testhy

  • Վերիշէն. մեղուաբուծութեամբ կերտուող նոր սկիզբ մը

    2023-ին Արցախէն տեղահանուելէ ետք Սիւնիք հաստատուած Արմէն Աղայեան, Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին աջակցութեամբ, կը զարգացնէ մեղուաբուծական իր գործունէութիւնը։ Անոր անցած ուղին կը վկայէ այնպիսի զօրակցութեան մը կարեւորութեան մասին, որ շահառուներուն առիթ կու տայ վերագտնելու իրենց արհեստավարժութիւնն ու հմտութիւնները։ Արմէն Աղայեան մեղուաբուծութեան ծանօթ էր նոյնիսկ Արցախէն հեռանալէ առաջ։ Ստեփանակերտցի այս արհեստաւորը այժմ իր ընտանիքին հետ կ՚ապրի Վերիշէնի…

  • HyeConnect. համախմբել հայութիւնը՝ սահմաններէն անդին

    Աշխարհասփիւռ հայութիւնը միաւորել թուային միասնական տարածքի մը մէջ. ասիկա է «HyeConnect»-ի առաջադրանքը՝ հարթակ մը, որ կոչուած է խթանելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնն ու ծրագրերը։ Ալեքսիս Օհանեանի, Էրիկ Իսրայէլեանի, Սերժ Թանգեանի եւ Երուանդ Զօրեանի կողմէ հիմնադրուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտի գործնական շունչ հաղորդել հայկական համայնքներու ցանցային միաւորումին։ Ծրագիրը, որուն տեսլականը ներկայացուած էր 2019-ին Երեւանի մէջ…

  • Ծանր կորուստ հայ քաղաքագիտական մտքին

    Կեանքէն Հեռացաւ անուանի վերլուծաբան Ռիչարտ Կիրակոսեան Հայ քաղաքագիտական եւ վերլուծական համայնքը ծանր կորուստ մը կրեց։ Սեպտեմբեր 19-ին, 61 տարեկանին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ծանօթ քաղաքական վերլուծաբան եւ Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի (RSC) հիմնադիր տնօրէն Ռիչարտ Կիրակոսեան։ Ան աշխատանքային հանդիպումներու նպատակով մեկնած էր Պոլիս, ուր անոր ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատթարացած է։ Բժշկական անյապաղ քննութիւններով ախտորոշուած է ուղեղային…

  • 35-ամեայ «Յարատեւ Պետութիւն»

    Հայաստան մեծ շուքով կը նշէ Անկախութեան տօնը Ճիշդ երեսունհինգ տարի առաջ՝ 1991 Սեպտեմբեր 21-ին, հայ ժողովուրդը միաւորուեցաւ պատմական հանրաքուէի մը շուրջ՝ իր հնչեղ եւ միասնական «այո»-ն ըսելով գերիշխանութեան, ազատութեան եւ պետականութեան։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսաւորապէս կը նշէ իր անկախութեան 35-րդ տարեդարձը, իսկ տօնական բոլոր միջոցառումները կը կրեն «Յարատեւ պետութիւն» խորագիրը։ Անոնց նպատակն է արժեւորել անկախութեան…

  • Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան Ազգիս Հայոց

    (ՀՀ-ի անկախութեան 35-ամեակին առթիւ) «Հայաստանդ անուն ցանկալի, ձայն գորովական եւ փարելի, երկնաւոր երգոցն նուագաց ար­ժանի, յորում ամենայն յուշք անցելոյն եւ յուշք ապառնեացն պահին, զոր ոչ կարացին հանել քերել ի շրթանց մերոց մանաւանդ թէեւ ի սրտից բռունք աշխարհիս եւ դիպուածք ժամա­նակաց, հնչեսցէ՜ այժմ ծագաց ի ծագս երկրի, եւ որք ի հեռաստանեայ սահմանս աշխարհի սփռեալ կան նժդեհութեամբ,…

  • Եւրոպական Միութիւնը 250 միլիոն եւրօ պիտի ներդնէ Սիւնիքի զարգացման համար

    Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ 250 միլիոն եւրօ ներդնել Հայաստանի Սիւնիքի մարզի զարգացման եւ տեղական գործարարութեան աջակցելու նպատակով։ Այս մասին Վանաձորի մէջ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։ Ըստ անոր, այս ներդրումները պէտք է գերազանցեն զուտ ենթակառուցային եւ տնտեսական ծրագրերը՝ կեդրոնանալով նաեւ մարդկային դրամագլուխի զարգացման վրայ, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի երկրի ժողովրդավարական…

  • Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով Մայր Աթոռի մէջ

    Եկեղեցին անընդունելի կը նկատէ պետութեան միջամտութիւնը իր ներքին կեանքին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Սեպտեմբեր 15-էն 17 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) յաջորդական ժողովը, որուն նիստերը վարեց Վանական խորհուրդի ատենապետ Նաթան արք. Յովհաննիսեանը։ Ժողովականներուն կողքին ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Արամ արք. Աթէշեանն ու…

  • Վարչապետ Փաշինեանին շնորհուեցաւ Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը

    Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուած էր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհուած է Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 18-ին, Վիսպատընի մէջ՝ Հեսսէնի դաշնակցային երկրամասի խորհրդարանին մէջ։ Մրցանակը շնորհող «Ալպերթ Օսվալտ» հիմնադրամի ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են Փաշինեանի ջանքերը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջմղման եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու…

