testhy

  • Փլեսի-Ռոպէնսոն եւ հայկական սփիւռքը նոր ռազմավարական դաշինք կնքեցին

    Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11-ին, փարիզեան արուարձաններէն Փլեսի-Ռոպէնսոնի քաղաքապետարանն ու Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի Հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւնը (ODARIF) պաշտօնապէս յուշագիր մը ստորագրեցին՝ նոր հանգրուան մը հասցնելով իրենց գործակցութիւնը։ Այս կարեւոր համաձայնագրի կնքումը տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ներկայութեամբ: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փլեսի-Ռոպէնսոնի քաղաքապետ Ֆիլիփ Փեմեզեք, Հայաստանի կառավարութեան անդամ Զարեհ Սինանեան, Միջազգային յարաբերութիւններու եւ սփիւռքի բաժանմունքի ղեկավար Ալվինա Էլոյեան,…

  • Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները այցելած են Արցախ

    Ըստ ազերպայճանական «APA» լրատու գործակալութեան՝ Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 11-ին երկօրեայ այցելութիւն մը սկսած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ) եւ յարակից շրջաններ։ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ընկերակցութեամբ, այս այցելութեան կը մասնակցի 58 երկիրներ եւ միջազգային 9 կազմակերպութիւններ ներկայացնող շուրջ 150 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։ Ըստ ազերպայճանական կողմի յայտարարութեան՝ դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի,…

  • Երեւանի «Հայփոստ»-ի հին շէնքին տեղը պիտի կառուցուին «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ի զոյգ երկնաքերները

    Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ գտնուող «Հայփոստ»-ի նախկին շէնքին տեղը պիտի կառուցուի «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ը (World Trade Center)։ Նախապէս ծրագրուած յիսուն յարկանի մէկ կառոյցի փոխարէն, նոր նախագիծով պիտի վեր խոյանան 35 եւ 40 յարկանի զոյգ երկնաքերներ, որոնցմէ ամենաբարձրը պիտի հասնի մինչեւ 220 մեթրի։ Շուրջ 174 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով այս հսկայական համալիրը իր մէջ պիտի պարփակէ…

  • Հարցազրոյց՝ «Civilnet»-ի տնօրէն Աբօ Պողիկեանի հետ

    Ներ­կա­յիս CivilNet-ի տնօ­րէն Աբօ Պո­ղիկեան մամ­լոյ աս­պա­րէզին մէջ եր­կար ճա­նապարհ ան­ցած անձնա­ւորու­թիւն է։ Ան վա­րած է «Աս­պա­րէզ»-ի գլխա­ւոր խմբա­գիրի պաշ­տօ­նը եւ մաս կազ­մած՝ «Եր­կիր մե­տիա»-ի հիմ­նա­դիր կազ­մին։ Եղած է ՀՅԴ Բիւ­րո­յի նախ­կին ան­դամ եւ քաջածա­նօթ է Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն։ Ըլ­լա­լով «Դէ­պի եր­կիր» կար­գա­խօսի հա­ւատա­ցեալ՝ իբ­րեւ գործնա­կան ապա­ցոյց այժմ հաս­տա­տուած է Հա­յաստան։  Հար­ցազրոյ­ցը ըն­թա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան դաշ­տին,…

  • Արեւմտահայերէնով զարգանալու նոր վայր մը՝ Զարցա՜նց

    Կը մեկնարկենք «Զարցանց»-ը՝ արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն երեխաներու, պատանիներու եւ չափահասներու։ Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ։ Ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 20, 2026 թուականին։ «Զարցանց»-էն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան…

  • Շուշիի արեւելեան գերեզմանատունը հողին հաւասարեցուած է  

    Խաչքարերուն եւ տապանաքարերուն փոխարէն կոյուղի կը կառուցուի Շուշիի արե­ւելեան գե­րեզ­մա­նատան պատ­մա­կան տա­պանա­քարերն ու 12-13-րդ դա­րերու խաչ­քա­րերը այժմ հո­ղին հա­ւասա­րեցուած են։ Այդ տա­րած­քին վրայ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս կո­յու­ղիի խո­ղովակ­ներ կը տեղադրեն։ Այս պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատան մէջ միայն հա­յեր չէին հանգչեր, այլ նաեւ Ռու­սա­կան կայսրու­թեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ եւ եւ­րո­պացի­ներ։ Հոն կը գտնուէր նաեւ գեր­մա­նացի փրո­ֆէսէօրի մը աղջկան՝ Սո­ֆիա-Ռե­կինա…

