանի մը հանրածանօթ վենեզուելահայեր Ճորճ Տուրան (Գէորգ Կիւլտալեան). Ծնած է Քարաքաս՝ լիբանանահայ ծնողքէ։ Տուրան խոհարար է, որ վարած է TLC կայանի «Ultimate Cake Off» յայտագիրը (2-րդ տարեշրջան) եւ «Hunt’s Tomatoes»-ի բանբերն է։ Մարիանա Սիրվարդ Տէրտէրեան Էսփինոզա. Ծնած է Քարաքաս՝ չիլիցի ներգաղթեալներ Խոսէ Տէրտէրեան Աբգարեանի եւ Լիլի Էսփինոզա Քոմասի ընտանիքին յարկին տակ։ Հայրը՝ Խոսէ, ծնած էր Չիլի՝ սուրիահայ ծնողքէ։ Մարիանա ծանօթ է չիլիական հեռուստաշարերու (telenovelas) մէջ իր դերասանական խաղով։ Տոմինկօ Կարսիա Հինտոյեան. Ծնած է Քարաքաս։ Հայրը՝ Տոմինկօ Կարսիա, Վենեզուելայի Սիմֆոնիք նուագախումբի նախկին նախագահն է, իսկ մայրը՝ Վիքի Հինտոյեան (ծնեալ՝ Սուրիա, հայ ծնողքէ), Վենեզուելայի Ազգային խորհրդարանի փաստաբաններէն է։ Տոմինկօ ներկայիս Զուիցերիա հաստատուած հռչակաւոր խմբավար է։ Տիանա Ապուճեան. Ծնած է Սան Անթոնիօ տէ Թաչիրա քաղաքը (Գոլոմպիոյ սահմանին վրայ)՝ սուրիահայ ծնողքէ։ Տիանա դերասանուհի է եւ ներկայիս կը բնակի Մեքսիքա։ [...] Read more...