  • «Մարտ 1»-ի գործ. Ռոբերտ Քոչարեանի առաջին դատական ներկայութիւնը՝ իր կալանաւորումէն ի վեր

    Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 2008 Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն առնչուող դատավարութեան նոր նիստ մը։ Ռոբերտ Քոչարեան դատարան ներկայացաւ Սէյրան Օհանեանի, Արմէն Գէորգեանի եւ Եուրի Խաչատուրովի կողքին։ Այս չորս անձերը կը մեղադրուին յատկապէս պաշտօնական լիազօրութիւնները զանցելու եւ ազդեցութիւնը չարաշահելու յանցանքներով։ Նիստը գլխաւորաբար կեդրոնացաւ Եուրի Խաչատուրովի կացութեան վրայ։ Անոր փաստաբանները կը պահանջեն դադրեցնել քրէական հետապնդումը՝…

  • Լեւոն ԺԴ. պապին Ֆրանսա առաջին այցելութեան նախօրեակին…

    …Ուղենիշեր որոնող քաղաքացիական հասարակութեան մը բազմաբնոյթ ակնկալիքները Հռոմի քահանայապետէն Մինչ Լեւոն ԺԴ. պապը կը պատրաստուի Ֆրանսա իր առաջին այցելութեան (նախատեսուած Սեպտեմբեր 25-էն 28), խանդավառութիւնը մեծապէս կը գերազանցէ զուտ կաթողիկէ շրջանակները։ Որպէս պետութեան ղեկավար եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ անվիճելի բարոյական հեղինակութիւն, անոր խօսքին մեծ ակնկալիքով կը սպասեն քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ դերակատարներ։  «La Vie» շաբաթաթերթի Սեպտեմբեր 13-ի…

  • Գրիգոր Տէր Յակոբեան՝ ԱՄՆ-ու մէջ Իրաքի նոր դեսպան

    Դեսպան Գրիգոր Տէր Յակոբեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ պաշտօնապէս դառնալով Միացեալ Նահանգներու մէջ Իրաքի Հանրապետութեան նոր դեսպանը։ Ծագումով հայ այս դիւանագէտը պիտի ներկայացնէ Իրաքը թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ եւ թէ՛ միջազգային ասպարէզի վրայ։

  • Վարդգէս Սուրէնեանցի «Լքեալը» կտաւի պատմական ցուցադրութիւնը Հայաստանի մէջ

    Վարդգէս Սուրէնեանցի 130-ամեայ «Լքեալը» (1894) գլուխգործոցը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի Հայաստանի մէջ՝ Ղազախստանի «Քասթէեւ» արուեստի ազգային թանգարանէն բացառիկ փոխառութեամբ։  Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած «Մարդկութեան դէմքը» խորագրով ցուցահանդէսի ծիրէն ներս (2027 Սեպտեմբեր 16-էն մինչեւ Փետրուար 17), առաջին անգամ մէկ յարկի տակ կը միաւորուի Համիտեան ջարդերուն նուիրուած Սուրէնեանցի եռապատումը՝ «Լքեալը», «Ոտնահարուած սրբութիւն» (1895)…

  • 120 միլիոն եւրոյի հսկայական ներդրում՝ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար

    Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան գործակցութեամբ կեանքի պիտի կոչուի Զբօսաշրջութեան եւ մարզային ենթակառոյցներու բարելաւման (TRIP) լայնածաւալ ծրագիրը, որուն նպատակն է արդիականացնել երկրի ենթակառոյցներն ու աննախադէպ զարկ տալ զբօսաշրջութեան։ Ծրագիրը կը նախատեսէ 120 միլիոն եւրոյի մեծածաւալ ներդրում մը, որ ուղղակի պիտի յատկացուի Գորիսի, Արենիի, Ջերմուկի, Եղեգիսի, Դուինի, Գիւմրիի եւ Դիլիջանի զբօսաշրջային կեդրոններու բարգաւաճման։ Այս ռազմավարական…

  • Մատենադարանին նուիրուած 1491 թուականի ձեռագիր մը լոյս կը սփռէ հայկական գիւղի մը պատմութեան վրայ

    Աւելի քան հինգ դար առաջ գրիչ հոգեւորականի մը արձանագրած քանի մը բառերը այսօր թոյլ կու տան աւելի յստակօրէն տեղորոշելու սակաւ ուսումնասիրուած հայկական գիւղ մը։ 1491 թուականէն մեզի հասած Շարակնոցի մը մէջ, Յովհաննէս քահանան կը նշէ, թէ աշխատած է Բաղէշի (կամ Պիթլիսի) գաւառի Ամ գիւղին մէջ։ Աշխարհագրական այս ճշգրտումը Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոներուն մէջ վերջերս մուտք գործած…

  • Շանկհայէն՝ Երեւան. հայ վիրաբոյժ մը հեռակայ դրութեամբ կը վիրահատէ երկու հիւանդներ