  • «Le Figaro». Հայաստանի մեծ վերադարձը համաշխարհային գինեգործութեան ասպարէզ

    Ֆրանսա­կան հե­ղինա­կաւոր «Le Figaro» օրա­թեր­թը ծա­ւալուն յօ­դուա­ծով մը անդրա­դար­ձած է հայ­կա­կան գի­նեգոր­ծութեան վե­րած­նունդին՝ շեշ­տե­լով, որ Հա­յաս­տան ոչ թէ պար­զա­պէս նոր գի­նեգոր­ծա­կան եր­կիր մը դառ­նա­լու փորձ կ՚ընէ, այլ կը վե­րադառ­նայ ոլորտ մը, որուն պատ­մա­կան ակունքնե­րէն մէ­կն իսկ է։ Յօ­դուա­ծագիր Սթե­ֆան Ռե­նօ կը յի­շեց­նէ Վա­յոց Ձո­րի Արե­նիի քա­րայ­րին մէջ յայտնա­բերուած 6100 տա­րի հնու­թիւն ու­նե­ցող գի­նիի ար­տադրա­մասը, որ…

  • ԱԽ-ի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նշանակուած է PMCG միջազգային ընկերութեան աւագ խորհրդական

    Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ անցեալ Օգոստոսին առանց յստակ բացատրութեան պաշտօնանկ եղած էր վարչապետ Փաշինեանի կողմէ, աշխատանքի անցած է «Policy and Management Consulting Group» (PMCG) միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան մէջ՝ որպէս աւագ խորհրդական։ Ըստ ընկերութեան հաղորդագրութեան՝ Գրիգորեան արդէն իսկ ներգրաւուած է «TRIPP» ծրագրի կենսունակութեան գնահատման աշխատանքներուն մէջ։ PMCG կ՚ընդգծէ, որ Գրիգորեան մեծ…

  • Ար­բա­նեակա­շինու­թիւնը հայ­կա­կան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րէն ներս

    Հար­ցազրոյց՝ բնա­գէտ Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանի հետ Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանը Իրաք ծնած բնա­գէտ է, ՆԱ­ՍԱ-ի (NASA) նախ­կին աշ­խա­տակից, գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր եւ դա­սախօս։ Ան ու­սումը ստա­ցած է Անգլիոյ մէջ, ապա եր­կար տա­րիներ ապ­րած ու աշ­խա­տած է Միացեալ Նա­հանգներ, իսկ 2015-էն հաս­տա­տուած Հա­յաս­տան, ուր կը զբա­ղի գի­տական, կրթա­կան ու նո­րա­րա­րական գոր­ծունէու­թեամբ։ *** «Նոր Յա­ռաջ» – Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Իրա­քէն հա­սաք Երե­ւան։ Պա­տերազ­մը…

  • Փարիզի Տիեզերական վեհաժողովին՝ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի նոր ծրագրերը

    Սեպտեմբեր 10-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային տիեզերական վեհաժողովին, որուն բացումը կատարեց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն։ Ներկայ էին նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահն ու եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ։ «Տիեզերական ենթակառոյցներու ապագայի տեսլականները» խորագրով քննարկման ընթացքին վարչապետը ունեցաւ ելոյթ մը՝ շեշտելով, որ Հայաստան կը թեւակոխէ ազգային տիեզերական կարողութիւններու զարգացման նոր հանգրուան մը։ Անոր ելոյթին գլխաւոր…

  • Թերահաս դատաիրաւական համակարգ 

    Կաթո­ղիկո­սի եւ վեց բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու քրէական հե­տապնդու­մը ար­դէն քա­նի մը ամի­սէ ի վեր տե­ղեկա­տուա­կան դաշ­տի առաջ­նա­կարգ ու զգա­յացունց լու­րե­րու շար­քին ան­ցած է։ Փինկ-փոն­կի գնդա­կի նման՝ դա­տաւոր­նե­րը դա­տը իրա­րու կը փո­խան­ցեն՝ զա­նազան պատ­րուակ­ներ առաջ բե­րելով։ Վեր­ջինս տա­րած­քա­յին ընդդա­տու­թեան հար­ցը բարձրա­ցուց՝ ճշդե­լու հա­մար, թէ Երե­ւանի՞, թէ՞ Ար­մա­ւիրի դա­տարա­նը իրա­ւասու է քննե­լու հայ­ցը։ Յի­շեց­նենք, որ սկիզ­բը Ար­մա­ւիրի ընդհա­նուր…

  • «Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը սկիզբ առաւ Գաւառէն

    Սեպտեմբեր 10-ին, Գեղարքունիքի մարզային կեդրոն Գաւառի կեդրոնական հրապարակէն սկիզբ առաւ «UCI Europe Tour»-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Գեղարքունիքի մարզպետն ու տեղական իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ։ Նախքան բուն մրցումը, ներկայացուեցան 16 երկիրներէ ժամանած խումբերու 96 հեծանուորդները (ներառեալ՝ Հայաստանի հաւաքականը),…

  • Եւրոպական խորհրդարանը Սեպտեմբեր 15-ին քուէարկութեան պիտի դնէ Հայաստանին մաքսային արտօնութիւններ տրամադրելու հարցը

    Սեպտեմբեր 14-էն 17 Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ է Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի մը համար մաքսատուրքերը առժամաբար ջնջելու առաջարկը. բուն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին։ Նախագիծը, որուն նախապէս հաւանութիւն տուած էր ԵՄ-ի խորհուրդը, կը նախատեսէ երկու տարուան համար վերցնել հայկական շարք մը ապրանքներու մաքսատուրքերը։ Միաժամանակ, առանց…