    Հիւանդները կը գտնուէին Երեւանի «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ, իսկ վիրաբոյժը Շանկհայէն կը ղեկավարէր վիրաբուժական ռոպոթ մը։ Աւելի քան 6800 քիլոմեթր հեռաւորութենէն, բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան յաջողութեամբ իրագործեց որովայնի ճողուածքի (hernie) երկու վիրահատութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, բժշկական կեդրոնին կողմէ որպէս Հայաստանի համար առաջին միջմայրցամաքային հեռավիրաբուժութիւն ներկայացուած այս գործողութիւնները պսակուած են լիակատար յաջողութեամբ։ «ՍլաւՄետ»-ի ռոպոթային վիրաբուժութեան եւ…

  • Նիակարայի ջրվէժը պիտի ողողուի հայոց եռագոյնով՝ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով

    Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան, Նիակարայի հռչակաւոր ջրվէժը պիտի լուսաւորուի հայոց ազգային դրօշի՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն լոյսերով՝ նշելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձը։  Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ լուսաւորման այս արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է «Niagara Parks»-ի գործակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ տեղական ժամով 22-ին։ Դիւանագիտական առաքելութիւնը բաց հրաւէր կ՚ուղղէ համայնքի անդամներուն եւ շրջանի բոլոր…

  • Պատմական հանդիպում 

    Հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու ԱՄՆ-ու մէջ ՀՀ դեսպանը աղօթք հնչեցուցին Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ Սեպտեմբեր 16-ին, Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է պատմական հանդիպում մը, ուր հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանը հիւրընկալուած են ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Անոնք հաւաքական աղօթք հնչեցուցած են Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի…

  • Փաշինեան կը յայտարարէ. «Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքը պէտք է անցնի պետութեան»

    Սեպտեմբեր 16-ին, Ազգային ժողովէն ներս, ընդդիմադիր երեսփոխան Արեգ Յովսէփեանի հարցումին ի պատասխան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ երկու պետութիւն եւ երկու կառավարութիւն, Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան շէնքն ալ պէտք է անցնի պետութեան վերահսկողութեան տակ։ Երեսփոխանը բարձրացուցած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու խնդիրներն ու յատկապէս ներկայացուցչութեան շէնք փոխադրուած ընտանիքի մը…

  • Երեւանի մէջ սկիզբ կ՚առնեն ճանապարհաշինական երեք մեծ ծրագրեր

    «Երեւանի կառուցապատման ներդրումային ծրագրերու իրականացման գրասենեակ»-ի տնօրէն Անեթա Բաբայեանի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այս օրերուն շինարարական աշխատանքներ պիտի սկսին մայրաքաղաքի երեք տարբեր վայրերու մէջ։ Նախատեսուած ծրագրերը կ՚ընդգրկեն Նորագաւիթի մէջ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի մէկ հատուածին վրայ նոր վերնանցքի մը կառուցումը, Իսակովի եւ Արշակունեաց պողոտաները միացնող ճանապարհային նոր հանգոյցի մը շինարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Բաբաջանեան-Աշտարակ ուղեգիծին վրայ նոր ճամբու մը…

  • Մեծամօրի մէջ կը վերսկսի «Cinema Town» շարժանկարային մեծ համալիրի կառուցումը

    Հայաստանի կառավարութեան գանձատրմամբ եւ համայնքապետարանի աջակցութեամբ՝ Մեծամօրի մէջ վերստին թափ կ՚առնեն «Metsamor Cinema Town»-ի կառուցման շինարարական աշխատանքները։ 2024 թուականին սկսած, սակայն անծանօթ պատճառներով կիսատ մնացած այս մեծ նախագիծը այժմ կը վերսկսի՝ զայն աւարտին հասցնելու նպատակով։ Աշխարհահռչակ Universal Studios-ի օրինակով համալիրի տարածքը պիտի յատկանշուի իրական չափերով կառուցուած նկարահանման տաղաւարներով եւ բեմանկարներով (décors), որոնք պիտի վերարտադրեն ԺԹ.…

  • Վարչապետ Փաշինեան անընդունելի կը նկատէ Գանձասարի վերաբերեալ Հաճիեւի յայտարարութիւնները

    Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անընդունելի եւ անհասկնալի կը նկատէ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի վերջին յայտարարութիւնները Գանձասարի վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ նման հռետորաբանութիւնը չի համապատասխաներ խաղաղութեան նկատմամբ անհրաժեշտ հոգատարութեան տրամաբանութեան։ Նշենք, որ Սեպտեմբեր 12-ին, օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ Գանձասար կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Հաճիեւ վանքը ներկայացուցած էր իբրեւ «աղուանական» ժառանգութիւն եւ ի ցոյց դրած՝ Մատենադարանի նախկին մասնաճիւղին…

  • Հայաստանի միացեալ տաղաւարը՝ Փարիզի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին

    Սեպտեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան այցելեց Փարիզի մէջ սկիզբ առած զբօսաշրջային մեծագոյն միջոցառումներէն մէկուն՝ «IFTM Top Resa 2026» միջազգային ցուցահանդէսին ներկայացուած Հայաստանի միացեալ տաղաւարը։ Այս հեղինակաւոր միջազգային հարթակին վրայ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ, հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն առիթ ընձեռուած է լայն հանրութեան ներկայացնելու երկրի զբօսաշրջային ներուժը, ծանօթացնելու իրենց ծառայութիւններն ու առաջարկները,…

  • Արցախը՝ թուային դարաշրջանին. կենդանի մշակոյթի մը պահպանութեան հարթակ

    Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի նիւթական ժառանգութիւնը համակարգուած ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը գտնուի 2023 Սեպտեմբերին անոր հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութենէն ի վեր, լայնածաւալ նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչուած է՝ պահպանելու եւ փոխանցելու անոր ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը։ Երեւանի մէջ հանրութեան ներկայացուած «Digital House of Artsakh Culture» («Արցախի մշակոյթի թուային տուն») առցանց հարթակը նպատակ ունի դառնալու արցախահայութեան յիշողութեան, ինքնութեան եւ աւանդութիւններուն…

  • Արտասահմանի հայերու քուէարկութեան իրաւունքը՝ Սահմանադրական դատարանի սեղանին

    Արտասահմանի մէջ բնակող հայ քաղաքացիներու քուէարկութեան իրաւունքի սահմանափակման հարցը պիտի քննուի Սահմանադրական դատարանին կողմէ։ Յուլիս 3-ին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ ետք ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքի այս փոփոխութիւնը այսուհետեւ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կը պայմանաւորէ Հայաստանի տարածքին վրայ փաստացի ներկայութեամբ։ Գործնականօրէն, խորհրդարանական ընտրութիւններուն կամ հանրաքուէի մը մասնակցելու համար, քաղաքացին այժմ պէտք է հաստատէ նախորդող երկու տարիներուն ընթացքին առնուազն…

  • Երեւանի մէջ անշարժ գոյքի գիներու աճը կը հասնի ծայրամասային թաղամասեր

    Երեւանի անշարժ գոյքի շուկան նոր թափ կ՚առնէ։ Գիներն ու առուծախի գործարքներու թիւը զգալիօրէն կ՚աճին՝ շինարարութեան աշխուժութեան եւ մեծ պահանջարկի պայմաններուն մէջ, յատկապէս Ռուսաստանի քաղաքացիներու եւ Սփիւռքի հայերու կողմէ։ Համաշխարհային դրամատան վերջին տնտեսական զեկոյցին համաձայն, Յուլիսին Երեւանի մէջ բնակարաններու գործարքներուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ գրեթէ կրկնապատկուած է։ Մայրաքաղաքի կեդրոնը գիները տարեկան միջինով աճած են 12,7 տոկոս։…

  • Սեւանը՝մէկ ափէն միւսը. Յովհաննէս Գաբրիէլեանի սխրանքը

    Սիրողական լուղորդ Յովհաննէս Գաբրիէլեան իսկական սխրանք մը իրագործած է՝ լողով կտրելով Սեւանայ լիճի երկու ծայրամասերը իրարմէ բաժնող 74 քիլոմեթր տարածութիւնը։ Սեպտեմբեր 12, ժամը 19.45-ին, Ծովակ գիւղի ափերէն ճամբայ ելլելով, ան շուրջ 34 ժամ անընդմէջ լողալէ ետք հասած է Ծովագիւղի լողափ, ուր զինք դիմաւորած են իր հարազատները։ Այսպէսով, ան կը հանդիսանայ առաջին լուղորդը, որ Հայաստանի մեծագոյն…

  • Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ իր առաջին մարզային այցելութեան համար կ՚ընտրէ Գիւմրին

    Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ Սեպտեմբեր 15-ին կատարեց իր առաջին պաշտօնական մարզային այցելութիւնը՝ ուղեւորուելով Շիրակի մարզկեդրոն եւ երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը՝ Գիւմրի։ Շիրակի մարզպետ Դաւիթ Առուշանեանի կողմէ ընդունուելով՝ ֆրանսացի դիւանագէտը նշեց, թէ նպատակադրուած կերպով իր ընտրութիւնը կանգ առած է Գիւմրիի վրայ։ Ան ընդգծեց քաղաքին ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու «եզակի ոգին», ինչպէս նաեւ հոն առկայ…

  • Ալֆորվիլի Կապոյտ խաչի սպանական «ճամբորդութիւնը»՝ աւանդական «փայլա»-ի շուրջ

    Կիրակի, Սեպ­­տեմ­բեր 13-ին, Ֆրան­­սա­­հայ Կա­պոյտ խա­չի Ալֆորվի­լի «Հե­լէն Բիւ­­զանդ» մաս­­նա­­ճիւ­­ղը կազ­­մա­­կեր­­պեց իւ­­րա­­յատուկ հաց­­կե­­րոյթ մը, որ բա­ցառիկ յա­ջողու­­թիւն ար­­ձա­­նագ­­րեց։ Ներ­­կա­­ները ճա­շակե­ցին «Délice Paëlla»-ի պատ­­րաս­տած հա­մադամ սպա­նական «փայ­­լա»-ն՝ ջերմ ու ամառ­­նա­­յին մթնո­լոր­­տի մը մէջ։ Այս իպե­րեան ճամ­­բոր­դու­­թիւնը ամ­­բող­ջաց­­նե­­լու հա­մար, յետ­մի­­ջօրէն յատ­­կա­նշուե­ցաւ «Lunares Tacones» միու­­թեան ֆլա­մեն­­քօ պա­րող­­նե­­րու ելոյ­­թով։ Անոնք խան­­դա­­վառե­ցին հան­­դի­­սատե­սը՝ հրա­ւիրե­լով զա­նոնք միանա­լու իրենց պա­րահար­­թա­­կին վրայ։ Ան­­տա­­լու­­զեան…