  • «Wizz Air»-ը Երեւանէն թռիչքներ պիտի սկսի երեք նոր ուղղութիւններով

    Հունգարական՝ մատչելի գիներով թռիչքներ ապահովող «Wizz Air» օդանաւային ընկերութիւնը կ՚ընդլայնէ Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը՝ Երեւանի մէջ խարսխուած իր օդանաւերուն թիւը հասցնելով չորսի եւ բանալով երեք նոր ուղղութիւն։ Ընկերութեան գլխաւոր առեւտրային տնօրէն Եան Մալին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ նոր թռիչքները պիտի կատարուին դէպի Պազել (Զուիցերիա), Վալենսիա (Սպանիա) եւ Վառնա (Պուլկարիա)։ Մասնաւորապէս՝ Դեկտեմբեր 18-էն սկսեալ…

  • ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու եւ անկէ հրաժարելու տուրքերը պիտի բարձրանան

    Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու կամ անկէ հրաժարելու կարգն ու պայմանները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Ներքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է նոր նախագիծ մը, որ կ՚առաջարկէ վերանայիլ թէ՛ ընթացակարգերը եւ թէ՛ պետական տուրքերու սակերը։ Նախագիծին համաձայն՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումի պետական տուրքը ներկայիս գանձուող 50 հազար դրամէն պիտի բարձրանայ 250 հազար դրամի։ Շատ աւելի կտրուկ յաւելում կը նախատեսուի…

  • Էլիզէի պալատին մէջ կայացաւ Մաքրոն-Փաշինեան հանդիպումը

    Օրակարգի վրայ էին տնտեսութեան բազմազանացումն ու Բարգուշատի փապուղիի կառուցումը Սեպտեմբեր 9-ին, Էլիզէի պալատին մէջ, նախագահ Մաքրոն ընդունեց վարչապետ Փաշինեանը, որ աշխատանքային երկօրեայ այցով ժամանած էր Փարիզ՝ մասնակցելու համար Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնած Տիեզերական միջազգային առաջին վեհաժողովին։ Հանդիպումին առանցքային նիւթերէն էր Հայաստանի տնտեսութեան եւ արտածման շուկաներու բազմազանացումը՝ յատկապէս հայկական ապրանքներու նկատմամբ կիրարկուող ռուսական սահմանափակումներուն լոյսին տակ։ Կողմերը…

  • Ահազանգ. Հայաստանի աշակերտները կրթական ցուցանիշերով վերջինն են տարածաշրջանին մէջ

    Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OCDE) հրապարակած վերջին զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի 15 տարեկան աշակերտները մաթեմատիկայի, բնագիտութեան եւ ընթերցանութեան մէջ լուրջ խնդիրներ ունին։ Միջազգային հեղինակաւոր PISA (Սորվողներու միջազգային գնահատման ծրագիր) քննութեան առաջին անգամ մասնակցած Հայաստանի աշակերտներուն միայն 1 տոկոսը լաւագոյն արդիւնք ցոյց տուած է մաթեմատիկայէն, իսկ բնագիտութենէն եւ ընթերցանութենէն գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ բարձր գնահատական ստացած…

  • Փաշինեան ժամանեց Փարիզ

    Հանդիպում պիտի ունենայ Մաքրոնի հետ  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 9-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով ժամանեց Ֆրանսա։  Փարիզի մէջ ան պիտի մասնակցի Սեպտեմբեր 9-էն 10 կայանալիք Տիեզերական միջազգային վեհաժողովին, որուն կը մասնակցին շուրջ 120 երկիրներու պատուիրակութիւններ, ներառեալ՝ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ։  Փարիզ ժամանելու համար վարչապետը օգտուած է սովորական ճամբորդատար թռիչքէ։  Այցի ծիրէն ներս Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ…

  • Ռուսաստան 11 նոր «Ռուսական տուն» պիտի հիմնէ, որոնցմէ երկուքը՝ Հայաստանի մէջ

    «Ռոսսոտրուդնիչեստվօ» գործակալութեան ղեկավար Իկոր Չայքա յայտնած է 11 նոր գործընկերային «Ռուսական տուն» բանալու համաձայնագրերու ստորագրութեան մասին։ Անոնցմէ երկուքը պիտի հիմնուին Հայաստանի մէջ՝ Արտաշատ եւ Աշտարակ քաղաքներուն մէջ (յիշեցնենք, որ Երեւանի մասնաճիւղը կը գործէ 2009-էն ի վեր)։ Մնացեալ ինը կեդրոնները պիտի բացուին ափրիկեան եւ ասիական շարք մը երկիրներու մէջ (Թայլանտ, Քենիա, Սենեկալ եւ այլն), ինչ որ…

  • 14 տարի ազատազրկում՝ ռուս զինուորներու գերեզմանները լուսանկարելուն եւ Ուքրաինայի փոխանցելուն համար