  • ՀԲԸՄ-ը իր հիմնադրութեան 120-ամեակը նշեց Ալֆորվիլի մէջ

    Ալֆորվիլի Մշակութային կեդրոն (POC) Նշելու հա­մար ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակը, Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան Բա­րեգոր­ծա­կան ԸՆդհա­նուր Միու­թիւնը (ՀԲԸՄ) Սեպ­տեմբեր 12-13-ին բո­լոր սե­րունդնե­րը ժա­մադ­րեց Ալ­ֆորվի­լի մէջ՝ բո­լորին հա­մար բաց, բա­ցառիկ շա­բաթա­վեր­ջի մը առի­թով։ Եր­կու օր շա­րու­նակ, Ալ­ֆորվի­լի Մշա­կու­թա­յին կեդ­րոնն (POC) ու Արուեստնե­րու հրա­պարա­կը վե­րածուեցան մշա­կոյ­թի, յի­շողու­թեան եւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի իս­կա­կան խաչ­մե­րու­կի մը՝ ճշգրտօ­րէն ար­տա­ցոլե­լով Միու­թեան եւ հայ սփիւռքի պատ­մութիւ­նը։ Սփիւռքի…

  • Սպասուած վերանորոգութիւնը 

    Եօթը տա­րիէ ի վեր հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայնքը Խաչ­վե­րացի արա­րողու­թիւնն ու աւան­դա­կան տա­րեկան դաշ­տա­հան­դէ­սը չէր կա­տարած Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան Սեւ­րի Սա­մուէլ Մու­րատ հայ­կա­կան վար­ժա­րանին մէջ՝ անոր վթա­րային վի­ճակին պատ­ճա­ռով։ Այս տա­րի, Սուրբ Խաչ միու­թեան վճռա­կամ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, կա­րե­լի եղաւ վե­րադառ­նալ եւ կազ­մա­կեր­պել այս տա­րեկան հան­դի­սու­թիւնը վար­ժա­րանի պար­տէ­զին մէջ՝ անոր մայ­րիին հիւ­րընկալ թե­ւե­րուն տակ, որ դի­մադ­րութեան, յա­րատե­ւու­թեան, յի­շողու­թեան…

  • Կլենտէյլի մէջ հայ եղբայրներ հրդեհէ փրկած են ծերանոցի մը բոլոր բնակիչները

    Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, 20-ամեայ Ալեքս Պազինեանն ու անոր 15-ամեայ եղբայրը՝ Նարեկը, իրենց կեանքը վտանգելով, հրդեհուող շէնքէ մը փրկած են վեց տարեցներ։ Դէպքը պատահած է Սեպտեմբեր 11-ին, «Mountain Street»-ի վրայ գտնուող տարեցներու խնամքի կեդրոնի մը մէջ։ Հրշէջները դէպքի վայր ժամանած են ժամը 16.45-ի շուրջ, երբ շէնքը արդէն ամբողջութեամբ մատնուած էր կրակի…

  • Արա Խզմալեան. «Մեր ձեռագրերուն մէջ պարապ էջեր չկան»

    “Մեր ձեռագրերուն մէջ պարապ էջեր չկան”, «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ ունեցած զրոյցին յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան՝ հակադարձելով նախորդ օր Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ Գանձասարի Մատենադարանին մէջ հայկական գիրքերու իբրեւ թէ պարապ էջերու ցուցադրութեան։ Արա Խզմալեանի համաձայն՝ ո՛չ մէկ բնօրինակ երբեք չէ տեղափոխուած Գանձասար՝ նկատի ունենալով ձեռագրերու անվտանգութեան եւ պահպանման համակարգերու բացակայութիւնը։ “Գանձասարի մէջ ցուցադրուած են…

  • Եւրոպական խորհրդարանը հաստատեց Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ դրութիւնը

    Եւրոպական խորհրդարանը այսօր ձայներու ճնշիչ մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին, որով Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ պայմաններ պիտի ստեղծուին։ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան այս որոշումը նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նշանակալից նոր մէկ քայլը։ Առեւտուրի ինքնավար միջոցներ (Autonomous Trade Measures — ATM) սահմանելով՝ Պրիւսէլ կը նպատակադրէ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան՝ յատկապէս ռուսական առեւտրային վերջին…

  • Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէներու Խաչվերացի դաշտահանդէսը՝ Սեւրի Մխիթարեան կեդրոնի վերածննդեան նախերգանք

    Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու «Սուրբ Խաչ» միութիւնը Կիրակի, Սեպտեմբեր 13-ին, կազմակերպեց իր աւանդական մեծ դաշտահանդէսը, որ այս տարի յատկանշական էր վայրին ընտրութեամբ։ Շուրջ եօթը տարուան դադարէ ետք, ձեռնարկը վերստին իրականացաւ Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի պատմական կալուածէն ներս։ Այս երկարատեւ դադարը պայմանաւորուած էր հաստատութեան անմատչելիութեամբ, ինչ որ առժամապէս արգելք հանդիսացած էր նման հաւաքներու կազմակերպման։ Այս տարի,…

  • Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի «Կապի Փոսթու 3×3» մրցաշարքը

    Կիրակի, Սեպտեմբեր 13-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսը կազմակերպեց «Կապի Փոսթու 3×3» պասքէթպոլի յաջորդական մրցաշարքը՝ Իսի-լէ-Մուլինոյի իր նորաբաց Մարզամշակութային կեդրոնէն ներս (9 rue Rabelais, 92130 Issy-les-Moulineaux)։ Արական թէ իգական խումբերու համար բաց այս նախաձեռնութիւնը կը միտէր ըլլալ մտերմիկ համախմբում մը, ուր պասքէթպոլի մրցումները ներդաշնակօրէն կը զուգորդուէին հիւրասիրութեամբ՝ ի մեծ ուրախութիւն թէ՛ մարզիկներուն, թէ՛ ալ համակիրներուն։ Օրուան տեւողութեան, իրարու…

  • Armenian Spirit. Լիւսի Խանեանի զուգանուագը հմայեց «Անաքօ» տափանաւը

    Կիրակի, Սեպտեմբեր 6-ին, «Arménies» շարքին ծիրէն ներս, Փարիզի «Անաքօ» տափանաւը հիւրընկալեց եզակի երաժշտական ժամադրութիւն մը՝ «Armenian Spirit»-ը։ Անիկա զուգանուագ համերգ մըն էր, որ մէկտեղած էր դաշնակահար ու երգահան Լիւսի Խանեանն ու հարուածային գործիքներու նուագող Իզայաս Ալվէսը: Համերգային այս երեկոյթին, հայկական աւանդութիւնը վերապրեցաւ ներկայի շունչով՝ առաջնորդուելով տարբեր հորիզոններէ ժամանած, սակայն երաժշտական անկեղծութեան միեւնոյն որոնումով միաւորուած այս…

  • Սամուէլ Կարապետեան. «Եթէ ռուսական ռազմակայանը Հայաստանէն դուրս բերեն, տարածաշրջանին մէջ անտէր պիտի մնանք»

    «Հայաստան այլընտրանքային կազի հնարաւորութիւն չունի, փոխարէնը ունի Նիկոլ Փաշինեանը, որ ամէն ինչի հնարաւորութիւն ունի»,– Սեպտեմբեր 11-ին դատարանի բակին մէջ հեգնանքով յայտարարած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան՝ անդրադառնալով երկրի ղեկավարի յայտարարութեան, թէ Հայաստան պէտք է բազմազանացնէ կազի մատակարարման աղբիւրները։ Նոյն օրը, Սամուէլ Կարապետեանի գործով դատական նիստը յետաձգուած է: Նիստի ընթացքին կը նախատեսուէր վկաներու հարցաքննութիւնը,…

  • Գանձասարը՝ ռէալպոլիտիկի եւ ցինիզմի միջեւ

    Եղիազար Այնթափցի « 1in.am », Երեւան, 2026 Սեպտեմբեր 12 Ադրբեջանում հաւատարմագրուած շուրջ 150 օտարերկրեայ դիւանագէտների եւ միջազգային կառոյցների ներկայացուցիչների տարել են Գանձասար եւ Դադիվանք։ Հիքմեթ Հաճիեւը նրանց ներկայութեամբ երկու վանքերն էլ ներկայացրել է որպէս «Կովկասեան Աղուանքի քրիստոնէական ժառանգութիւն», իսկ Հասան Ջալալին՝ որպէս «աղուանական իշխան»։ Սա պատմական էքսկուրսիա չէր, այլ պետականօրէն կազմակերպուած քաղաքական ներկայացում՝ միջազգային դիւանագիտական…

  • Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները այցելած են Գանձասար

    Հաճիեւ զայն եւս հռչակած է «աղուանական» Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 12-ին այցելած են Գանձասար։ Ըստ «APA» լրատուական գործակալութեան՝ դիւանագէտներուն հրամցուած է վանքին «պատմութիւնը»։ Ազերպայճանական գործակալութիւնը կը պնդէ, թէ «Գեանճասարի» եկեղեցւոյ հիմքերը դրած է «աղուանական իշխան Հասան Ջալալը» 1216-1238 թուականներուն։ Ազերպայճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ տեսանիւթ մը տարածած է օտարերկրեայ…

  • Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը՝ յիսուն տարեկան

    Յիսուն տարիներ։ Կէս դար մը՝ յիշողութեան, նուիրումի, աշխատանքի եւ հաւատքի։ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան յիսնամեակը պարզ տարեդարձ մը չէ. ան պատմութիւնն է՝ Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը ապրեցնելու եւ փոխանցելու վճռակամութեան։ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տունը ծնունդ առաւ այն տեսլականէն, որ մշակութային տուն մը կրնայ դառնալ համայնքի մը հոգեւոր ու մտաւոր կեդրոնը՝ տեղ մը, ուր հայ լեզուն,…

  • Գոհարներ՝ ազերպայճանական իշխանութիւններու՝ Արցախ կազմակերպած այցէն

    Ինչպէս գրած էինք, ազերպայճանական իշխանութիւնները՝ երկրին մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներուն համար Սեպտեմբեր 11-ին այց մը կազմակերպած էին դէպի Արցախ՝  Ստեփանակերտ, Շուշի, Մարտակերտ եւ Քարվաճառ։ Ստորեւ գոհարներ այդ այցէն. Ազերպայճանի նախագահի օգնականը «կեղծուած» հնութիւններ «կը բացայայտէ» օտարերկրեայ դիւանագէտներուն Ընկերային ցանցերու վրայ շրջող տեսանիւթի մը մէջ կ՚երեւի Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, որ օտարերկրեայ դիւանագէտներուն ցոյց կու…