    Ռուսաստանի Եարոսլավլի մարզային դատարանը պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով 14 տարի խիստ դրութեամբ ազատազրկման դատապարտած է 48-ամեայ Նիքոլայ Շչերպաքովը։ «Մետիազոնա»-ի համաձայն՝ քրէական գործին համար հիմք ծառայած է Ուքրաինայի դէմ պատերազմին զոհուած ռուս զինուորներու գերեզմաններու «համակարգուած» լուսանկարումը։ Դատարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ամբաստանեալը հաւաքուած լուսանկարները հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ճամբով ուղարկած է Ուքրաինայի անվտանգութեան ծառայութիւններուն։ Կը հաղորդուի, թէ այս մէկը՝ զինուորներու…

  • Քննչական կոմիտէն վերստին յստակացուցած է 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը

    Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հրապարակած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն նոր տուեալները. ըստ այդմ՝ զոհուած է ընդհանուր առմամբ 3833 անձեր (3755 զինուորական եւ 78 քաղաքացիական), եւ 191 հոգի ալ կը համարուի անյայտ կորսուած։ Կոմիտէի այս պարզաբանումը կը յաջորդէ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ Չեխիոյ մէջ կատարած այն յայտարարութեան, ուր ան նշած էր 4800 զոհի մասին։ Պատերազմէն վեց…

  • Հայաստան կը դիմէ ԵՏՅ-ին՝ հայկական ապրանքներու դէմ կիրարկուող սահմանափակումները վերցնելու պահանջով

    Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին (ԵՏՅ)՝ պահանջելով որպէս խոչընդոտ ճանչնալ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքին հայկական ապրանքներու ներածման դէմ ստեղծուած արգելքները։ Հայկական կողմը ներկայացուցած է անհրաժեշտ հիմնաւորումներ՝ կապուած լրացուցիչ վերահսկողութեան եւ փաստաթուղթերու անտեղի պահանջներուն հետ։ Բարձրացուած հարցերու եզրակացութիւնները արդէն պատրաստ են եւ կը գտնուին քննարկման փուլի մէջ, որմէ ետք պիտի դրուին քուէարկութեան։…

  • Հայկական խոհանոցն ու մշակոյթը պիտի ներկայացուին Փարիզի «Ճաշագիտութեան միջազգային աւան 2026»-ին

    Սեպտեմբեր 10-էն 13, Փարիզի նշանաւոր Գոնգորտ հրապարակին վրայ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Ճաշագիտութեան միջազգային աւան 2026» (Village International de la Gastronomie 2026) փառատօնին՝ բացայայտելով հայկական խոհանոցի եւ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը։ Առաւօտեան ժամը 10.00-էն մինչեւ ժամը 22.00 գործող հայկական տաղաւարը այցելուներուն պիտի ներկայացնէ Հայաստանի համերն ու խոհարարական աւանդութիւնները։ Խոհարար Լաւրենտ Առաքելեանը տեղւոյն վրայ պիտի պատրաստէ…

  • Երեւան. Բժշկական զբօսաշրջութիւն – Հայաստան կը ձգտի դառնալ ոլորտի համաշխարհային խաչմերուկ

    2026 Սեպտեմբեր 21-էն 23, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Բժշկական զբօսաշրջութեան համաշխարհային համաժողովը, որուն նպատակն է Հայաստանի դիրքերը ամրապնդել այս արագ զարգացող շուկային մէջ։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէին եւ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան (UN Tourism) հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովը կը կրէ «Ճամբորդել բուժման համար, մնալ ապաքինման համար. երբ հիւանդները կը դառնան հիւրեր» խորագիրը։ Եռօրեայ հաւաքը…

  • Ոգեւորիչ ուխտագնացութիւն եւ Ս. պատարագ՝ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

    Կիրակի, Սեպտեմբեր 6-ին, նախագահութեամբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ.-ի, կատարուեցաւ Ախթամարի աւանդական ուխտագնացութիւնն ու տարեկան Ս. պատարագը։ Այցելութիւն Վանի կուսակալին  Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4-ին, Պատրիարք հայրը՝ ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ «Արմաշ» դպրաց դասի անդամներուն, ժամանեց Վան։ Նախքան արարողութիւնը, ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընծայուած դիւրութիւններուն եւ ջերմ ընդունելութեան համար։ Ս.…

  • «Տակաւին շատ կանուխ է խօսելու համար առանց վիզայի դրութեան թուականներուն մասին»

    Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Փաուլա Փինիօ, Պրիւսէլի մէջ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին չէ հաստատած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մինչեւ 2029 պիտի հաստատուի առանց վիզայի (մուտքի արտօնագրի) դրութիւն։ Յիշեցնենք, որ Յուլիսին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի հետ վիզայի դրութեան ազատականացում՝ մինչեւ 2029 թուական։ “Տակաւին շատ կանուխ է կանխատեսելու…

  • Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի պահուստները հասած են պատմական առաւելագոյնի

    Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի (devises étrangères) պահուստները Օգոստոսին աւելցած են 1,5 միլիառ տոլար եւ հասած իրենց պատմական առաւելագոյնին՝ 15,3 միլիառ տոլարի։ Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Էնթերֆաքս» գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ անցեալ ամիս 1,5 միլիառ տոլարի արտարժոյթ գնած է: Այսպէս, 2026 Յունուարէն Օգոստոս ժամանակահատուածին, Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի պահուստները…