  • Փաշինեան. «Հայաստան Սփիւռքի խրատատուն չէ, Սփիւռքն ալ Հայաստանի խրատատուն չի կրնար ըլլալ»

    Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափը կը տեսնէ ոչ թէ փոխադարձ խրատատւութեան կամ օգնութեան, այլ Հայաստանի զարգացման օրակարգի շուրջ գործընկերութեան մէջ: Լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին Փաշինեան որպէս այդպիսի համագործակցութեան օրինակներ առանձնացուցած է «Firebird AI»-ի, ԹՈՒՄՕ-ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամի (COAF) ծրագրերը: Անդրադառնալով «Հզօր Սփիւռք կը նշանակէ հզօր Հայաստան» բանաձեւի շուրջ…

  • Փլեսի-Ռոպէնսոն եւ հայկական սփիւռքը նոր ռազմավարական դաշինք կնքեցին

    Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11-ին, փարիզեան արուարձաններէն Փլեսի-Ռոպէնսոնի քաղաքապետարանն ու Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի Հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւնը (ODARIF) պաշտօնապէս յուշագիր մը ստորագրեցին՝ նոր հանգրուան մը հասցնելով իրենց գործակցութիւնը։ Այս կարեւոր համաձայնագրի կնքումը տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ներկայութեամբ: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փլեսի-Ռոպէնսոնի քաղաքապետ Ֆիլիփ Փեմեզեք, Հայաստանի կառավարութեան անդամ Զարեհ Սինանեան, Միջազգային յարաբերութիւններու եւ սփիւռքի բաժանմունքի ղեկավար Ալվինա Էլոյեան,…

  • Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները այցելած են Արցախ

    Ըստ ազերպայճանական «APA» լրատու գործակալութեան՝ Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 11-ին երկօրեայ այցելութիւն մը սկսած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ) եւ յարակից շրջաններ։ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ընկերակցութեամբ, այս այցելութեան կը մասնակցի 58 երկիրներ եւ միջազգային 9 կազմակերպութիւններ ներկայացնող շուրջ 150 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։ Ըստ ազերպայճանական կողմի յայտարարութեան՝ դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի,…

  • Երեւանի «Հայփոստ»-ի հին շէնքին տեղը պիտի կառուցուին «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ի զոյգ երկնաքերները

    Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ գտնուող «Հայփոստ»-ի նախկին շէնքին տեղը պիտի կառուցուի «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ը (World Trade Center)։ Նախապէս ծրագրուած յիսուն յարկանի մէկ կառոյցի փոխարէն, նոր նախագիծով պիտի վեր խոյանան 35 եւ 40 յարկանի զոյգ երկնաքերներ, որոնցմէ ամենաբարձրը պիտի հասնի մինչեւ 220 մեթրի։ Շուրջ 174 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով այս հսկայական համալիրը իր մէջ պիտի պարփակէ…

  • Հարցազրոյց՝ «Civilnet»-ի տնօրէն Աբօ Պողիկեանի հետ

    Ներ­կա­յիս CivilNet-ի տնօ­րէն Աբօ Պո­ղիկեան մամ­լոյ աս­պա­րէզին մէջ եր­կար ճա­նապարհ ան­ցած անձնա­ւորու­թիւն է։ Ան վա­րած է «Աս­պա­րէզ»-ի գլխա­ւոր խմբա­գիրի պաշ­տօ­նը եւ մաս կազ­մած՝ «Եր­կիր մե­տիա»-ի հիմ­նա­դիր կազ­մին։ Եղած է ՀՅԴ Բիւ­րո­յի նախ­կին ան­դամ եւ քաջածա­նօթ է Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն։ Ըլ­լա­լով «Դէ­պի եր­կիր» կար­գա­խօսի հա­ւատա­ցեալ՝ իբ­րեւ գործնա­կան ապա­ցոյց այժմ հաս­տա­տուած է Հա­յաստան։  Հար­ցազրոյ­ցը ըն­թա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան դաշ­տին,…

  • Արեւմտահայերէնով զարգանալու նոր վայր մը՝ Զարցա՜նց

    Կը մեկնարկենք «Զարցանց»-ը՝ արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն երեխաներու, պատանիներու եւ չափահասներու։ Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ։ Ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 20, 2026 թուականին։ «Զարցանց»-էն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան…

  • Շուշիի արեւելեան գերեզմանատունը հողին հաւասարեցուած է  

    Խաչքարերուն եւ տապանաքարերուն փոխարէն կոյուղի կը կառուցուի Շուշիի արե­ւելեան գե­րեզ­մա­նատան պատ­մա­կան տա­պանա­քարերն ու 12-13-րդ դա­րերու խաչ­քա­րերը այժմ հո­ղին հա­ւասա­րեցուած են։ Այդ տա­րած­քին վրայ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս կո­յու­ղիի խո­ղովակ­ներ կը տեղադրեն։ Այս պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատան մէջ միայն հա­յեր չէին հանգչեր, այլ նաեւ Ռու­սա­կան կայսրու­թեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ եւ եւ­րո­պացի­ներ։ Հոն կը գտնուէր նաեւ գեր­մա­նացի փրո­ֆէսէօրի մը աղջկան՝ Սո­ֆիա-Ռե­կինա…