  • Կաթողիկոսին եւ միւսներուն գործը կը վերադարձուի Արմաւիրի մարզի դատարան

    Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին եւ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործը Սեպտեմբեր 7-ին ետ ղրկուած է Արմաւիրի մարզի դատարան։ Վճռաբեկ դատարանը հաստատած է, որ այս վարոյթը կ՚իյնայ Արմաւիրի առաջին ատեանի դատարանի իրաւասութեան տակ։ Վճռաբեկ դատարանի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Արմաւիրի դատարանը նախապէս գործը Երեւան փոխանցելով ցուցաբերած է միայն «ենթակայական եւ ձեւական մօտեցում»։ Անհիմն կերպով…

  • Թեհրան TRIPP-ի ծրագրին գծով անսպասելիօրէն նոր ու խիստ պայմաններ կը դնէ՝ երեւութապէս պահպանելով բարեացակամ դիմագիծ

    Թեհրան TRIPP-ի ուղիի կառուցման վերաբերեալ անսպասելիօրէն նոր ու կոշտ պայմաններ դրած է Հայաստանին՝ միեւնոյն ժամանակ երեւութապէս պահպանելով բարեացակամ դիմագիծ։ Իրանի իշխանութիւնները պահանջած են, որ TRIPP-ի անվտանգութիւնը ապահովեն կա՛մ բացառապէս հայկական զինեալ ուժերը, կա՛մ ալ արդէն իսկ Հայաստանի տարածքին գտնուող երրորդ երկրի մը զինեալ ուժերը (ակնյայտօրէն ակնարկելով ռուսական զօրքերուն)։ Այսպէսով Թեհրան կը փորձէ բացառել ամերիկեան զօրքերու…

  • Փութինն ու Փաշինեանը Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն «Հայաստանի զարգացման ուղին եւ հաւանական հանրաքուէն»

    Մոսկուայի մէջ կայանալիք բարձր մակարդակի ռուս-հայկական բանակցութիւններու հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Հայաստանի ապագայ կողմնորոշումն ու այս հարցին շուրջ հանրաքուէի կազմակերպումը։ Այս մասին Սեպտեմբեր 7-ին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։ “Երկու պետութիւններու ղեկավարները առիթ պիտի ունենան վերստին, բոլոր տեսանկիւններէն քննարկելու մեր երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական նիւթը՝ զարգացման ուղիի ընտրութիւնն ու Հայաստանի կողմնորոշումը, ինչպէս նաեւ…

  • Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը պիտի ներկայացուի «Օսքար»-ի

    Հայաստանի շարժանկարի ակադեմիան կը յայտնէ, որ 99-րդ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային երկար ժապաւէն» անուանակարգին մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը։ Այս ստեղծագործութիւնը արդէն իսկ արժանացած է միջազգային ուշադրութեան՝ բացումը կատարելով թէ՛ Լոքառնոյի միջազգային փառատօնին, թէ՛ ալ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնին։ Ժապաւէնին մասին  Սելին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գայ՝…

  • Իսրայէլի հետ 3 միլիառ եւրոյի պաշտպանական համաձայնագրէն ետք՝

    Միցոթաքիս կը զգուշացնէ Անգարան Իսրայէլի եւ Յունաստանի միջեւ կնքուած է հակաօդային պաշտպանութեան պատմական համաձայնագիր մը, որուն արժէքը կը կազմէ շուրջ 3 միլիառ եւրօ։ Օգոստոս 31-ին ստորագրուած «Աքիլլէսի վահան» (Achilles Shield) անուանումը կրող այս պայմանագիրը, ըստ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան, երկու երկիրներուն միջեւ ցարդ կնքուած մեծագոյն պաշտպանական գործարքն է եւ Իսրայէլի պատմութեան ամենամեծ համաձայնագրերէն մէկը։ Ճիշդ այս…

  • Չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու մեծագոյն կեդրոնը՝ Երեւանի մէջ 

    Հայաստան կ՚ընդլայնէ կանաչ երթեւեկութեան շուկան Չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու հսկայ ընկերութեան մը տեղական ներկայացուցիչը Երեւանը ընտրած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր մեծագոյն վաճառքի կեդրոնը հիմնելու համար։ Չինաստանի պետական «FAW Group»-ին կողմէ այս շաբաթ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ բացուած մօտ 3.000 քառակուսի մեթր տարածքով այս համալիրը կ՚ընդգրկէ գլխաւոր ցուցասրահ մը, սպասարկման կեդրոն եւ ինքնաշարժներ ներկելու յատուկ…

  • Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ երկու ամիս

    Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, Սեպտեմբեր 4-ին, դռնփակ նիստի ընթացքին որոշեց երկու ամիս երկարաձգել գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը՝ ընդառաջելով մեղադրող կողմի դիմումին։ Արձագանգելով դատարանի այս վճիռին՝ Ծառուկեան առանց քաղաքական գնահատականներ հնչեցնելու նշեց. “Դատարանը որոշեց, որ ես երկու ամիս եւս պէտք է ըլլամ անազատութեան մէջ։ Որոշեց՝ որոշեց։ Ըսել՝ այլ բան կ՚ակնկալէի, անլուրջ պիտի…

  • Կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներուն գործով դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

    Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ յարուցուած քրէական գործը վարող դատախազ Խաչատուր Գալստեան «իր դիմումին համաձայն» ազատ կացուցուած է աշխատանքէն։ Այս դատախազն էր, որ քրէական հետապնդումի ձեռնարկած էր եւ գործը մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան ղրկած։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաւաստէ, որ ազատ կացուցման որոշումը որեւէ կապ չունի այս դատական գործին հետ։ Յիշեցնենք, որ Գարեգին Բ.ն…

  • Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանը ստանձնեց իր պաշտօնը

    Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ (Florian Escudié) Սեպտեմբեր 5-ին ստանձնեց իր պաշտօնը, փոխարինելով Օլիվիէ Տըքոթինյին։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը։ Իր կարգին, Էսքիւտիէ Ֆրանսայի դեսպանատան շէնքին առջեւ առնուած լուսանկար մը հրապարակած է՝ նշելով, որ անհամբեր կը սպասէ հայութեան հետ հանդիպելուն եւ զանոնք ճանչնալուն։ Ֆլորիան Էսքիւտիէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան նշանակուած…

  • Սիրանոյշ Սահակեան. «Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու մորթէն այրելով ջնջած են խաչի դաջուածքները»

    Սեպտեմբեր 4-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան եւ «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանոյշ Սահակեան անդրադարձաւ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն նկատմամբ կիրարկուող կրօնական խտրականութեան ծանր դրսեւորումներուն։ Ան ընդգծեց, որ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայերը քրիստոնեաներ են, եւ կրօնական գործօնը մեծ դեր…

  • Երեւանի մէջ կայացաւ հայ-թրքական գործարար համաժողով

    Սեպտեմբեր 3-ին եւ 4-ին Երեւանի «Holiday Inn» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ թուրք գործարարներու երկօրեայ տնտեսական համաժողով մը, շուրջ 150 թուրք եւ 120 հայ մասնակիցներով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան (ՀԱԳՄ) կողմէ՝ Եւրոպական Միութեան տրամադրած դրամաշնորհով, որուն նպատակն է աջակցիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ու միջսահմանային կապերու ամրապնդման։ Համաժողովին գլխաւոր նպատակն էր…

  • Հար­ցազրոյց՝ Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէն Պո­րիս Աճէ­մեանի հետ

    Հիմ­նա­դիր Արամ Ան­տո­նեանի հետ­քե­րով Փարիզի Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նը ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի կա­րեւո­րագոյն մշա­կու­թա­յին գո­հար­նե­րէն մէկն է։ Պո­րիս Աճէ­մեան, մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնը՝ « La Bibliothèque et le survivant » («Մա­տենա­դարանն ու վե­րապ­րո­ղը») հա­տորը հե­ղինա­կելով, աւե­լի շեշ­տեց ու հան­րայնա­ցուց համ­բաւ մը որ Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նը ու­նէր ակա­դեմա­կան հա­մայնքին մէջ։ Սփիւռքի ինքնու­թեան շուրջ բազ­մա­թիւ հար­ցադրումներ կ՚ըլ­լան. փաս­տօ­րէն, Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նի հիմ­նա­դիր Արամ Ան­տո­նեան…

  • «Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ արուեստը» հայ-ամերիկեան առաջին գիտաժողովը

    «Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ արուեստը» հայ-ամերիկեան առաջին գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2026 Սեպտեմբեր 10, առաւօտեան ժամը 11-ին, Երեւանի Արուեստի հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ (Մարշալ Բաղրամեան պողոտայ 24/IV, 6-րդ յարկ, 0019 Երեւան)։ Այս հաւաքը մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ ի պատիւ Ուիլիըմ Սարոյեանի վաստակին կազմակերպուած «Սարոյեանական օրեր»-ու ծիրին։ Արուեստագէտներ ու հետազօտողներ պիտի ներկայացնեն Սարոյեանի ստեղծագործական ուղիին, գրական…

  • ՌԵՆՍԻ – Դպրոցասէր վարժարանէն ներս 2026-2027 տարեշրջանի վերամուտը 

    Փոխանցման եւ յանձնառութեան ոգիով Դպրոցա­սէր վար­ժա­րանը Սեպտեմբեր 1-ին դի­մաւո­րեց իր աշա­կերտ­նե­րը, անոնց ըն­տա­նիք­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներն ու ողջ պաշ­տօ­նակազ­մը՝ 2026-2027 ու­սումնա­կան տա­րեշրջա­նի վե­րամու­տին առի­թով։ Այս նոր տա­րեշրջա­նին ըն­դա­ռաջ՝ կրթա­կան հա­մայնքը մէկտե­ղուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ, որ յատ­կանշուեցաւ զիրար վերագտնելու ու­րա­խութեամբ եւ ծրա­գրե­րով հա­րուստ նոր տա­րի մը սկսե­լու խան­դա­վառու­թեամբ։ Այս առի­թով, վար­ժա­րանի տնօ­րէն տիար Հայկ Սար­գի­սեան իր բա­րեմաղ­թանքնե­րը…