  • «Le Figaro». Հայաստանի մեծ վերադարձը համաշխարհային գինեգործութեան ասպարէզ

    Ֆրանսա­կան հե­ղինա­կաւոր «Le Figaro» օրա­թեր­թը ծա­ւալուն յօ­դուա­ծով մը անդրա­դար­ձած է հայ­կա­կան գի­նեգոր­ծութեան վե­րած­նունդին՝ շեշ­տե­լով, որ Հա­յաս­տան ոչ թէ պար­զա­պէս նոր գի­նեգոր­ծա­կան եր­կիր մը դառ­նա­լու փորձ կ՚ընէ, այլ կը վե­րադառ­նայ ոլորտ մը, որուն պատ­մա­կան ակունքնե­րէն մէ­կն իսկ է։ Յօ­դուա­ծագիր Սթե­ֆան Ռե­նօ կը յի­շեց­նէ Վա­յոց Ձո­րի Արե­նիի քա­րայ­րին մէջ յայտնա­բերուած 6100 տա­րի հնու­թիւն ու­նե­ցող գի­նիի ար­տադրա­մասը, որ…

  • ԱԽ-ի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նշանակուած է PMCG միջազգային ընկերութեան աւագ խորհրդական

    Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ անցեալ Օգոստոսին առանց յստակ բացատրութեան պաշտօնանկ եղած էր վարչապետ Փաշինեանի կողմէ, աշխատանքի անցած է «Policy and Management Consulting Group» (PMCG) միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան մէջ՝ որպէս աւագ խորհրդական։ Ըստ ընկերութեան հաղորդագրութեան՝ Գրիգորեան արդէն իսկ ներգրաւուած է «TRIPP» ծրագրի կենսունակութեան գնահատման աշխատանքներուն մէջ։ PMCG կ՚ընդգծէ, որ Գրիգորեան մեծ…

  • Ար­բա­նեակա­շինու­թիւնը հայ­կա­կան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րէն ներս

    Հար­ցազրոյց՝ բնա­գէտ Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանի հետ Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանը Իրաք ծնած բնա­գէտ է, ՆԱ­ՍԱ-ի (NASA) նախ­կին աշ­խա­տակից, գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր եւ դա­սախօս։ Ան ու­սումը ստա­ցած է Անգլիոյ մէջ, ապա եր­կար տա­րիներ ապ­րած ու աշ­խա­տած է Միացեալ Նա­հանգներ, իսկ 2015-էն հաս­տա­տուած Հա­յաս­տան, ուր կը զբա­ղի գի­տական, կրթա­կան ու նո­րա­րա­րական գոր­ծունէու­թեամբ։ *** «Նոր Յա­ռաջ» – Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Իրա­քէն հա­սաք Երե­ւան։ Պա­տերազ­մը…

  • Փարիզի Տիեզերական վեհաժողովին՝ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի նոր ծրագրերը

    Սեպտեմբեր 10-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային տիեզերական վեհաժողովին, որուն բացումը կատարեց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն։ Ներկայ էին նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահն ու եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ։ «Տիեզերական ենթակառոյցներու ապագայի տեսլականները» խորագրով քննարկման ընթացքին վարչապետը ունեցաւ ելոյթ մը՝ շեշտելով, որ Հայաստան կը թեւակոխէ ազգային տիեզերական կարողութիւններու զարգացման նոր հանգրուան մը։ Անոր ելոյթին գլխաւոր…

  • Թերահաս դատաիրաւական համակարգ 

    Կաթո­ղիկո­սի եւ վեց բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու քրէական հե­տապնդու­մը ար­դէն քա­նի մը ամի­սէ ի վեր տե­ղեկա­տուա­կան դաշ­տի առաջ­նա­կարգ ու զգա­յացունց լու­րե­րու շար­քին ան­ցած է։ Փինկ-փոն­կի գնդա­կի նման՝ դա­տաւոր­նե­րը դա­տը իրա­րու կը փո­խան­ցեն՝ զա­նազան պատ­րուակ­ներ առաջ բե­րելով։ Վեր­ջինս տա­րած­քա­յին ընդդա­տու­թեան հար­ցը բարձրա­ցուց՝ ճշդե­լու հա­մար, թէ Երե­ւանի՞, թէ՞ Ար­մա­ւիրի դա­տարա­նը իրա­ւասու է քննե­լու հայ­ցը։ Յի­շեց­նենք, որ սկիզ­բը Ար­մա­ւիրի ընդհա­նուր…

  • «Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը սկիզբ առաւ Գաւառէն

    Սեպտեմբեր 10-ին, Գեղարքունիքի մարզային կեդրոն Գաւառի կեդրոնական հրապարակէն սկիզբ առաւ «UCI Europe Tour»-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Գեղարքունիքի մարզպետն ու տեղական իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ։ Նախքան բուն մրցումը, ներկայացուեցան 16 երկիրներէ ժամանած խումբերու 96 հեծանուորդները (ներառեալ՝ Հայաստանի հաւաքականը),…