  • Ի՞նչ ապագայ վերապահուած է Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանին

    Պիշքէքի մէջ կայացած երկկողմ հանդիպումէն եւ Վլատիմիր Փութինի այն յայտարարութենէն ետք, թէ Մոսկուան կրնայ վերջ տալ Հայաստանի մէջ իր ռազմական ներկայութեան «վաղն իսկ», Նիկոլ Փաշինեան դիւանագիտական նոր քայլի մը դիմեց։ Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանը այլեւս «կենսական անհրաժեշտութիւն» չի ներկայացներ երկրին համար, եւ Երեւան պիտի չընդդիմանայ անոր փակման։ Անվտանգութեան այն ուղեգիծը, որ…

  • Երրորդ դատաւորն ալ կը հրաժարի քննելէ Կաթողիկոսին գործը

    Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործով՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան դիմած է Վճռաբեկ դատարան՝ իրաւասութեան հարցի լուծման նպատակով։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած են դատարանի աղբիւրները։ Այսպէսով, արդէն երրորդ դատաւորն է, որ կը հրաժարի քննելէ Վեհափառ հայրապետին վերաբերող գործը։  Յիշեցնենք, որ այս գործը ստանձնած…

  • «Հագնելի արուեստ»-ը Փարիզի մէջ 

    Հայկական HASIS ապրանքանիշը կը մասնակցի «Who’s Next» միջազգային ցուցահանդէսին Հայկական մշակոյթն ու արուեստը նորաձեւութեան ընդմէջէն աշխարհին ներկայացնող HASIS ապրանքանիշը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Փարիզի մէջ կայանալիք հեղինակաւոր «Who’s Next» միջազգային ցուցահանդէսին։ Նորաձեւութեան այս կարեւոր իրադարձութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 5-էն 7-ը, «Paris Expo Porte de Versailles»-ի մէջ (Hall 1)։ Հայկական շարք մը այլ ապրանքանիշերու կողքին՝…

  • Ծագումով հայ աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան յաջողութեամբ յանձնած է նախաթռիչքային քննութիւնը

    Ծագումով հայ աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան յաջողութեամբ աւարտած է Միջազգային տիեզերակայանի ռուսական հատուածին վերաբերող իր նախաթռիչքային վերջնական քննութիւնը՝ բարձր գնահատական ստանալով քննական յանձնախումբին կողմէ։ 33-ամեայ Քիվիրեան աստղանաւորդներու պատրաստութեան «Եուրի Կակարին» կեդրոնի փորձարկող-տիեզերագնաց է, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսաստանի աստղանաւորդներու ջոկատին միացած առաջին հայազգի ներկայացուցիչը։ Ան նաեւ մաս կը կազմէ «Crew-13» առաքելութեան պահեստային անձնակազմին, որ դէպի…

  • ԵՄ-ի խորհուրդը հաւանութիւն տուած է հայկական ապրանքներու արտածման 80 տոկոսի ազատականացման

    Եւրոպական Միութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է հայկական ապրանքներու արտածման մօտաւորապէս 80 տոկոսը ազատականացնելու առժամեայ միջոցառումներուն՝ ի զօրակցութիւն Հայաստանի տնտեսութեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն։ Արտօնութեան համաձայնագիրը պիտի գործէ որոշ պայմաններով՝ ԵՄ-ի շուկան պաշտպանելու նպատակով, կախեալ անկէ, թէ արդեօք ներածումը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ եւրոպացի արտադրողներուն վրայ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Խորհուրդը առանց…

  • Ողբերգական արկած՝ Քուչակ-Ապարան ճամբուն վրայ

    5 մեռեալ եւ 7 վիրաւոր Սեպտեմբեր 2-ին, ողբերգական արկած մը պատահած է Քուչակ-Ապարան ճամբուն վրայ, ուր իրարու բախած են հանրակառք մը եւ ինքնաշարժ մը, պատճառ դառնալով հինգ հոգիի մահուան եւ եօթը ուրիշներու վիրաւորուելուն։ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) փրկարար ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Սեպտեմբեր 2, ժամը 17:17-ին, 112 ահազանգման կեդրոն հաղորդում ստացուած է նշեալ ճամբուն…

  • Պաքուի ճնշումներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ ցուցահանդէսի բացումէն

    Պաքուի ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացումէն, որ այսուհանդերձ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2-ի առաւօտեան, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ 19 հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը՝ վրդովումի մթնոլորտի մէջ։ Ֆրանսական կառավարութեան հրահանգով, Փարիզի քաղաքապետարանը վերջին պահուն ջնջեց իր պաշտօնական մասնակցութիւնը՝ հարկադրաբար տեղի տալով Ազերպայճանի կողմէ բանեցուած բացառիկ բռնութեամբ դիւանագիտական…

  • «Meta». Քրեմլինի առնչակից ցանցը գաղտնի արշաւ մղած է՝ Սամուէլ Կարապետեանին եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ին աջակցելու նպատակով

    Meta ընկերութիւնը հրապարակած է ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն վրայ (Facebook, Instagram) համակարգուած վնասակար գործողութիւններու սպառնալիքներուն վերաբերեալ 2026-ի երկրորդ կիսամեայի իր զեկոյցը, ուր անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ռուսաստանի պետական կառոյցներուն առնչակից «ANO Dialog» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը մեծ դեր ստանձնած է արտասահմանեան, ներառեալ՝ հայալեզու լսարանները թիրախաւորող գաղտնի ազդեցութեան գործողութիւններուն մէջ։…

  • Գագիկ Խաչատրեանի աղմկայարոյց ձերբակալումը

    Պատգարակով հարցաքննութիւն, հիւանդութեան վաւերականութեան վէճ եւ երկամսեայ բանտարկութիւն Հայաստանի Ելեւմուտի նախկին նախարար եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի շուրջ ծաւալած դատաիրաւական գործընթացը թեւակոխած է աննախադէպ փուլ մը։ Անոր՝ անկողնային պայմաններու մէջ ձերբակալութիւնն ու պատգարակով դատարան տեղափոխումը հանրային ու քաղաքական լայն հնչեղութիւն ստացած են՝ վերածուելով իրաւապահ մարմիններու գործելաոճի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ բուռն…

  • Պատմական, բայց եւ արդիական փաստաթուղթ

    Ներածա­կան նկա­տառումներ Ստորեւ տրուած գրու­թիւնը Հ.Յ. Դաշ­նակցու­թեան պաշ­տօ­նական օր­կան «Յա­ռաջ»-ի 1920 Նո­յեմ­բեր 20-ի (էջ 2) խմբագ­րա­կանն է: Օր­կա­նը կը հրա­տարա­կուէր Երե­ւանի մէջ: Խմբագ­րա­կանը գրուած է պոլ­շե­ւիկեան Ռու­սաստա­նի եւ քե­մալա­կան Թուրքիոյ մի­ջեւ ին­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ պա­տերազ­մի եւ քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամի են­թա­խոր­քին վրայ: Այս խմբագ­րա­կանի հե­ղինա­կը՝ Սի­մոն Վրա­ցեան, շու­տով պի­տի դառ­նար Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պետու­թեան վեր­ջին վար­չա­պետը եւ…

  • ԵՐԵՒԱՆ – Հարցազրոյց՝ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ

    Հարցազրոյց՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ 13 տա­րիէ ի վեր Ռազմիկ Փա­նոսեան կը տնօ­րինէ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկութեան Հայ­կա­կան բա­ժան­մունքը։ Շու­տով եր­րորդ հնգա­մեայ ծրա­գիրին սկիզբը պի­տի տրուի։ Բա­ւական ընդգրկուն ծրագ­րեր են։ Փա­նոսեանի նշա­նակու­մով Հիմ­նարկը ան­կիւնա­դարձ մը կա­տարեց, ուր արեւմտա­հայե­րէնը յա­տուկ շեշտ ստացաւ։ «Նոր Յա­ռաջ» – Երե­ւան կը գտնուիք մասնակցելու յատ­կա­պէս Մաշ­տո­ցեան Մա­տենա­դարա­նի կազ­մա­կեր­պած «3-րդ…

  • Երկու հակոտնեայ դիտանկիւններ՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ստեղծման համար

    Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու գոր­ծընթա­ցին կա­պակ­ցութեամբ Ռու­սաստա­նի դրսե­ւորած ան­հանդուրժո­ղու­թիւնը վե­րածուած է գռեհ­կութեան՝ բո­լորո­վին ան­տե­սելով դի­ւանա­գիտա­կան բա­րեվար­քութեան սահ­մաննե­րը։ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման ձա­խողու­թե­նէն ու անոր բնակ­չու­թեան հայ­րե­նազրկու­մէն ի վեր՝ որուն մէջ Ռու­սաստա­նի պա­տաս­խա­նատւու­թիւնը չա­փազանց մեծ է, յատ­կա­պէս երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ Մոս­կուան ինքզինք կը հռչա­կէր Հա­յաս­տա­նի միակ պաշտպա­նը թրքա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ, ինչպէս նաեւ նկա­տի առ­նե­լով ՀՀ…

  • Փութին-Փաշինեան հանդիպումը Պիշքէքի մէջ

    ԵՄ-ին անդամակցութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութենէն ետք՝ առաջին անգամ ըլլալով Պիշքէքի մէջ կայացաւ անոր հանդիպումը Վլատիմիր Փութինի հետ՝ հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին վրայ։  Ռուսաստանի նախագահը հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ դէպի Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) ձգտիլը Հայաստանի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս քայլը անհամատեղելի է ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն հետ։ Ըստ անոր՝ ԵՄ-ի անդամակցութեան…